Վիքիպեդիա:Ուիքի ճամբար 2015 Պէյրութ/Տպաւորութիւններ

Ուիքի ճամբարի տպաւորութիւններ

Հրակ Ստեփանեան խմբագրել

Շատ ուրախ եմ որ մասնակցեցայ այս Ուիքի Ճամբարին ու նոր գիտելիքներ ամբարեցի: Բաւական հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտի մը մէջ անցուցինք մեր օրերը: Կը յուսամ որ ամէն տարի կատարուի այս Ճամբարին նման ու քայլ առ քայլ կառուցենք ու զարգացնենք արեւմտահայերէնը:

Սիլվիա Սէրայտարեան խմբագրել

2015-ի դպրոցական տարեշրջանի ամավերջի քննութեան վերջին օրն էր, վերջին քննութիւնը...Տնօրէնը, ձեռքերուն տրձակ մը թուղթերով մտաւ դասարան...եւ սկսաւ խօսիլ արեւմտահայերէն Ուիքիի ճամբարին մասին...

Առաջին հետաքրքրուողներէն էի, եւ շատ ոգեւորուած... սակայն մտահոգութիւններ սկսան ծնիլ մէջս, եւ ետ քաշուեցայ, որովհետեւ չէի գիտեր ճամբարին ընթացքին մասին...ապա, մեր տնօրէն՝ Պրն. Զօհրապ Ղազարեանին եւ Տիկ.Սեւան Դանիէլեանի քաջալերանքները զիս մղեցին, որ մասնակցիմ վերոյիշեալ ճամբարին: Հետզհետէ ոգեւորութիւնս աճեցաւ, եւ անհամբեր դարձայ...

Երկուշաբթի 3, Օգոստոս 2015...պայծառ, ուրախութեամբ լի օր մը...երբ ճամբայ ինկայ դէպի «Ազդակ»ի «Բիւնիկ» սրահ, որ ճշդուած էր իբրեւ ճամբարականներու հաւագուելու կեդրոն...հոգիս թիթեռնիկի մը նման կը թռչէր...մէկ բառով, ամբողջ սրտով ուրախ էի... փոխադրամիջոցը «սուրաց» դէպի Զմմառ:

Եւ ահա արդէն համակարգիչին դիմացն էի...եւ մատներս սկսան պարել գրաշարին վրայ, եւ հետզհետէ պարը արագացաւ:

Տասնօրեայ ճամբարը անցաւ ակնդարդի մը պէս, եւ ահա արդէն հետեւեալ բառերը կ՝երգուէին շուրջս. «վերջին գիշերը..վերջին ճաշը...վերջին գիշերը..»-հակառակ անոր, որ նոյնանման ճամբար մըն ալ պիտի ունենայի Հայաստանի մէջ:

Եւ միայն հիմա, վերջին պահերուն է, որ կը զգամ այդ տասը օրուան մէջ ամփոփուած ադամանդեայ ժամերուն իսկական խորհրդանիշը...ամէնէն շատ զիս ուրախացնողը այն էր, որ չէի կրնար երեւակայել թէ 21-րդ դարու երիտասարդներ, համբերութիւն կ՝ունենան ժամերով նստիլ համակարգիչին դիմաց եւ խմբագրել հայերէն: Սակայն իրողութիւնը դաւաճանեց նախազգացումներուս...

Ես այսօր, իսկապէս բառ չեմ գտներ բացատրելու համար իմ ուրախութիւնս... Ես այսօ՛ր կը զգամ թէ իսկական հայ եմ...այսօր կը զգամ թէ պապերուս 1915-ի կատարած ովկեանոսի մը նման զոհողութիւններուն դիմաց ափ մը երախտագիտութիւն կը նուիրեմ...Ես այսօր կ՝ըզգամ թէ արեւմտահայերէն Ուիքի-ի մէջ խմբագրած յօդուածներս կը ծառայեն հայ դատին... Ես այսօր կը զգամ, թէ իմ մատներովս կը ծաղկեցնեմ հայ ժողովուրդի ապագան, որովհետեւ մարդ գիտելիքներով է, որ կը ծաղկի ու կը յառաջդիմէ:

