Կաղապար:Օրվա հոդված/Օգոստոսի 20, 2016 թ.
![Խաղողօրհնէք](http://upload.wikimedia.org/wikipedia/commons/thumb/6/6f/Feast_of_the_Assumption_of_Mary_in_Armenia%2C_Grape_Blessing_day_%287%29.jpg/150px-Feast_of_the_Assumption_of_Mary_in_Armenia%2C_Grape_Blessing_day_%287%29.jpg)
Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը (յայտնի է նաեւ որպէս Խաղողօրհնէքի տօն) Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է։
Կը Նշուի Օգոստոսի 15-ի ամէնէն մօտիկ Կիրակի օրը (Օգոստոս 12-էն 18)։ Տօնը ունի շաբաթապահք, նաւակատիք եւ մեռելոց։ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի աւարտին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Պատարագ կը մատուցուի։ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տօնը առանձնայատուկ է անով, որ Օգոստոսի այս շրջանը Հայաստանի հեթանոսական օրերէն եկող՝ հասունցող խաղողի օրհնութեան ծէսով պայմանաւորուած է։ Այսինքն՝ տօնին օրը, Պատարագէն ետք, կը կատարուի խաղողօրհնէք, որմէ ետք միայն կարելի է խաղող ուտել։ Այդպիսով կ'օրհնուի տարուան ամբողջ բերքն ու բարիքը։ Նոյն օրհնուած խաղողէն օրհնուած գինի կը պատրաստեն, զոր մարդիկ կը պահեն մինչեւ յաջորդ տարուան խաղողօրհնէքը՝ որպէս լիառատութեան ապահովման նշան:
Մինչեւ քրիստոնէութեան մուտքը Հայաստան, հայ ժողովուրդը շատ կը սիրէր Նաւասարդի տօնը. նոյնիսկ այդ ամիսը... Ավելին⇒