Պորտալ:Արեւմտահայերէն Վիքիբետիա/Ընտրեալ Յօդուած/Արխիւ

Ընտրեալ Յօդուած խմբագրել

Փետրուարի 12-15 խմբագրել

Վիգէն Գլակ (Կարօ Սասունի) (1889 - 1977 թթ․), հայ բանասէր, արձակագիր, խմբագիր, իրաւաբան, ուսուցիչ եւ հասարակական գործիչ։ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան խորհդարանի անդամ, եւ նահանգապետ։ «Բագին» գրական հանդէսի հիմնադիր եւ խմբագրապետ։

Կենսագրութիւն խմբագրել

1889-1908 Սասուն, Մուշ, Տիգրանակերտ խմբագրել

Ծնած է Սասուն՝ Ահարոնք գիւղը Մշոյ Սուլթան Սբ. Կարապետի ուխտագնացութեան օրը՚ այդպէս ալ կ՛անուանուի Կարապետ։ Հայրը՝ Իշխան Խազար ու յատկապէս մայրը՝ Աննան, կը կերտեն իր ազգային նկարագիրը: Իր ազգական Հրայր Դժոխքէն եւ Գէորգ Չաւուշէն կը ներշնչուի եւ կ՛որակուի

Փետրվարի 15 խմբագրել

«Ծուռ» իր անսպար երանդին եւ Սասունցի Դաւիթի ծռութեամբ յատկանշուած ըլլալուն համար։ Նախնական ուսումը՝ գիւղի վարժարանին, ապա Մուշի Մուրատ-Մխիթարեան միջնակարգ վեցամեայ վարժարանի մէջ ստանալէ ետք, քանի մը տարի 1906-էն մինչեւ 1908 ուսուցիչ եղած է Տիգրանակերտ։

1908-1914 Պոլիս խմբագրել

1908–ին կ՚անցնի Պոլիս ուր մէկ տարի կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան։ 1909-էն մինչեւ1914 կը յաճախէ Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանական համալսարանի ընթացքը աւարտելով 1914-ին։ (շարունակություն...)



Փետրվարի 16 խմբագրել

 

Տաթեւի Վանք, Հայ միջնադարեան ճարտարապետութեան նշանաւոր յուշարձաններէն մէկն է. վանական համալիրը կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզէն ներս՝ Տաթեւ գիւղին մօտ։ Թ. դարու վերջաւորութեան, ան կը դառնայ Սիւնեաց եպիսկոպոսութեան աթոռանիստը։ Վանքը կարեւոր դեր կը խաղայ շրջանի պատմութեան մէջ, դառնալով քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային կեդրոն։

ԺԴ. եւ ԺԵ. դարերուն Տաթեւի մէջ կը գործէ հայկական կարեւորագոյն համալսարաններէն մին։ Այստեղ կ'արձանագրուին նշանակալի գիտական, կրօնական եւ փիլիսոփայական աշխատանքներ, կը ծաղկի մատենագրութիւնն ու մանրանկարչութիւնը։ Տաթեւի մտաւորականները կարեւոր առաջնորդական դեր կը խաղան օտար բռնակալներու դէմ պայքարի ճիգերուն։

Ստուգաբանութիւն խմբագրել

Ըստ հայկական աւանդութեան, Տաթեւի վանքը անուանուած է Սուրբ Թադէոս Առաքեալի եւ Ստաթէոս կամ Ստաթէ աշակերտի անունով։ Վերջինս Գ. դարուն այս շրջանին մէջ քարոզած եւ յետոյ մարտիրոսացած է։ Իր անունը ժամանակի ընթացքին աղաւաղուելով դարձած է Տաթեւ։

ԺԴ. դարուն հիմնական կառոյցներու հարաւային, արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերը կը կառուցուին պարիսպները, ինչպէս նաեւ բնակելի, օժանդակ եւ տնտեսական շէնքեր։ (շարունակություն...)



Մարտի 16 խմբագրել

Գրիգորեան, Կեսարեան, Կոստանդուպոլսեցի, առաւելապէս յայտնի է որպէս Պաղտասար Դպիր (7 Յունիս, 1683 - 30 Յունուար, 1768, Կ.Պոլիս), հայ բանաստեղծ, երաժիշտ, գիտնական, հրատարակիչ, ազգային եւ կրթական լուսաւորման շարժման գործիչ, եղած է նախակենդանացման շրջանի առաջնորդ դէմքերէն մէկը։

Կենսագրութիւն խմբագրել

Պաղտասար Դպիրի կենսագրութիւնը գրի չէ առնուած, հակառակ որ ան եղած է կարեւոր գործիչ մը։ Այդ պատճառաւ իր մասին կենսագրական տեղեկութիւնները քիչ են։ Գ. Լեւոնեան կը հաղորդէ, որ Պաղտասար Դպիրի ծնողները՝ Գրիգորն ու Թուրվանդը, Կեսարիայէն կը գաղթեն Կոստանդուպոլիս, ուր ան կը ծնի։ Ան իր նախնական ուսումը կը ստանայ տեղական դպրոցներէ ներս, եւ կ'աշակերտէ Էջմիածինի Կաթողիկիսի նուիրակ՝ Աստուածատուր եպիսկոպոս Ջուղայեցին, ինչպէս նաեւ Էջմիածինի Կաթողիկոս՝ Սիմէոն Երեւանցիին (գհ. 1763 - 1780 թթ.), եւ բանաստեղծ Պետրոս Ղափանցիին։

Լեզուաբանութիւն խմբագրել

Հայկական բանաստեղծութիւնը վաղ միջնադարուն կը գրուէր գրաբարով։ 12-րդ դարէն սկսեալ գրաբարը աստիճանաբար կը դադրի գործածութենէ եւ կը զիջի խօսակցական լեզուին՝ միջին հայերէնին։ 18-րդ դարուն կը սկսի նոր շարժում մը, վերակենդանացնելու համար գրաբարը, ոչ թէ եկեղեցական մտայնութիւնը վերականգնելու նպատակով, այլ որովհետեւ այն ծանր պայմանները որոնց մէջ կ'ապրէր հայ ժողովուրդը, թրքական եւ պարսկական տիրապետութիւններու երկարատեւ ժամանակաշրջանին, մեծապէս