Բարի գալուստ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի երկրորդ առցանց խմբագրաթոնի էջ։
Ոգեւորուելով առաջին խմբագրաթոնին յաջողութենէն, ուրախութեամբ կը սկսինք երկրորդը, որուն հրաւիրուած են մասնակցելու Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բոլոր խմբագիրները։
Այս անգամ խմբագրաթոնը պիտի տեւէ երեք օր՝ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13 եւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 14։
Խմբագրաթոնին նպատակն է այս օրերուն ընթացքին միասնաբար խմբագրել ու բարելաւել արեւմտահայերէն նշուած նիւթերը։
Այս խմբագրաթոնին համար ընտրուած են հետեւեալ երկու թեմաները.
Շարլ Ազնաւուրը եւ իր վաստակը
Հայ եւ համաշխարհային թատերական արուեստը
Վարը կրնաք տեսնել տրամադրուած նիւթերուն ցանկը։
Մեծ շնորհակալութիւն բոլոր մասնակիցներուն։ Ձեր ներդրումին շնորհիւ է, որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ու արեւմտահայերէնով առցանց նիւթերու պաշարը անընդհատ զարգացման մէջ են։
Անհրաժեշտ է, որ մասնակիցները ստորագրեն իրենց ընտրած յօդուածին կողքը՝ նախքան խմբագրման անցնիլը։
Ստորագրել միայն այն յօդուածները, որոնց վրայ անպայման պիտի աշխատիք։ Նախընտրելի է խմբագրել կամ բարելաւել միայն մէկ յօդուած, սակայն զայն լաւապէս խորացնելով, քան՝ միաժամանակ աշխատիլ քանի մը յօդուածներու վրայ առանց լուրջ բովանդակային ներդրում ունենալու։
Բարելաւման համար ներկայացուած յօդուածներուն պարագային նկատի ունենալ, որ անոնք կարիք ունին թէ բովանդակային (գրառում եւ պատկեր) եւ թէ լեզուական ներդրումներու։
Յօդուածներու խմբագրման ընթացքին անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել լեզուի մաքրութեան եւ շարադասութեան ճշգրտութեան։
Խմբագրուած յօդուածը հրապարակելէ առաջ անպայման ուշադիր կարդալ եղած ներդրումը եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, կատարել ուղղումներ։
Տրամադրուած նիւթերու ցանկէն զատ, մասնակիցները ազատ են խմբագրելու եւ բարելաւելու իրենց նախընտրութեամբ այլ նիւթեր՝ կրկին այս երկու թեմաներուն ծիրին մէջ։
Ողջունելի է յօդուածները հարստացնել՝ նշելով նշուած աղբիւրներէն զատ այլ աղբիւրներ եւ ծանօթագրութիւններ։
Հեղինակային իրաւունքը պահպանելու համար աղբիւրներուն բովանդակութիւնը նոյնութեամբ չկրկնօրինակել։
Այն յօդուածները, որոնց բովանդակութիւնը կազմուած է բառացի թարգմանութեամբ եւ կամ ընդօրինակութեամբ, ենթակայ են ջնջման։
Ուշադրութիւն
Մասնակիցի ստորագրութիւնը զետեղուած է իւրաքանչիւր նիւթի կողքը։