Սկաուտութիւն


Սկաուտութիւն: խմբագրել

 
Սկաուտական շուշանիկ

սկաուտական շարժումը այն շարժումն է որ կ'օգնէ երիտասարդներուն ֆիզիքական եւ հոգեկան զարգացման,որպէսզի լաւ դեր ունենան իրենց ընկերութեան մէջ:

Սկաուտութեան պատմութիւն:[1] խմբագրել

1907-ին Սկաուտութեան հիմը դրաւ անգլիացի զօրավար Լորտ Ռոպեր Պէյտն Փաուլ ծնած է 22 Փետրուար 1857-ին, մահացած 8 Յունուար 1941-ին: Այս գեղեցիկ շարժումին գաղափարը յղացաւ, երբ 1897_1900 տարիներուն անգլիական բանակը Պոյէրներու մէջ կը պատերազմէր:Լորտ Պէյտն Փաուլ զգաց թէ իր զինուորները բաւարար չափով ձեռներէց, կարգապահ եւ հաւատարիմ չեն ան փորձեց պատանիները փոքր տարիքէն կրթել մանկավարժական, գործնական հիմունքներով , որպէսզի ապագայ զինուորները պատրաստէ:

1907-ին Լորտ Պէյտն Փաուլը իր նորակազմ խումբով կը կատարէ առաջին բանակումը Պրաունզ կղզիին մէջ: 1908-ին սկիզբը հրատարակեց իր հիմնած շարժումին նախագիծը կազմող «Սկաուտին գիրքը»,''scouting for boys" անունով գիրքը: Այս գիրքը պատճառ կը դառնայ, որ այս շարժումը տարածուի Ամերիկայի եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ, ուր կազմուեցան սկաուտական խումբեր:

1910-ին հիմնադիրը հրաժարեցաւ իր զօրավարի պաշտօնէն եւ ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ սկաուտութեան:1941-ին մահանալէն ետք իր կինը Լէյտի Օլէյվ կը շարունակէ իր գործը մինչեւ մահանալը:

Կաղապար:Infobox WorldScouting

Հայ սկաուտութիւնը: խմբագրել

Հ.Ե.Ը. խմբագրել

Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւն

 
Հայ երիտասարդաց Ընկերակցութիւն

Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք, Ամերիկեան նպաստամատոյցը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ կը հաստատէ կեդրոններ՝ հայ երիտասարդներուն մտաւոր եւ մարմնական կրթսւթիւն տալու նպատակով:Ութը տարի ետք այս կեդրոնները կը յանձնուին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան,Վեհափառ Բաբգէն Ա. կաթողիկոսը տեսնելով շարժումին կարեւորութիւնը, 1931-ին բոլոր այս ճիւղերը կը համախմբէ ընդհանուր անունի մը տակ, կոչելով զայն Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւն, քանի որ դաւանական եւ քաղաքական հիմունք չունէր եւ անոր կրնային անդամագրուիլ բոլոր երիտասարդները՝ անխտիր:

1933-ին Հ.Բ.Ը.Միութիւնը իր հովանսւորութեան տակ կ'առնէ Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը անոր օգնելով նիւթապէս եւ բարոյապէս:

Այժմ Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը ունի բազմաթիւ մասնաճիւղեր Սուրիոյ եւ լիբանանի մէջ:Սկաուտական շարժման կողքին ունի նաեւ յանձնախումբեր՝ պարարուեստի, տիկնաց, ուսանողական, թատերական, մարզական, երաժշտսնոց,ընկերային եւ մշակութային:

1944 Յուլիս 2-ին, Հ.Ե.Ը ի սկաուտական առաջին խումբը կատարեց իր երդման արարողութիւնը:1947-էն այդ խումբը կը ղեկավարէր հանրածանօթ սկաուտապետ Լեւոն Աբգարեանը:1964-ի Օգոստոսին խումբը կատարեց իր առաջին բանակումը Մաշաալէի մէջ: 1964-էն սկսեալ սկաուտական շարժման մէջ ընդգրկուեցան նաեւ արենոյշները:

Հ.Մ.Ը.Մ խմբագրել

 
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն

Հ.Մ.Ը.Մը միացումն է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն անուան չորս սկզբնատառերուն:Հ.Մ.Ը.Մ.ը ոչ կառավարական միութիւն մըն է որ կը գործէ սկաուտական եւ մարզական թեւերով:Աշխարհի հինգ ցամաքամասերու 24 երկիրներու մէջ ան ունի 108 մասնաճիւղեր եւ միաւորներ[2]:

1910-էն սկսեալ Պոլսահայ կեանքի մէջ մարզական շարժումը իր զարթօնքի շրջանը կ՛ապրի:Մարզիչ Շաւարշ Քրիսեան իր«Մրմնամարզ» պարբերաթերթով կը հետապնդէր մեծ ու գեղտցիկ երազ մը՝ մարզական զանազան միւթիւններու բոլոր ուժերը միախմբել մէկ դրօշի տակ[3]:

Սակայն 1914-ին կը ծագի համաշխարհային առաջին պատերազմը եւ 1915-ին տեղի կ՛ունենայ հայ ժողովուրդի զանգուածային կոտորածը:

Պատերազմի աւարտին, թուրքի ցեղասպանութեան դէմ վսեմ յղացումով, բարձրաճակատ եւ վսեմ հայորդիներ պադրաստելու նպատակով գաղափարապաշտ 7 հայ երիտասարդներ Պոլսոյ մէջ 1918-ին ժողով մը կը գումարեն եւ կ՛որոշեն բոլոր մարզական խումբերը համախմբել հիմը կը դնեն Հ.Մ.Ը.Մ. ինն, իրականացնելով Մեծ Եղեռնին նահատակուած Շաւարշ Քրիսեանի եւ գործակից ընկերներուն երազը:

26 Յուլիս 1920-ին, Հ.Մ.Ը.Մ-ի առաջին վարչութիւնը ընդառաջելով Հայաստանի անկախ հանրապետութեան կրթական նախարար՝ Նիկոլ Աղբալեանի դիմումին, Հայաստանի Կ'ուղարկէ Վահան Չերազը, Տիգրան Խոյեանը եւ Ոննիկ Եազմաճեանը, Հայաստանի մէջ մարզական եւ սկաուտական շարժումը կազմակերպելու համար:

1921-էն սկսեալ, երբ Արեւմտահայութիւնը տեղահան կ'ըլլայ, կը տարագրուի ու կը դառնայ աշխարհացրիւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի մասնաճիւղեր կը հիմնուին հայ գաղութներուն մէջ, որոնք իրենց ազգանուէր գործունէութեամբ կ'արժեւորեն իրենց գոյութիւնը:

Հ.Մ.Մ. խմբագրել

Հայ Մարմնամարզական Միութիւնա

Կիլիկիոյ ջարդէն մազապուրծ ազատաա

1921 թուականին 27 Յունուարին հիմնադրուած է Հալէպ,Սուրիա իբր հայկական մարզական եւ սկաուտական սփիւռքահայ կազմակերպութիւն,Այնթէպէն«Արարատ» ֆուդպոլի խումբի անդամներուն եւ տեղւոյն Հնչակեան կուսակցութեան ուսանողական միութեան անդամներուն կողմէ անուանելով«Հ.Մ.Մ. Արարատ»:

ՀՄՄ ը անկուսակցեալ կազմակերպութիւն է սակայն կը գտնուի սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան հովանաւորութեան տակ ան կը գործէ հայաշատ գաղութներ ունեցող երկիրներու մէջ:

Աղբիւրներ: խմբագրել

Հ.Ե.Ը. ի սկաուտութեան գիրք,2018:

Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտական դարեկան բանակում գիրք:

Հ.Ե.Ը-ի Արձագանգ ամսաթերթ:

Հ.Մ.Մ.-Ի պատմութիւն:

Արտաքին յղումներ: խմբագրել

  1. «Baden- [[Պատկեր:Lord Robert Baden Powell.jpg|200px|մինի|ձախից|Սկաուտութեան հիմնադիր]] Powell». www.scout.org (անգլերեն). Վերցված է 2018-08-29-ին. {{cite web}}: URL–wikilink conflict (օգնություն); line feed character in |title= at position 7 (օգնություն)
  2. MultiTek.me. «Հ.Մ.Ը.Մ. - Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն - Պաշտօնական Կայք». www.homenetmen.org. Վերցված է 2018-08-29-ին.
  3. MultiTek.me. «Հ.Մ.Ը.Մ. - Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն - Պաշտօնական Կայք». www.homenetmen.org. Վերցված է 2018-08-29-ին.