Մասնակից:Rita KE Ian/Փետրուարեան Ապստամբութիւն

Փետրուարեան ապստամբութիւն, 1921, Փետրուար 13-ին սկիզբ առած հակախորհրդային շարժում Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Ճնշուած է 1921, Ապրիլ 2-ին՝ պոլեւիկներու կողմէն Երեւանի կը վերագրաւի։ Խորհրդային մամուլին մէջ, կը յիշատակուէր որպէս Փետրուարեան խռովութիւն։

Ապստամբութեան Սկիզբ խմբագրել

Չկարողանալով դիմադրել թրքական յարձակման եւ տեղի տալով բպլշեւիկեան Ռուսիոյ ճնշման` 1920 թուականի Դեկտեմբերին դաշնակցականները Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարումը կը հանձնեն համայնավարներուն։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, ձերբակալուեցան շուրջ 1000 դաշնակցականներ, որոնցմէ շատերը սպաննուեցան, միւսներն ալ ուղարկուեցան Պաքուի եւ Ռուսիոյ բանտեր[1]։

 
Պոլշեւիկեան ոյժերու կողմէն սպաննուած Երեւանի բանտարկեալները

1921, Փետրուար 13-ին, դաշնակացականներու գլխաւորութեամբ Հայաստանի մէջ, բռնկուեցաւ քաղաքացիական ապստամբութիւն, որուն ազդանշանը տուին Արագածի ստորոտը՝ վերաբնակուած սասունցիները։ Անոնք օգտուած էին այն հանգամանքէն, որ Կարմիր բանակի զորամասերը դուրս եկած էին Հայաստանէն` Վրաստանը խորհրդայնացնելու նպատակով։ Ժողովրդական ապստամբութիւնը եւ քաղաքացիական կռիվները, սկսան տարերայնօրէն եւ ընդգրկեցին քանի մը շրջաններ։ Փետրուար 16-18-ը, ապստամբները նախկին խմբապետերու գլխաւորութեամբ իշխանութիւնը վերցուցին իրենց ձեռքը։ Փետրուար 18-ին, Կուռոյ Թարխանեանի եւ Բաշգառնեցի Մարտիրոսի գլխաւորութեամբ ապստամբները մտան Երեւան, ուր ստեղծուեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»[2]՝ նախկին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի նախագահութեամբ:

  Պոլշեւիկեան իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ, վերացուած է։ Մինչեւ կառավարութեան կազմուիլը ամբողջ իշխանութիւնը կը գտնուի Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի ձեռքին մէջ։  

Մինչեւ հետ քաշուիլը՝ պոլշեւիկները մէկ գիշերուան ընթացքին, կացնահարեցին Երեւանի բանտն մէջ պահուող գրեթէ բոլոր բանտարկեալներուն։ Անոց մեծ մասը նախկին պաշտոնեաներ ու ռազմական գործիչներ էին, ուր պոլշեւիկները ձերբակալած էին իշխանութեան գալէն անմիջապէս ետք։ Սպաննուածներու կը թուէին Համազասպ Սրուանձտեանը, գնդապետ Ղորղանեանը, ֆիդայիներ Սերգոն, Մարկեդոնը, Գրիգորը եւ այլք[3]։

Խորհրդային Հայաստանի պետական եւ պոլշեւիկեան կուսակցութեան ղեկավար մարմինները Հայաստանի բանակի իրենց հավատարիմ ոյժերով եւ 2 զրահագնացքով հեռացան Երեւանէն։ Անոնք կեդրոնացան Ղամարլու (Արտաշատ) - Վեդի-Բասար (Արարատ) շրջանին մէջ, իյնալով ապստամբներու շրջապատման մէջ։ Խորհրդային իշխանութիւնը պահպանուեցաւ հիմնականին մէջ, Համամլու (Սպիտակ) - Ղարաքիլիսա (Վանաձոր) - Տիլիճան - Շամշադին (Տաւուշ) գօտիին մէջ։

