Կաղապար:Արեւելահայերէն Կաղապար:Տեղեկաքարտ Գիտնական (արեւմտահայերէն) Անանիա Շիրակացի (ծննթեան եւ մահուան թուականը անյայտ), 7-րդ դարու հայ գիտնական։ Առաջին գիտնականը, որ ճշգրիտ գիտութիւններու հիմք դրաւ ուսումնասիրելով Հայաստանի մէջ[1]։

Կենսագրական Գիծեր խմբագրել

Անանիա Շիրակացի, որ յայտնի է համարող (մաթեմաթիկոս) մականունով, հայ մատենագրութեան ականաւոր դէմքերէն մէկն է. բնական գիտութիւններու հիմնադիրը հայ իրականութեան մէջ: Շիրակացիէն մեզի հասած է իր ինքնակենսագրականը, ըստ որուն ան ծնած է պատմական Շիրակ գաւառի Անի աւանը, 7-րդ դարու սկիզբը: Շիրակացին, Դպրեվանքի դպրոցին մէջ կը ստանայ նախնական կրթութիւնը, սորվելով հայերէն եւ յունարէն լեզուները, քերականութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն: Բայց ան համոզուած էր, որ ամէն ինչի հիմքը թիւերն են, իսկ համարողական արուեստը կը համարէր բոլոր գիտութիւններու հիմքը: Այդ օրերուն աշխարհի մէջ հմուտ մասնագէտներն ու ուսուցիչները շատ քիչ էին, գիտելիքները խորացնելու միակ միջոցը ճամբորդելն էր:[2] Այդպէս ան արտասահմանի մէջ կ'ապրի 11 տարի, որուն ութն՝ յոյն նշանաւոր գիտնական Տիւքիկոս Բիւզանդացիի դպրոցին մէջ: Ուսուցիչին հարուստ գրադարանը Շիրակացիին համար կը դառնայ երկրորդ ուսումնարան: Ան, բացի մաթեմաթիկէն, կ'ուսումնասիրէ նաեւ պատմութիւն, բժշկութիւն, աշխարհագրութիւն եւ այլ գիտութիւններ: Ուսումը աւարտելէ ետք Շիրակացի կը վերադառնայ իր ծննդավայրը ու դպրոց կը բանայ. հոն կը հաւաքուին աշակերտներ Հայաստանի զանազան շրջաններէն: Դժբախտաբար սակայն ան յուսախաբ կ'ըլլայ իր աշակերտներէն, որոնք իր համբերատար եւ յարատեւող ոգին ցոյց չեն տար: Աւելին, ան իր դէմ կը գտնէ բացարձակ անտարբերութիւն, կը հալածուի իբրեւ հերետիկոս (եկեղեցիին ընդունած դաւանութեան հակառակ դաւանութիւն ընդունող մարդ, հերձուածող, աղանդաւոր) եւ իր գործերը կը նկատուին կախարդանք: Շիրակացի կը դառնանայ նաեւ հայ ժողովուրդին հանդէպ, որ չի սիրեր իմաստութիւնն ու գիտութիւնը եւ չի գնահատեր իր աշխատանքը:[3] Ազդվելով ժամանակի առաջաւոր սոցիալ–քաղաքական ու մշակութային շարժումներէն եւ անմիջականորէն ուսումնասիրելով բնութիւնը՝ ան կրցած է տեսնել միջնադարեան բնագիտական տեսութիւններու կրօնական ուղղուածութիւնը եւ փորձած է անոնք փոխարինել գիտական տեսակէտնու։ Անանիա Շիրակացիի գիտա–մանկավարժական գործունէութեան եւ աշխարհայացքի վերլուծութիւնը կը վկայէ ինչպէս անոր հայացքներու բացառիկ խորութեան ու ինքնուրոյնութեան, այնպէս ալ միջնադարեան հայ առաջավոր բնագիտական, փիլիսոփայական ու մանկավարժական մտքի զարգացման գործին մէջ մատուցած է մեծ ծառայութիւններու մասին։

