Կաղապար:Օրվա հոդված/Հունվարի 27, 2018 թ.
![Ս. Սարգիս եւ իր տղան՝ Մարտիրոս](http://upload.wikimedia.org/wikipedia/commons/thumb/3/38/%D5%8D._%D5%8D%D5%A1%D6%80%D5%A3%D5%AB%D5%BD_%D5%A5%D6%82_%D5%AB%D6%80_%D5%BF%D5%B2%D5%A1%D5%B6%D5%9D_%D5%84%D5%A1%D6%80%D5%BF%D5%AB%D6%80%D5%B8%D5%BD.jpg/160px-%D5%8D._%D5%8D%D5%A1%D6%80%D5%A3%D5%AB%D5%BD_%D5%A5%D6%82_%D5%AB%D6%80_%D5%BF%D5%B2%D5%A1%D5%B6%D5%9D_%D5%84%D5%A1%D6%80%D5%BF%D5%AB%D6%80%D5%B8%D5%BD.jpg)
Ս. Սարգիս Զօրավար , ըստ աւանդութեան՝ քրիստոնէական հաւատքի համար նահատակուած եւ սրբադասուած մեծ վկայ։
Ան իբրեւ թէ՛ պատմական, եւ թէ՛ սրբազան առասպելական կերպար` օժտուած է տարբեր հմայական յատկանիշներով եւ գործառոյթներով: Զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է: Ներսէս Շնորհալիի կազմած վարքագրութեան մը մէջ Ս. Սարգիս (ծագումով՝ Յոյն) կը համարուի Կեսարիոյ հռոմէական զօրավար, որ խուսափելով Յուլիանոս Ուրացող կայսեր (361-363) հալածանքէն, ապաստանած է նախ Հայոց Արշակ Բ. արքային քով, ապա վերջինիս խորհուրդով անցած Պարսկաստան, կարգուած Շապուհ Բ.-ի զօրահրամանատար։ Ս. Սարգիս, իր աղօթքներուն, խոնարհութեան եւ արիութեան շնորհիւ պատերազմներու ժամանակ միշտ յաղթանակներ տարած է: Բարեպաշտ Զօրավարը կ'օգնէր բոլոր կարիքաւորներուն, որու համար ալ շարականագիրը զինք անուանած է «երագահաս»` բոլորին արագ օգնութեան հասնող: Ան կը կործանէր հեթանոսական մեհեաններն ու փոխարէնը Աստուծոյ տաճարներ կը կառուցէր, իր զինուորներուն կը քարոզէր Աւետարանի ճշմարտութիւնը: Ձերբակալուած է՝ պարսկական զինուորներուն մէջ քրիստոնէութիւն տարածելու մեղադրանքով եւ, մերժելով արեւապաշտութիւնն ընդունելու առաջարկը, իր որդւոյն՝ Մարտիրոսին եւ 14 քրիստոնեայ զինուորներու հետ նահատակուած է (362-ին կամ 363-ին)։ Նահատակուելէն ետք Սարգիսի մարմնին վրայ լոյս կը ծագի: Հաւատացեալներ անոր դիակը առեւանգած եւ տարած են Ասորիք։ Մեսրոպ Մաշտոց Ս. Սարգիսի մասունքները տարած է... Ավելին⇒