Այսօր, իւրաքանչիւրս, կաթիլ մը յօդուածով կը լեցնէ ապագայ սերունդներուն աղբիւրները՝ զանոնք վերածելով ովկեանոսներու:

Հիմա, մեր առած քայլը առաջին քայլն է յաջողութեան ճամբուն վրայ... մանուկի մը տակաւին փափուկ ոտքերով՝ մագլցելով «հասնելու համար մեր սուրբ Արարատի գագաթը», կարծրացնելով զանոնք Արարտի փէշերուն, մեր մայր հողին վրայ:

Ես խորհապէս շնորհակալութիւն կ՝ուզեմ յայտնել Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկին, այսպիսի խորհրդաւոր, արժէքաւոր եւ նպատակալից քայլ մը քաջալերելու համար, որ պիտի ծառայէ նախ՝ հայապահպանման համար...Շնորհակալութիւն կ՝ուզեմ յայտնել նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ճակտի գրտինքով, ուրախութեամբ լեցուն տաքուկ աչքերով կ՝աշխատին ի նպաստ այս ճամբարին յաջողութեան..Շնորհակալութիւն նաեւ մեր դպրոցի տնօրէնութեան:

Իսկապէս շատ մեծ գոհունակութիւն կը զգամ... այսօր տակաւին իմ թարմ մատներովս կը շաղեմ ու կը խմբագրեմ յօդուածներ, որոնք պիտի հրամցուին ապագայ հայ սերունդին, եւ պիտի նպաստեն արեւմտահայերէն Ուիքիի զարգացման...

Թուրքը, դար մը առաջ, փորձեց փոշիացնել մէզ..այսօր 2015 թուականին, հայ երիտասարդներ կը գծագրեն Մեսրոպեան տարերը՝ համաշխարհային համաձանցի վրայ...ահա թէ ով է հայը, եւ ինչ է մեր կատարած ափ մը աշխատանքին կարեւորութիւնը...

Ռիթա սարգիսեան խմբագրել

Ինծի համար Ուիքի ճամբարը կեանք է: Ուիքի ճամբարը իսկապէս իմ հոգեկանս փոխեց թէ նոր ընկերներ ծանօթանալով եւ թէ հաճելի մթնոլորտին մէջ ապրելով: Ինծի համար առաջնահերթութիւն դարձաւ արեւմտահայերէն յօդուածներ խմբագրելը: Ինչպէս որ Պարոն Րաֆֆին 'կը հաստատէ' թէ այս մեր գործը սկիզբն է եւ ոչ թէ վերջը ես ալ նոյնպէս կը հաստատեմ, կը վստահեցնեմ եւ Խօսք կու տամ որ այս գործը պիտի շարունակուի: Չեմ ուզեր երկարել... Շատ գրելն ալ վնասներ ունի... ՃԱՄԲԱՐԸ ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀ Է:

Նազօ Աճէմեան եւ Ռիթա Չոպանեան խմբագրել

Մենք իբրեւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի աշակերտներ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր տնօրէնին, որ մեզ քաջալերեց այս հետաքրքրական ճամբարի մասնակցութեան: Շատ ուրախենք այս ճամբարի մասնակցութենէն, որովհետեւ այս ճամբարը պատճառ դարձաւ մեր գիտակցութիւնը զորացնելու շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ Քալուստ Կիւլպէնքեան Հիմնադրամին ու բոլոր ուսուցիչ ուսուցչուհիներուն որոնք օգնեցին ու քաջալերեցին մեզի:

Giro Seraydarian խմբագրել

Ուիքի Ճամբարը ինծի համար աշխատելու համար վիքիպեդիային մէջ, ընկերներ եւ ընկերուհիներուս հետ շատ լաւ ժամանակ անցուցի, խաղացինք, պարեցինք, եւ այլ բաներ, Մասնաւորաբար խմբագրեցինք յօդուածներ: Խմբագրելու այդ յօդուածները կ՛ըլլային թէ թարգմանութիւն արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն, թէ թարգմանութիւն անգլերէնէ արեւմտահայերէն: Առաջին անգամ դժուարութիւն ունեցայ թարգմանելու, բայց յետոյ վարժուեցայ: Բնաւ չեմ կրնար մորնալ այս ճամբարը, այդ ուրախութիւնը որ անցուցի ընկերներուս հետ: ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԵՄ

