< Նախագիծ:Օրվա հոդված

Լեւոն Շանթ, հայ Թատերագիր, Վիպագիր, Բանաստեղծ, ուսուցիչ, տնօրէն, եւ հասարակական գործիչ։ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան խորհդարանի անդամ եւ ապա խորհրդարանի փոխ նախագահ։ Հիմնադիր «Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան» եւ Պէյրութի Հայ (ապագային Նշան Փալանճեան) Ճեմարանին։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գլխաւոր մարմիններու անդամ։

Ծնած է Պոլիս 1869-ին բուն անունով Լեւոն Նահաշպետեան ապա հօրը Սեղբոսի անունով կը կոչուի Սեղբոսեան։ Մանուկ տարիքին կը կորսնցնէ մայրը ապա հայրը։ Մինչեւ 13 տարեկան կը յաճախէ Սկիւտարի վարժարանը։ Իբր ուշիմ աշակերտ 1884-ին խումբ մը պատանիներու հետ (որոնցմէ էր Սողոմոն Սողոմոնեան-ապագային՝ Կոմիտաս Վարդապետ) կը մեկնի Էջմիածին յաճախելու Գէորգեան Ճեմարանը։ Եօթը տարի ուսանելէ ետք կ՛աւարտէ Ճեմարանը եւ կը վերադառնայ Պոլիս։ Տարեշրջան մը ուսուցչութիւն կ′ընէ, նաեւ Պոլսոյ «Հայրենիք»ին մէջ կը հրատարակէ... Ավելին