Գործերը խմբագրել

Անանիա Շիրակացի ըլլալով հանճարեղ անձ մը գրած է բազմատեսակ գործեր՝

 
Անանիա Շիրակացիի Պատուի համար մետաղադրամ

Թուաբանական խմբագրել

Անոր ամէնէն իւրայատուկ եւ արժէքաւոր գործերէն է թուաբանութեան դասագիրքը, որ հարիւրամեակներ շարունակ եղած է հայ երեխային եւ պատանիին մաթեմաթիկի դասագիրքը: Դասագիրքը, որ կը կոչուի Անանիա Խոստումն Աշակերտացն, կը բաղկանայ երկու մասէ: Առաջին մասը կ'նդգրկէ թուաբանական աղիւսակներ, երկրորդը՝ թուաբանական խնդրագիրք: Խնդրագիրքին մէջ ամփոփուած խնդիրները հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը փոխանցեն Ե-Զ դարերուն պատմութեան, աշխարհագրութեան, տարբեր արհեստներու, առեւտրական յարաբերութիւններու, որսորդական եւ զինուորական կեանքին մասին: Գիրքին վեջաւորութեան կան վեց այլ խնդիրներ, որոնք կը կոչուին խրախճանական, որովհետեւ ընդհանրապէս կը գործածուէին խրախճանքներու ժամանակ՝ հարց-պատասխանի ձեւով:

Հայկական Տոմարի Պատմութիւն խմբագրել

Հայերը Ք.Ա. ալ ունեցած են տոմար (օրացոյց): Սկիզբը, հաւանաբար օգտագործած են լուսնայինը, ապա կատարելագործելով անցած են արեգակնային տոմարի եւ կ'ենթադրուի, որ այդ մէկը եղած է շարժական (12*30+5), այդ պատճառով ալ ոչ միայն ամիսներու, այլ տարուան եղանակի որոշ համապատասխանութիւններ խախտած են: Հայկական տոմարը իր դիրքը կը վերականգնէ 1460 Յուլեան տարին անցնելէ ետք: Հոս յիշենք, որ ժամանակէն տոմարի հիմքը կը կազմէ Յուլիոս Կեսարի թելադրութեամբ հիմնուած օրացոյցը (Ք.Ա. 46 թուականին՝ եգիպտացի տոմարագէտ Սոզեգինեսի կողմէ), ըստ որուն տարին կը բաժնուէր 12 ամիսներու եւ ունէր 365 օր, իսկ 4 տարին անգամ մը կ'ըլլար 366 օր՝ Նահանջ տարի: Սակայն խորքին մէջ տարին կը պարունակէ 365 եւ քառորդ օրէն 11 վարկեան պակաս, որ կուտակելով եղած էր 10 օր 16-րդ դարուն ու այս մէկը մեծ իրարանցում ստեղծած էր: Այս մէկը պատճառ դարձած էր Զատկուան տօնին խախտումին, ինչ որ անցանկալի էր եկեղեցիին համար: 1582 թուականին Գրիգորիոս 13-րդ պապին հրամանով կը սկսի գործել Արեւմտեան կամ քրիստոնէական օրացոյցը (մեզի համար ծանօթ է Նորտոմար անունով), որուն համաձայն Նահանջ տարիներուն թիւը կը կրճատուի (400 տարուան մէջ 97 նահանջ տարի, փոխանակ՝ 100-ի) եւ տարուան տեւողութիւնը կ'աւելնայ 0.2 վարկեանով ու այդ մէկը կ'ըլլայ այնքան ճշգրիտ, որ հազարամեակներու ընթացքին փոփոխութեան կարիք չի զգացուիր: Այդ Գրիգորեան տոմարը կ'ընդունուի գրեթէ ամբողջ Արեւմտեան Եւրոպայի կողմէ: Համայնավարներու յեղափոխութենէ ետք, 1918-ին Ռուսաստան եւս ընդունեց Նոր տոմարը, բայց մինչ այդ օրերու տարբերութիւնը եղած էր 13 օր: Այս իսկ պատճառով հին ու նոր տոմարներուն միջեւ գոյութիւն ունի 13 օրուան տարբերութիւն, որուն պատճառով ալ Հայաստան 13 օրուան տարբերութեամբ կը նշէ նաեւ Հին ու Նոր տարին: Իսկ հին հայկական տոմարի սկիզբը կը կապուի Հայկ նահապետի Բէլի դէմ տարած յաղթանակին հետ՝ Ք.Ա. 2492 թուականին: Նիկիոյ Ա. տիեզերական ժողովէն ետք (325) Յուլեան տոմարը ընդունած են քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդները, սակայն մենք շարունակած ենք առաջնորդուիլ հայոց շարժման տոմարով, իսկ եկեղեցական տօները դասաւորուած են Անդրէաս Բիւզանդացիի կազմած 200-ամեայ (325-551) աղիւսակով, իսկ անոր աւարտէն ետք գործածուած է Էաս Աղեքսանդրացիի 532-ամեայ զատկացուցակը, որ հայոց տոմարի սկիզբն է: Այդպէս 7-րդ դարուն Անդրաս Ա. Ակոռեցի կաթողիկոսի թելադրանքով Անանիա Շիրակացի կազմած է անշարժ տոմարի նախագիծը: Ըստ հին հայկական օրացոյցին՝ տարին կը սկսէր Նաւասարդ ամսուան 1-ին, որ կը համապատասխանէ Օգոստոս 11-ին: Առաջին հայկական օրացոյցը կոչուած է «Պարզատումար», որ տպագրուած է Վենետիկ 1513-ին՝ Յակոբ Մեղապարտի տպարանը: Շիրակացիէն մեզի հասած երկերէն մեծ արժէք կը ներկայացնեն Տոմարագիտական անոր գործերը: Շիրակացի կատարած է Հայկական Տոմարի ամէնէն մեծ բարեփոխութիւնները՝ հայկական շարժման տոմարէն անցնումն է անշարժ տոմարին եւ անոր զուգադրութիւնը Հռոմէական անշարժ տոմարին հետ: Շիրակացիի տոմարագիտական գործերէն ամէնէն կարեւորը Քրոնիկոնն է: Այս տօնացոյցը կը սկսի 552 թուականին եւ կը վերջանայ 1083-ին: Շիրակացիի Քրոնիկոնին առաջին տարին՝ 551 թուականը հիմք կը ծառայէ Հայկական կոչուող թուականին սկզբնաւորութեան: Շիրակացիի տոմարագիտական աշխատանքներուն մէջ կը մտնէ նաեւ Պատճէն Տոմարի գործը, որ կարեւոր է ոչ միայն հայկական տոմարի պատմութեան համար, այլեւ կարգ մը այլ ժողովուրդներու պատմութեան համար եւս: Հոն կան նաեւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ հայկական հեթանոսական շրջանի տոմարներուն մասին: Տոմարին մէջ հայկական ամիսները զուգորդուած են հռոմէական ամիսներուն: Այսպէս, հայկական առաջին ամիսը կը համապատասխանէ հռոմեական Մարտ ամսուն, եւ ասկէ ի յայտ կու գայ, թէ հեթանոսական շրջանին հայկական Ամանորը եղած է Մարտ 21-ին: Շիրակացիէն կ'իմանանք հեթանոսական շրջանին գործածուած հայկական ամսանուններուն մասին՝ (Հայկի զաւակներուն անունով) Նաւասարդ, Հոռի, Տրէ, Քաղոց, Արաց, Մեհեկան, Արեգ, Ահեկան, Մարերի, Մարգաց, Հրոսից եւ Աւելեաց: Շիրակացիէն կ'իմանանք, որ հեթանոսական շրջանին անուն ունեցած են ո՛չ միայն ամիսները, այլ նաեւ՝ ամսուան 30 օրերն ու օրուան ժամերը: Շիրակացիի կազմած աղիւսակներուն մէջ ուշադրութեան արժանի են մասնաւորապէս ստուերաչափերը, որոնց մէջ Շիրակացի նշած է, թէ Հայաստանի մէջ տարուան ո՞ր ամսուն, ո՞ր օրուան, ո՞ր ժամուն շուքը ի՛նչ երկարութիւն կ'ունենայ: Շիրակացիի կազմած աղիւսակներուն մէջ կը մտնեն նաեւ լուսնի պարբերաշրջաններուն վերաբերող աղիւսակները: Ասոնց միջոցով կարելի կ'ըլլայ որոշել, թէ ո՞ր թուականին, ամսուան ո՞ր օրուան, ո՞ր ժամուն եւ ո՞ր վարկեանին տեղի կ'ունենայ լուսնի ծնունդն ու լրումը: Շիրակացիի տոմարագիտական եւ աստղագիտական գործերը մեծ արժէք կը ներկայացնեն եւ սկզբնաղբիւրներն են աստղագիտութեան եւ տոմարագիտութեան համար:

Տիեզերագիտական խմբագրել

Շիրակացի անդրադարձած է նաեւ տիեզերագիտութեան: Ան կը խօսի բարի (ճիշդ ըսողները) եւ չար (հեթանոս) գիտնականներու մասին: Կ'ընդունի, որ երկիրը եւ անոր վրայ գտնուող ամէն ինչ կը բաղկանան չորս տարրերէ.- հող, ջուր, օդ եւ կրակ: Ան բնութիւնը կը պատկերացնէ փոփոխութեան մէջ՝ քայքայման եւ ինելութեան մէջ, որոնք ինքնաբերաբար զիրար կը յաջորդեն: Բոլոր գոյակցութիւնները ենթակայ են փոփոխութեան: Ժամանակի ընթացքին այդ գոյակցութիւնները կը քայքայուին եւ անոնց փոխարէն կը կազմուին նորերը: Ըստ Շիրակացիի, այս փոփոխութիւններու ընթացքին տարրերը չեն ոչնչանար, այլ ձեւէ մը կը փոխուին այլ ձեւի: Շիրակացի խօսած է նաեւ Աշխարհի ստեղծման ու անոր ձեւին մասին եւ գրած է այսպէս.- «Երկիրը հաւկիթի նման է: Ինչպէս հաւկիթը կլոր դեղնուցը մէջտեղն է, սպիտակոցը՝ անոր շուրջը, իսկ կեղեւը կը շրջապատէ չորս կողմէն, այնպէս ալ երկիրը մէջտեղն է, օդը անոր շուրջը եւ երկինքը կը շրջապատէ չորս կողմէն:» Շիրակացին առանց վարանելու անվերապահօրէն իր կարծիքը յայտնած է Երկիրի գնդաձեւութեան մասին: Այսպիսով ան կը հակադրուէր Աստուածաշունչին եւ իր ժամանակի տարածուած կարգ մը այլ կարծիքներուն, ըստ որոնց՝ Երկիրը տափակ տարածութիւն մըն էր: Շիրակացի երբ կ'նդունէր Երկրի գնդաձեւութիւնը, անհրաժեշտաբար պէտք էր պատասխանէր, թէ ի՛նչպէս մեծ երկրագունդը վար չէր իյնար ու կու տար շատ ինքնատիպ պատասխան մը, ըսելով.- «Կան հակադիր ուժեր, որոնք հաւասարակշռութիւն կը ստեղծեն. մէկը երկրագունդի ծանրութիւնն է, երկրորդը՝ անոր վրայ, տակէն փչող քամիներն են: Այսպիսով կը ստեղծուի հետեւեալ կացութիւնը. Երկիրը իր ծանրութեամբ հակում ունի վար իջնելու, իսկ տակէն փչող հզօր քամիները իրենց ուժգնութեամբ կը փորձեն զայն վեր պահել: Ասոր իբրեւ հետեւանք, կը ստեղծուի հաւասարակշռութիւն մը»: Շիրակացիի տեսակէտը ճիշդ չէ, սակայն Նիւթոնէն առած հարցին մասին ստեղծուած տեսակէտներէն ամէնէն տրամաբանականն է: Անանիա իր «Տիեզերագիտութիւնը» գործին մէջ բաժինով կ'անդրադառնայ «Ծիր Կաթին»ի ու կ'ըսէ, թէ ան մանր ու աղօտ լոյս ունեցող խիտ աստղերու կուտակում է:

 
«Ծիր Կաթին»ը նկարուած տիեզերգէն

Շիրակացի այս գործին մէջ կ'անդրադառնայ նաեւ լուսինին ու կը նշէ, թէ ան իր լոյսը կ'առնէ արեգակէն: Շիրակացի լուսնի պարբերաշրջաններուն հետ կը կապէ նաեւ ծովերու տեղատուութիւնն ու մակընթացութիւնը: Ան կ'ըսէ, որ երբ լիալուսին է՝ ծովերու ջուրերը կը բարձրանան, իսկ երբ լուսինը կը փոքրանայ՝ ջուրերը կը սկսին իջնել: Ան կ'անդրադառնայ արեւի եւ լուսնի խաւարումներուն, բացատրելով, թէ երբ արեգակը իր շրջապտոյտի ընթացքին կը գտնուի Երկրագունդին հիւսիսային կողմը, իսկ լուսինը՝ հարաւային կողմը, տեղի կ'ունենայ լուսինի խաւարում: Սակայն, երբ լուսինը ինք իյնայ արեւին եւ Երկրին միջեւ՝ տեղի կ'ունենայ արեւի խաւարում:

Ժամանակագրութիւն խմբագրել

Այս գործը կ'ընդգրկէ աշխարհի ստեղծագործութենէն մինչեւ 7-րդ դարու ժամանակաշրջանի պատմութիւնը (նաեւ Կայսերաց Պատմութիւն):

Աշխարհացոյց խմբագրել

Այս գործը կ'անդրադառնայ երեք ցամաքներուն՝ Ասիա, Եւրոպա եւ Ափրիկէ: Ամէնէն արժէքաւոր բաժինն է, երբ կը ներկայացնէ Հայաստանի 15 նահանգներուն նկարագրութիւնը:

Անանիա Շիրակացիի Գործերուն Արժէքը խմբագրել

Շիրակացիի ստեղծագործութիւնները մեծ ազդեցութիւն ունեցած են միջնադարեան հայ մատենագրութեան վրայ, մասնաւորաբար բնական գիտութիւններու ասպարէզին վրայ, ինչպէս՝ աշխարհագրութիւն, աստղաբաշխութիւն, երկրաչաբութիւն եւ տոմարագիտութիւն, որոնց մասին խօսող առաջին մշակը եղած է մեր իրականութեան մէջ: Ուրեմն, այդ իմաստով ալ դժուար է մատնացոյց ընենք բնական գիտութիւններով զբաղուող հետագայ ոեւէ հեղինակ, որ օգտուած չըլլայ Շիրակացիի աշխատանքներէն:

Աշխատություններ խմբագրել

Նշումներ խմբագրել

  1. Հայկական Սովետական Հանրագիտարան հատոր 1, 1974 թ
  2. «Գյումրիի հին ու նոր եկեղեցիները». Վերցված է 24 Յուլիս 2014-ին.
  3. Ա.Գ. Աբրահամեան եւ Գ.Բ. Պետրոսեան, ed. (1979). «Խոսք Երիցս Երանելի Ուսուցիչ Անանիա Շիրակացու՝ Իր Կեանքի Որպիսութեան Մասին -- Ինքնակենսագրութիւն». Անանիա Շիրակացի Մատենագրություն. Երեւան: «Սովետական Գրող» հրատարակչությիւն. էջ 25-29.

Արտաքին Յղումներ խմբագրել

Տես նաեւ խմբագրել