< Նախագիծ:Օրվա հոդված

Բարսեղ Կանաչեան, տաղանդաշատ խմբավար, յօրինող եւ երաժշտական-հասարակական գործիչ։

Բարսեղ Կանաչեան ծնած է 1885-ին, Ռոտոսթօ։ Կօշկակարի մը զաւակ է։ Երեք տարեկանին կը մեկնի Պոլիս եւ կը յաճախէ Կէտիկ Փաշայի Ազգային Վարժարանը: 90-ական դէպքերուն կը գաղթէ Պուլկարիա եւ կը շարունակէ ազգային ուսումը։ Վառնայի մէջ կը յաճախէ հայկական վարժարան, որուն զուգահեռ կը հետեւի ջութակի դասընթացքներու, աշակերտելով Մեծիկեանի եւ պարսկահայ ջութակահար՝ Նաթան բէկ Ամիրխանեան: Վառնայի մէջ կ՚աշխատի վաճառականի մը քով իբրեւ գրագիր։ 1905-ին ընտանեօք կը փոխադրուի Պուքրէշ, ուր ան ջութակի դասերը կը շարունակէ ռումանացի ջութակահար՝ Ժորժ Պույուք մօտ:Նկատելով կանաչեանի ունակութիւնները, Պույուք անոր կը սորվեցնէ դաշնակ նուագել:Կ՚երգէ եկեղեցիներուն մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ, մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սիմֆոնիք նուագախումբին: Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը գտնուի Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու: Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք,1908-ին կու գայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»ը, ապա «Մասիս»ը: Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէն ներս: 1910-ին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն... Ավելին