Ապստամբութիւնը կը հենէր ժողովրդական զանգուածներու, առաջին հերթին արեւմտահայ գաղթական բնակչութեան աջակցութեան վրայ։ Ռազմական գործողութիւնները, սկիզբը կ'ընթանային փոփոխակի յաջողութեամբ, իսկ ռուսական զորամասերու վերադարձէն ետք, ոյժերու յարաբերակցութիւնը դասաւորուեցաւ ի վնաս ապստամբներու։ Ռուսական 11-րդ բանակի ոյժերով, կազմաւորուեցաւ Երեւանի ուղղութեան զորքերու խումբ, որ խնդիր ստացաւ ճնշել ապստամբութիւնը եւ գրաւել Երեւանը։ Երեւանի վրայ, յարձակումը կը կատարուէր Սեւանի եւ Համամլուի (Սպիտակ) ուղղութիւններէն։

1921, Մարտ 16-ին, Մոսկուայի մէջ, Պոլշեւիկեան Ռուսիոյ եւ Քեմալական Թուրքիոյ միջեւ, կը կնքուի բարեկամութեան եւ եղբայրութեան պայմանագիր։ Մարտ 20-ին, ռուսական բանակի ռազմական խորհուրդի անդամ՝ Գէորգի Օրջոնիկիձեն վերջնագիր կը ներկայացնէ Հայաստանին։ Վերջնագիրը Թիֆլիսէն Երեւան կը բերուի բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանը։ Սակայն Թումանեանին չի յաջողիր համոզել Վրացեանին եւ վերջնագիրը կը մնայ անպատասխան։

Պարտութիւն խմբագրել

Զոհերէն խուսափելու համար 11-րդ բանակի ռազմական խորհուրդի անդամ Գէորգի Օրջոնիկիձեն Մարտ 20-ին վերջնագիր ներկայացուց Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէին։ Նոյն օրը Թիֆլիսէն, Երեւան ժամանեց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը։ Ան հանդէս եկած էր յօդուածներով եւ ներազգային պայքարն ու մարդկային զոհեր տալը կը համարէր բախտախնդիրներու գործ։ Ազգային մեծ գործիչը ցաւ կ'ապրէր ժողովուրդի արիւնը թափելու համար։ Անոր համար գլխաւորը համազգային շահերն էին, հաշտութիւնը, ուստի Կարմիր բանակին եւս կոչ կ'ընէր դադարեցնել անիմաստ պատերազմը։ Խորհրդային զորքերը Ապրիլ 2-ին մտան Երեւան, ուր վերահաստատուեցաւ խորհրդային իշխանութիւնը։

 
Նիւ Յորք Թայմս (17 մարտ, 1921 թուական).
«Հայ ապստամբները տապալած են
խորհրդային իշխանութիւնը»

Ապստամբները, հաշուի առնելով ոյժերու խիստ անհաւասարությիւնը եւ խուսափելով նոր զոհերէն, այլեւս դիմադրութիւն ցույց չտուին։ Անոնք Բաշ-Գյառնիի վրայով նահանջեցին Զանգեզուր, ուր կը շարունակէին Գարեգին Նժդեհի ղեկավարած ինքնապաշտպանական մարտերը։ Հայաստանի մէջ, խորհրդային իշխանութեան յաղթանակը անխուսափելի էր, որովհետեւ այդ իշխանութեան թիկունքին կանգնած էր Խորհրդային Ռուսիան։

Ապստամբներու սկզբնական խնդիրը ընկերներուն բանտարկութենէն ազատած էր, որ եւ լուծուեցաւ։ Այնուհետեւ իշխանութեան գրավււմը, ոյժերու գոյութիւն ունեցող յարաբերակցութեան պայմաններուն մէջ, հեռանկար չունէր։ Դաշնակցութեան կողմէն, քաղաքացիական պատերազմի բորբոքումը իզուր արիւն թափել ու զոհուիլ, կը նշանակէր եւ չէր բխեր ազգային շահերէն։

