< «Շաբաթվա հոդված» նախագիծ
Նիկոլ Դուման
Նիկոլ Դուման

Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեան, 12 Յունուար 1867- 27 Սեպտեմբեր 1914), հայ ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ։

Ծնած է 1867-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերան շրջանի Ղշլաղ գիւղը։ Աւարտած է Շուշիի թեմական դպրոցը (1887), որ այդ ժամանակաշրջանին հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանրապէս ուսման կարեւորագոյն օճախներէն մէկն էր հայ իրականութեան մէջ։ Շուշիի թեմական վարժարանը նաեւ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութեան կազմաւորման հնոցն էր:

Դպրոցական տարիքէն, յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած, Նիկոլ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ աշակերտական ինքնազարգացման խումբերու կազմութեան եւ աշխատանքին։ Թրքահայոց ազատագրութեան դատին զինուորագրուելու, Երկիր անցնելու եւ կենդանի կռիւին նուիրուելու գաղափարը կը համակէ Նիկոլը։

  • 1887-ին ուսումը աւարտելէ ետք, քանի մը տարի քարտուղարական եւ ուսուցչական պաշտօններ կը վարէ Շուշիի թեմական իշխանութեանց մօտ։ Բայց երազը Երկիր անցնիլն էր, որ իրականութիւն կը դառնայ:
  • 1891-ին, երբ Նիկոլ կը միանայ նորակազմ Դաշնակցութեան, որուն Պարսկաստանի վրայով Երկիր առաքուած առաջին ծիծեռնակներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Թաւրիզի մէջ Նիկոլ կը ցուցաբերէ ե՛ւ մտաւորական իր շնորհները, ե՛ւ ռազմական իր բնատուր տաղանդը, ե՛ւ մանաւանդ կազմակերպական իր կարողութիւնները։ Նիկոլի անձին շուրջ եւ իր ճամբով յեղափոխական գործին նկատմամբ ստեղծուած խանդավառութիւնը այնքան մեծ կ'ըլլայ, որ Նիկոլ կ'ուղարկուի Սալմաստ՝ նաեւ սահմանը անցնողներուն հետ նախապատրաստական նոյն աշխատանքը կատարելու համար։ Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ... Ավելին