Նարէ Պաթուզեան խմբագրել

--Narzian (քննարկում) 09:22, 9 Օգոստոսի 2015 (UTC)Narzian[reply]

Ուրախ եղայ մասնակիցը ըլլալու Ուիքիմիտեայի կազմակերպած ճամբարին, ուր մենք մեր գիտելիքները ամբարելէն բացի, ստեղծեցինք նոր շրջապատ եւ ունեցանք ուրախ ժամանց , յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ճամբարի կազմակերպիչներուն: Նշելով որ Այս ճամբարը ինծի համար նորութիւն մըն էր, որ լաւ հետք մը ձգեց կեանքիս մէջ: Պիտի փորձեմ խմբագրել երբ ազատ ժամանակ ունենամ, որպէսզի ես ալ իմ փոքրիկ ներդրումս ունեցած ըլլամ հայ լեզուի պահպանման գործին որ այս ճամբարի ամենակարեւոր նպատակներէն է: Յաջողութիւն բոլորին:

Նարօտ Ադամեան խմբագրել

--Narod99 (քննարկում) 14:13, 11 Օգոստոսի 2015 (UTC)[reply]

Արդէն իսկ «Ուիքի Ճամբար»-ը հասած է իր աւարտին: Շուրջ 9 օրէ, հոս համախմբուած հայկական վարժարաններ է եւ հայրենիքէն ժամանած աշակերտներու եւ պատասխանատուներու հետ անցուցինք այսպիսի հաճելի եւ ուրախ օրեր եւ պահեր, որոնք մեծ տպաւորութիւն ձգեցին վրաս: Հոս ես ունեցայ բազմաթիւ ընկերներ, սորվեցայ ըլլալ աւելի ինքնավստահ: Այո, կը խոստովանիմ, առաջին անգամն էր որ այսքան երկար ժամանակով կը հեռանամ ծնողքէս եւ կը կարծէի թէ պիտի չկարենամ ընտելանալ այս նոր միջավայրին, սակայն շնորհիւ մօրս խորհուրդներուն եւ գուրգուրոտ պատասխաններուն կրցայ յաղթահարել այս բոլոր դժուարութիւնները եւ ճամբարի աշխատանքները հասցուցի աւարտին: Աւելի ուրախ եւ գոհ պիտի ըլլամ եթէ այս ճամբարը ամէն տարի կրկնուի:

Սիլվա Գէօհիւլեան խմբագրել

--Սիլվա Գէօհիւլեան (քննարկում) 15:41, 11 Օգոստոսի 2015 (UTC)[reply]

Ուիքի Ճամբար-ը մեզի համար շատ լաւ փորձարութիւն մըն է հարկաւ՝ գիտելիքներ ամբարելու, արեւմտահայերէն լեզուն զարգացնելու եւ ինչպէս նաեւ շատ լաւ ժամանակ անցնելու միասնաբար: Մի' փախցնէ'ք այսպէս թանկագին առիթ երիտասարդներ որովհետեւ ասոնք են սկսբունքը մեծ նպատակներու եւ ինքնաշխատութեամբ փորձեցէք մաս կազմել այս փայլուն նպատակին՝ համաշխարային լեզու դարձնելու համար արեւմտահայերէնը:Վերջապէս, կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Գալուստ Կուլպէնկեան հաստատութեան, դպրոցի տնօրէնութեան եւ ինչպէս նաեւ բոլոր դասատուներուն իրենց բոլոր տեսակի օժանդանկութեան համար:

Մարիա Հապեշեան խմբագրել

Ուիքիփետիան ինծի համար եղաւ իմ երկրորդ արմատս, ան կապեց զիս իր բոլոր լուսափայլք գիտելիքներով: Մենք անորմով գրեցինք գունագեղ յօդուածներ, որոնք իրենց շողերը պիտի տարածեն աշխարհի չորս կողմերը ու հայերէնը աւելի ու աւելի կանաչ ու մշակուած լեզու պիտի դառձնեն:

Արաքս Խօշեան խմբագրել

--Araxcarla (քննարկում) 14:22, 11 Օգոստոսի 2015 (UTC)[reply]

Շատ ուրախ եմ, որ առիթը ունեցայ մասնակցելու արեւմտահայերէն ուիքիճամբարին, անմոռանալի յիշատակներ ձեռք ձգեցի եւ ծանօթացայ նոր ընկերներու: Նաեւ ներդրում ունեցայ արեւմտահայերէն ուիքիբէտիայի զարգացման: Հպարտ եմ որ սկսանք այսպիսի օգտակար աշխատանք մը, կը հաւատամ հետեւողական աշխատանքի կարեւորութեան եւ կը քաջալերեմ մեր ընկերները միանալու մեզի:

Ճէսիքա Թերզեան խմբագրել

Ուիքի Ճամբարը իսկապէս նոր, հաճելի, եւ լուսաբանող փորձառութիւն մըն էր։ Կ՛ուզեմ մեծ շնորհակալութիւն յայտնել Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան այս ճամբարին իրականացման համար։ Ուիքի ճամբարը ընդլայնեց կարողութիւններուս տեսահորիզոնը եւ ընթացքին, գիտելիքներս զարգացան։

Ուիքիփետիան աշխարհահռչակ գիտելիքներու աղբիւր է, եւ արդար պիտի դառնայ երբ արեւմտահայերը առիթ ունենան այս գիտելիքները գաղելու արեւմտահաերէնով։ Շատ ուրախ եւ հպարտ եմ այս գործունէութեան մէջ մաս կազմելուս, եւ նպաստելուս Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի զարգացման։

Կրնամ ըսել, թէ առաջ Հայ ըլլալս գիտէի․ Ուիքի Ճամբարին շնորհիւ, սփիւրքահայերուն օգտակար դառնալով, հայ ըլլալու պատասխանատուութիւնը զգացի եւ ապրեցայ։

Գարլա Քէնտիրճեան խմբագրել

--Araxcarla (քննարկում) 15:10, 11 Օգոստոսի 2015 (UTC) Ահաւասիկ 12 օրեր անցուցինք արեւմտահայերէն ուիքիճամբարին, սորվեցայ խմբագրել արեւմտահայերէն ուիքիբիտիան եւ նոր գիտելիքներ ամբարեցի: Ուրախ եմ որ այս փորձառութիւնը ապրեցայ եւ նոր ընկերներու ծանօթացայ: Հպարտ եմ որ այս արդիւնաւէտ գործին առաջին խմբագրողներուն մաս կը կազմեմ: Յոյսով եմ որ երկարաշունչ աշխատանքով կը յաջողինք զարգացնել արեւմտահայերէն ուիքիբիտիան:[reply]

Ասատուր Պասմաճեան խմբագրել

Ես մասնակցած եմ բազմաթիւ մրցոյթներու եւ համագումարներու, բայց այս տարուայ Պէյրութի Ուիքի ճամբարը շատ տարբեր էր: Սկսելով Ուիքիմիտիա Հայաստանի նախագահէն՝ Տիկին Սուսաննա Մկրտչեանի եւ Լիբանանի Ուիքի ճամբարի ընդհանուր առաջնորդ՝ Պարօն Ռաֆֆի Տեմիրճեանին, որոնց կը գնահատեմ այս հոյակապ ճամբարին դասաւորման համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մասնաւորաբար՝ Տիկին Ազնիւ Ստեբանեանին, ինչպէս նաեւ անոր հետ ընկերակցող Ուիքիմիտիա Հայաստանի ներկայացուցիչներուն:Եւ վերջապէս որպէս յաղթող մասնակից Ուիքիմիտիա Հայաստանի ճամբարին, բարձր գնահատանքի արժանի է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամը՝ հովանաւորելու համար այս հրաշալի ճամբարը:

Հուսամ որ Հայաստանի մէջ կայանալիք ճամբարը ըլլայ Պէյրութի ճամբարին նման հրաշալի!!