Ապստամբութիւնը բացասական ազդեց Հայաստանի ոչ միայն ներքին կեանքի, այլ նաեւ՝ արտաքին յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն։ Ապստամբութեան օրերուն Մոսկուայի մէջ, ընթացող Խորհրդային Ռուսիա-Թուրքիա բանակցութիւնները հանգեցուցին Հայաստանի համար ոչ ձեռնտու պայմանագիրի կնքման։

Կոմունիստական Վարչակարգի Հաստատում խմբագրել

 
Ալեքսանդր Մյասնիկեան

Ապստամբութեան ճնշումէն ետք, Հայաստանի Ռազմհեղկոմը վերակառուցուեցաւ Ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդի (ԺողԿոմԽորհ), որուն նախագահ նշանակուեցաւ Ալեքսանդր Մյասնիկեանը (1886-1925)։ Ան Հայաստան եկաւ ՌԿ(բ) կ Կենտկոմի որոշումով։ Մինչ այդ, ան արդեն ճանաչցուած գործիչ էր եւ Պելառուսի ու Ռուսիոյ մէջ, ձեռք բերած էր ղեկավար աշխատանքի մեծ փորձ։ Չնայած իր կարճատեւ (շուրջ մէկ տարի) գործունէութեան, ան մեծ դեր խաղաց Հայաստանի քաղաքական լարվածութեան մեղմացման, հայ մտաւորականութեան Հայաստանի մէջ համախմբելու, երկիրը խաղաղ շինարարութեան ուղի փոխադրելու գործի մէջ։ Այնուհետեւ Ալեքսանդր Մյասնիկեանը ղեկավար աշխատանքի տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս (Անդրկովկասեան Դաշնութիւն1925 թուականին ան զոհուեցաւ ինքնաթիռի վթարէն[4]։

Պարտութեան Պատճառները խմբագրել

Միջազգային հանրութիւնը չաջակցեց ապստամբութեան, որովհետեւ նոր կ'ապաքինուէր Առաջին համաշխարհային պատերազմի վերքերէն։ Ապստամբութեան ժամանակ՝ Մարտ 16-ին Քեմալական Թուրքիան եւ Պոլշեւիկեան Ռուսիան Մոսկուայի մէջ, ստորագրեցին ռուս-թուրքական եղբայրութեան պայմանագիրը, որմով Ռուսիան եւ Թուրքիան պայմանաւորուեցան կիսել Հայաստանը։ Ռուսիան 4 օր անց վերջնագիր ներկայացուց Հայաստանին, եւս 5 օր ետք զորք մտցուց Հայաստան, միաժամանակ Թուրքիան զորք մոտեցրեց Հայաստանի սահմաններին։ Չունենալով բավարար միջոցներ ռուս-թուրքական ագրեսիային դիմակայելու համար, Հայաստանի ղեկավարութիւնը, զինուորականները, հարիւրաւոր հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ սպաներ հեռացան Հայաստանէն։

Ապստամբութեան Ձեռքբերումները խմբագրել

Ապստամբութեան շնորհիւ, բանտերէն եւ վերահաս հալածանքներէն ազատուեցան Յովհաննէս Քաջազնունին, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, պետական գործիչներ, հայ հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ սպաներ։ Գարեգին Նժդեհի պայքարի, ինչպէս նաեւ ապստամբութեան ազդեցութեան շնորհիւ Զանգեզուրը չտրուեցաւ Ազրպէյճանին, այլ մնաց Հայաստանի կազմին մէջ։ Ապստամբութեան պատմութիւնը խորհրդային բռնազաւթման տարիներուն ոգեշնչաղ է Ազգային միացեալ կուսակցությեն անդամներուն եւ անկախութեան պայքարի միւս նուիրեալներուն։

Տես Նաեւ խմբագրել

Աղբիւրներ խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ խմբագրել

Կատեգորիա:Հայոց պատմութիւն