«Վիքիպեդիա:Նախագիծ:Արևմտահայերեն նախագիծ»–ի խմբագրումների տարբերություն

Content deleted Content added
Թանկյանի մասին հոդված արդեն կա
Տող 3.
== Նոր յօդուածներ ==
<!-- * [[Նոր յօդուած]] -->
Սերժ Թանքեան (ծնած Պէյրութ, Լիբանան, 1967 թուականի Օգոստոս 21-ին) ամերիկահայ երգիչ մըն է։
Ան իր երգիչի ասպարէզը սկսած է այլընտրանքային «մեթըլ» ոճի խումբին՝ Սիսթըմ Աֆ Է Տաունի հետ։ Խումբին կազմալուծումէն ետք ան իր ասպարէզը շարունակեց իբրեւ մեներգիչ եւ երգերու արտադրիչ։ Ան ծանօթ է իր յանդուգն, բայց լայնածիր ձայնային տարողութեամբ։ Իր առանձին գործերը կը համադրեն տարբեր ոճեր եւ ժանրեր, որոնց շարքին՝ մեթըլ, ռոք, եւ հայկական երաժշտական տարրեր։ Եօթը տարեկանին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի վաղորդայնին, Սերժ Թանքեան իր ծնողներուն հետ տեղափոխուեցաւ Լոս Անճելոս, Քալիֆորնիա։ Դպրոցը աւարտելէ ետք ուսանեցաւ մարքեթինկ։ Չորս տարի հետեւեցաւ երգեցողութեան դասերու, ինչպէս նաեւ փոքր տարիքին սորվեցաւ կիթառ նուագել։ 1993-ին Տարօն Մալաքեանի հետ ստեղծեց Սոյլ խումբը, որ յետոյ կազմալուծուեցաւ իսկ աւելի ուշ վերակենդանացաւ իբրեւ Սիսթըմ Աֆ Է Տաուն։ Թանքեան ոչ միայն անդամ է Սիսթըմ Աֆ Է Տաունի, այլ նաեւ ունի իր սեփական ձայնագրման պիտակը, որ կը կոչուի Սերժիքըլ Սթրայք Ռեքըրտզ, որ մէկն է Քոլոմպիա Ռեքըրտզի ենթաբաժանումներէն։ Իբրեւ հիւր երգիչ ան նաեւ երգած է այնպիսի երգեր, ինչպիսին են «Մաշռում Քալթ»՝ Տակ Ֆէշըն Տիսքոյի հեղինակութեամբ եւ «Մէյն»՝ «Տէֆթոնզ»ի հեղինակութեամբ։ Ան արտադրած է «Պաքէթհէտ»ի «Էնթըր Տը Չիքըն»ը, ինչպէս նաեւ մասնակցած է «Պաքէթհէտ»ի «Ուի Ար Ուան», «Քոմա» եւ «Ուէյթինկ Հիր» երգերու մեկնաբանութեան։ Սերժիքըլ Սթրայք Ռեքըրտզով ան կը փորձէ մեծ արտադրիչներու կողմէ անտեսուած երաժիշտներուն տալ կարելիութիւն՝ արտադրելու իրենց երաժշտութիւնը եւ զայն հասցնելու ունկնդիրներուն։Սերժի նոր պիտակին առաջին արտադրութիւնը եղաւ «Սերարթ»ը՝ երաժշտական ծրագիր մը, մասնակցութեամբ նոյնինքն Թանքեանի եւ Սերժի ընկերոջ՝ Արթօ Թունջպոյաճեանի։ Թանքեան շատ աշխուժ է նաեւ քաղաքականապէս։ Թոմ Մորելլոյի (Օտիոսլէյվի, Ռէյճ Ըկէյնսթ Տի Մըշինի եւ Տի Նայթուոչմէնի նախկին անդամ) հետ ան հիմնադրեց Էքսիս Աֆ Ճասթիս կազմակերպութիւնը։ Թանքեան յաճախ հանրութեան մէջ կ՛արտայայտուի բռնութեան եւ անարդարութեան դէմ։ Թանքեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը՝ «Քուլ կարտընզ»ը հրատարակուած է 1 Հոկտեմբեր 2002-ին, Էմ Թի Վի Պուքսի կողմէ։ Հատորը հաւաքածոն է Թանքեանի՝ եօթը-ութ տարիներու խոկումին եւ նաեւ կը ներկայացնէ մէկ ուրիշ հայ արուեստագէտի՝ Սագօ Շահինեանի գործերը։ Գիրքը մեծ գնահատանքի արժանացած է արուեստի շրջանակներու մէջ։ 2007-ի վերջը Սերժ Թանքեան հրապարակեց իր առաջին անհատական ձայնասկաւառակը՝ «Իլէքթ Տը Տէտ»։