Լիլիթ Մկրեան խմբագրել

--LilitM2000 (քննարկում) 17:49, 11 Օգոստոսի 2015 (UTC)[reply]

Հետեւելով Ուիթնի Հիուսթընի խօսքերուն « Կը հաւատամ, որ երեխաները մեր ապագան են, իրենց լաւ դաստիարակեցէ՛ք եւ ձքեցէ՛ք ազատօրէն ընթանան. ցոյց տուէ՛ք իրենց ներքին պահուած տաղանդներն ու կարողութիւնները:», Ուիքիի ընտանիքը մեզի առիթը տուաւ, որ մեր կարողութիւնները արտայայտենք միեւնոյն ժամանակ ալ գիտելիքներ ամբարենք:

Այս մի քանի օրերը անցան ընկերային եւ ճոխ մթնոլորտի մը մէջ, ուր՝ ծանօթացանք նոր բարեկամներու եւ միասին ուրախ ժամանակ անցուցինք: Նաեւ յօդուածներ խմբագրելով՝ զարգացուցինք մեր մայրենի լեզուն ու յառաջդիմեցինք համացանցային գիտելիքներու աշխարհէն ներս:

Բայց ամէն ի՛նչ ի վերջոյ աւարտ ունի, սակայն յիշատակները կը մնան ու այս փորձարութիւնը մեզի համար կը դառնայ անմոռանալի եւ յիշատակելի: Շատ պիտի կարօտնամ Ուիքի ճամբարի օրերը եւ անհամբեր պիտի սպասեմ յաջորդ հանդիպումին:

Ռիթա Քերթէնեան խմբագրել

Ես ամէն անգամ, երբ ուսումնասիրութիւն մը ընելու համար համացանցի դիմէի, դիմացս կ'ելլէր հետեւեալ տողը, ուր կը գրուի էջին անունը անգլերէնով՝ wikipedia free encyclopedia, յաճախ հարց կու տայի ինքզինքիս թէ՛ այս էջը եւ մէջի տեղեկութիւնները ինչպէս կը ստեղծուին:

Երբ հայերէնի ուսուցչուհիս փոխանցեց թէ՛ ծրագիր մը կայ արեւմտահայերէնով ուիքիբետեայ ստեղծելու՝ շատ ուրախացայ, որովհետեւ այսպիսով նպատակս պիտի իրականանար: Ես այսօր շատ պիտի զղջայի եթէ մերժէի այս ծրագրի մասնակցութիւնը, որովհետեւ հոս՝ իմ գիտելիքներս հարստացան եւ նոր մարդոց ծանօթացայ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ:

Ես հիմա բաւարար փորձառութիւնը ունիմ ուիքիբետեայ էջին մէջ ստեղծել ու խմբագրել ուզած նիւթիս մասին յօդուած մը: Կը հաւատամ, որ այսպիսով օգտակար պիտի նպաստեմ՝ արեւմտահայերէն ուիքիբետեայի ստեղծման:

Քրիսդէլ Հաճեան խմբագրել

--Քրիսդէլ Հաճեան (քննարկում) 15:31, 11 Օգոստոսի 2015 (UTC)Քրիսդէլ Հաճեան[reply]

Այս Ուիքի ճամբարը իմ կեանքիս ամենալաւ փորձարութիւններէն մէկն էր, ուր առիթը ունեցայ զինուելու գիտելիքներով եւ ինչպէս նաեւ իմ մասնակցութիւնս բերի արեւմտահայերէնը դարձնել համաշխարային լեզու: Ծանօթացայ բազմաթիւ պատանիներու զանազան դպրոցներէ, ունեցայ նոր ընկեր ընկերուհիներ, որոնց հետ անցուցի լաւ ժամանակ: Շնորհակալութիւն կը հայտնեմ Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան որ կազմակերպեց այսպիսի ճամբար մը, նաեւ դպրոցիս տնօրէնութեան որ առիթը տուաւ մասնակցելու եւ ուսուցիջներուս որոնք քաջալերեցին զիս:

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

--Mariakeushgerian (քննարկում) 15:23, 11 Օգոստոսի 2015 (UTC)*[reply]

Նախ կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան, որ այս առիթը տուաւ մեզ խմբագրելու արեւմտահայերէն լեզուն wikipedia-ին մէջ եւ իրապէս արդէն մենք, աշակերտներս, դարձանք ընտանիք մը այս 9 օրուան ընթացքին, ու հաստատ կ՛ըսեմ ձեզ, որ շատ պիտի կարօտնամ մեր անցուցած այս հիանալի օրերը եւ պիտի ցանկամ նորէն գտնուիլ այստեղ ու նաեւ ես անձամբ կ՛ուզեմ քաջալերել իմ բոլոր ընկերներուս, որ երբ առիթը ձեռք բերեն մասնակցելու, չկորսնցնեն զայն եւ անմիջապէս ձգտին մասնակցիլ այսպիսի հիանալի ու անմոռանալի ճամբարին: Վարձքերնիդ Կատար!!

բամէլա քրտանեան խմբագրել

Արդեն «Ուիքի ճամբարը» հասաւ իր աւարտին:

Ինծի համար նոր փորձարութիւն մըն էր, շատ հաճելի եւ ուրախ ժամանակ անցուցինք: Ունեցայ նոր ընկերներ, որոնք եղան իմ ընտանիքիս պէս: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն հայտնել բոլոր անոնք որոնք կազմակերպեցին այս ճամբարը,դպրոցի տնորէնութեան, եւ նաեւ Հայաստանէն եկած աշակերտներուն որոնք մեզի օգնեցին, սորվեցուցին, եւ իրենց բոլոր ջանքը թափեցին որ մէզ հասցնեն իրենց մակարդակին:

Ալեքսանտրա Քիւսպէկեան խմբագրել

--Alkian99 (քննարկում) 15:39, 11 Օգոստոսի 2015 (UTC) Ալեքսանտրա Քիւսպէկեան Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրութեան եւ դպրոցիս, որոնք առիթը ընձեռնեցին զիս մասնակցելու այս ճամբարին, որ շատ մեծ դեր ունեցաւ արեւմտահայերէնի զարգացման եւ հայերէնի օգտագործման մէջ: Այս ճամբարը նաեւ մեծ դեր ունէր մեր ընկերային կեանքին մէջ, որուն ընթացքին ծանօթացանք նոր մարդկանց եւ անոնց հետ ուրախ ժամանակ անցուցինք: Իրապէս շատ ուրախ եմ այս փորձարութեամբ եւ յաջողութիւններս կը մաղթեմ կազմակերպողներուն իրենց հետագայ ծրագիրներուն:[reply]

Ցոլեր Տումանեան խմբագրել

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր դպրոցի տնօրէնին, որ ուղարկեց զիս այսպիսի ճամբարի մը։ Մենք ունեցանք առիթը սորվելու ուիքիբետեայ համաձանձի գործածութեանը, եւ նաեւ ստեղծելու ընկերային գեղեցիկ մթնոլորտ, ծանօթանալով նոր մարդկանց եւ ժամանակ անցնելով իրենց հետ ամբողջ ճամբարի ընթացքին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ այս ճամբարը կազմակերպողներուն եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրութեան։

Կարէն Անտոնեան խմբագրել

--Garenandon98 (քննարկում) 17:37, 11 Օգոստոսի 2015 (UTC)՛ Մասնակցելով արեւմտահայերէնի ուիքիճամբարին սորվեցայ արեւմտահայերէնով խմբագրել ուիքիբիտիան եւ հարստացնել զայն իմ գիտելիքներովս, այսպիսով հպարտ կը զգամ որ կը պատկանիմ այս օգտակար աշխատանքի առաջին խմբագրողներուն: Նաեւ ուրախ եմ նոր ընկերներու ծանօթանալուն եւ միասնաբար հաճելի ժամանակ անցնելուն: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Գ. Կիւլպէնկեան հիմնարկին ինչպէս նաեւ վարժարանիս՝ այս առիթը ընծայելու համար:[reply]

