Կաղապար:Օրվա հոդված/Հունվարի 20, 2017 թ.

< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Յովսէփ Գաթըրճեան
Յովսէփ Գաթըրճեան

Յովսէփ Գաթըրճեան (19 Փետրուար 1820, Պոլիս - 9 Յունուար 1882, Պոլիս), բանասէր, պատմագէտ եւ թարգմանիչ։ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ։

Ծնած է Պոլիս։ Փոքր հասակէն ղրկուած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, որու ուսման շրջանը աւարտելէ ետք, 30 Մայիս 1841-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է:

Հ. Գաթըրճեանի անունը անմահացած է իր արդիւնալից գրական գործունէութեամբ: Իր բազմաթիւ գործերը մասամբ աստուածաբանական են, մասամբ պատմական եւ մասամբ ալ պատմամատենագրական: Իր սրատեսութիւնը սակայն կ՚ուղղուի նաեւ այս սահմաններէն անդին՝ հեռաւոր հորիզոններ, ուր զինք կը տեսնենք դեգերած նաեւ այնպիսի խնդիրներու մէջ, որոնք դուրս են իր գրական հետազօտութեանց ծիրէն:

Աշակերտական տարիներէն կը սկսի իր գրական գործունէութիւնը, երբ Գարագաշեանի ընկերակցութեամբ, Յովհանեանի Ոսկեդարեան հայերէնին կեանք կու տայ, կ’իւրացնէ զայն եւ նոյն յստակ պատկերալից լեզուով ալ կը սկսի գրել: Միաժամանակ հմուտ էր նաեւ հին եւ նոր դասականներուն՝ լատիներէնին, յունարէնին, ֆրանսերէնին եւայլն: Կը ձեռնարկէ հայերէնի թարգմանելու... Ավելին