Կաղապար:Օրվա հոդված/Դեկտեմբերի 9, 2016 թ.

< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Անանիա Շիրակացի
Անանիա Շիրակացի

Անանիա Շիրակացի (ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ), Է. դարու հայ գիտնական։ Առաջին հայը,որ կայուն հիմքերու վրայ կը դնէ ճշգրիտ գիտութիւններու ուսումնասիրութիւնը Հայաստանի մէջ։

Անանիա Շիրակացի, որ յայտնի է համարող (մաթեմաթիկոս) մականունով, հայ մատենագրութեան ականաւոր դէմքերէն մէկն է. բնական գիտութիւններու հիմնադիրը հայ իրականութեան մէջ: Շիրակացիէն մեզի հասած է իր ինքնակենսագրականը, ըստ որուն ան ծնած է պատմական Շիրակ գաւառի Անի աւանը, Է. դարու սկիզբը: Շիրակացի, Դպրեվանքի դպրոցին մէջ կը ստանայ նախնական կրթութիւն, սորվելով հայերէն եւ յունարէն լեզուները, քերականութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն: Բայց ան համոզուած էր, որ ամէն ինչի հիմքը թիւերն են, իսկ համարողական արուեստը կը համարէր բոլոր գիտութիւններու հիմքը: Այդ օրերուն աշխարհի մէջ հմուտ մասնագէտներն ու ուսուցիչները շատ քիչ էին, գիտելիքները խորացնելու միակ միջոցը ճամբորդելն էր: Առ այդ, ան արտասահմանի մէջ կ'ապրի 11 տարի, որուն ութն՝ յոյն նշանաւոր գիտնական Տիւքիկոս Բիւզանդացիի դպրոցին մէջ: Ուսուցիչին հարուստ գրադարանը Շիրակացիին համար կը դառնայ երկրորդ ուսումնարան: Ան, բացի թուաբանութենէն, կ'ուսումնասիրէ... Ավելին