Պօղոս Փաշա Նուպար մեծանուն Դիւանագէտին զաւակը ծնածէ [[1851] թուականին եւ ժառանգած իր հօր գեղեցիկ ձիրքերը: Իր երիտասարդութեան Եւրոպայի մէջ հետեւած է բարձրագոյն կրթութեան մը եւ վերադարձին Եգիպտական կառավարութեան շատ մը օգտակար ծառայութիւններ մատուցանելէն զատ 1900թուականին հեղինակած է երկրագործական շոգեշարժ արօր մը՝ այնպիսի կատարելագործութեալ վիճակով մը, որու համար Ֆրանսական կառավարութիւնը Պատւոյ Լէգէոնի պատուանշանով պատուած է զինքը: Եւրոպական Մամուլը մեծ գովեստով խօսած է Պօղոս Փաշայի վրայ այդ գիւտին առթիւ եւ 1900 թուականի Փարիզի արուեստահանդէսին ստացած է ոսկի մետալ մը: Եթէ Նուպարեանց բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը չըլլար ոչ Եգիպտոս ոչ ալ Ֆրանսա այնքան լայն չպիտի բանային իրենց դնռերը այն ահագին գաղթականութեան առջեւ, որ կազմուեցաւ 95 եւ 96 թուականի ջարդերէն փաղչողներէն: Անոնք էին որ հայթայթեցին հազարաւոր ոսկիներ որոնց մատակարարութիւնը յանձնուած էր մասնաւոր յանձնաժողովի մը: Տարիներէ ի վեր Տէր եւ Տիկին Պօղոս Նուպար փաշա եւ որդին Առաքէլ պէյ ամէն մէկը ամիսը 17ական ոսկի կը վճարեն Ալեքսանտրիոյ Աղքատախնամին, շարոնունակելով մասնաւորներու ամսական նպատակներ տալ ըստ իրենց ընտանեկան սովորութեան: Պօղոս Փաշա գեղեցիկ ծրագիր մը յղացած էր Առեւտրական եւ Երկրագործական վարժարան մը հաստատելու համար՝ Եգիպտոսի մէջ, յատկացնելով այն նպատակին միլիոն մը Ֆրանք: Սակայն գործին բազմազան դժուարութիւնները նկատի առնելով յետաձգուեցաւ ու իբրեւ փոխարինութիւն շընեց Պուլազի մէջ Ազգ. Երկսեռ վարժարան մը բոլոր գոյքերով կահաւորուած եւ այսպէսով փրկեց Հայ ոգսանողութիւնը խոնաւ ու մութ փողոցի խարխուլ, փլչելու վրայ հղող շէնքէն՝ Գալուստեան վարժարանէն: Պօղոս փաշայի մեծագոյն փառքը պիտի ըլլայ իր իսկ նախաձեռնութեամբն հիմնած Եգիպտոսի Հայկական Բարեգ. միութիւնը որուն նպատակին

  1. Ասիաբնակ Հայ ժողովուրդին մտաւոր եւ բարոյական զարգացմանը նպաստել
  2. Անոնց նիւթական եւ տնտեսական կացութիւնը բարւոքելու աշխատիլ
  3. Այս արդւնքը յառաջ բերելու ծառայող ոեւ է ձեռնարկ կամ հրատարակութիւն քաջալերել: