Կաղապար:Օրվա հոդված/Նոյեմբերի 5, 2016 թ.

< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Սողոմոն Թեհլիրեան
Սողոմոն Թեհլիրեան

Սողոմոն Թեհլիրեան (2 Ապրիլ 1897 - 23 Մայիս 1960), Հայոց ցեղասպանութեան վերապրող եւ ազգային հերոս, որ գնդակահարած է երիտթուրքերու ներքին գործոց նախարար եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ՝ Թալէաթ Փաշան։

Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած է 1896-ին Բագառիճ, որ կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Երզնկա գաւառին մէջ, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ Ապա ուսումը շարունակած է Երզնկայի Կեդրոնական ուսումնարանը եւ աւարտած է 1912-ին, որմէ ետք փոխադրուած է Սերպիա 1913-ին։ 1914-ին պայթած Առաջին Աշխարհամարտը լրիւ կը փոխէ 18-ամեայ Սողոմոնի կեանքի ուղին։ 1914-ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, կ'անցնի Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չի տրուիր Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան կը յաջողի, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալ ծնողին գրաւոր թոյլտուութիւնը... Ավելին