< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Կիւլիստանի մելիքութեան զինանշանը:
Կիւլիստանի մելիքութեան զինանշանը:

Խամսայի Մելիքութիւններ (Արաբերէն`«խամսա» կը նշանակէ՝ հինգ) Արցախ-Խաչէնի իշխանատոհմերուն ստեղծած զինական դաշնակցութեան անդամ հինգ հայկական իշխանութիւններու ընդհանուր անունն է, որոնց տարածաշրջանները մօտաւորապէս կը համընկնին ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին (ներառեալ Արցախի եւ Սիւնիքի ազատագրուած տարածքներուն): Արցախի մելիքական տոհմերը անմիջական ժառանգներն ու յետնորդներն էին ուշ-միջնադարու Արցախի աւատական արքաներու եւ իշխաններու, որոնց օտար տիրապետողները ԺԵ. դարուն ճանչցուած էին որպէս մելիքներ, անոնք մելիքութիւններ էին։ Խամսայի մելիքները յատկապէս հզօր էին ԺԷ. դարու վերջը եւ ԺԸ. դարու սկիզբը, պատմական այդ շրջանին անոնք գլխաւորած են հայ ազգային ազատագրական շարժումը` ընդդէմ պարսկական եւ թրքական բռնակալութիւններուն:

Մելիքներու իշխանութիւնը շատ երկար տեւած է. Անդրկովկասի մէջ անոնք իշխած են մինչեւ ռուսերու տիրապետութեան հաստատուիլը:

Խամսայի մելիքութիւնները կը բաղկանային հինգ փոքրիկ գաւառներէ, որոնք իրարու սահմանակից ըլլալով կը կազմէին ամբողջ նահանգ մը, որ այժմ կը կոչուի Ղարաբաղ, իսկ մեր պատմութեան մէջ յայտնի է Արցախ կամ Փոքր Սիւնիք անունով: Աւելի առաջ, անիկա... Ավելին