Նազարէթ Քէշիշեան խմբագրել

Անձնապէս Ուիքի Ճամբարը շատ յաջող ընդացաւ, բոլորս լաւ ընկերներու ծանօթացանք: Սկիզբը մենք բորցարութիւն չունէինք եւ խմբագրել չէինք գիտեր, բայց հիմա ես ինծմով աւելի հպարտ կ՛զգամ որ սկսած եմ խմբագրել մեր մայրենի լեզուով: Կը քաջալերեմ, որ ամէն տարի նոյն ճամբարը տեղի ունենայ եւ հայ երիտասարդութիւնը միանայ մէզի, եւ շարունակեն այս աշխատանքը:

Սագօ Գազանճեան խմբագրել

--Sako kazandjian98 (քննարկում) 17:49, 11 Օգոստոսի 2015 (UTC) Իբր առաջին փորձարութիւն, ուիքիբիտիայի մէջ խմբագրելը շատ հաճելի եւ օգտակար էր:Ուրախ եմ որ ծանօթացայ նոր ընկերներու եւ միասնաբար խանդավառ մթնոլորտ մը ապրեցանք: Հպարտ կը զգամ այս աշխատանքին մաս կազմելուս եւ կը քաջալերեմ բոլոր հայ երիտասարդները միանալու մեզի եւ միասնաբար հարստացնելու հայերէն Ուիքիփետիան:[reply]

կարօ Քէօշկէրեան խմբագրել

Ուիքի Ճամբարը ինծի պարգեւեց ուրախ ժամանակ անցնելով յառաջդիմել իմ հայերէնս: Այս հրաշալի 9 օրերը անկարելի է որ մոռցուին: Մեր բարի ուսուցչական կազմը շատ ընկերային ձեւերով սրբագրեցին մեր սխալները: Իսկ Հայաստանէն ժամանած մեր ընկերները աւելի եւս ճոխացուցին մթնոլորտը ու աւելի դիւրացուցին մեր աշխատանքը: Ես շատ ուրախացայ որ ձեւով մը կրցայ օգտակար դառձայ գալիք սփիւռքահայ սեռունդներուն խմբագրելով արեւմտահայերէն յօդուածներ որոնք պիտիտ դիւրացնեն իրենց դպրոցական աշխատանքները: Կ'ուզեմ շնորհակալութիւններս յատնել այն մարդոց որոնք ունէին իրենց մասնակցութիւնը բերին այս յաջող ծրագիրը կազմակերպելու մէջ:

Մուշեղ Յովհաննէսեան խմբագրել

Ուիքի ճամբարը ինծի համար եղաւ կեանքի նոր ուղեգիծ մը, որ զիս առաջնորդեց դէպի նոր փորձառութիւն: Խմբագրելու գծով ես անփորձ անձ մըն էի, սակայն դարձայ փորձառու շնորհիւ՝ այս ճամբարին, որուն ընթացքին նոր ընկերներու ծանօթացայ, անոնց հետ ուրախ, հրաշալի, եւ անմոռանալի պահեր անցուցի: Շնորհակալ եմ իմ դպրոցի ուսուցչուհիներէս, որոնք մեզ քաջալերեցին յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար ճամբարի ընթացքին: Շնորհակալութեան խօսք կ'ուղղեմ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս ճամբարի յաջողութեան: Եւ վերջապէս, յաջողութի՛ւն բոլոր Հայաստանի ճամբարականներուն, որոնք օգտակար պիտի դառնան հայ, եւ մանաւանդ արեւմտահայ ապագայ սերունդին...

Աւօ Քէշիշեան խմբագրել

Արժեւորում ճամբարի մասին: Արդէն իսկ մեր ճամբարը հասած է իր աւարտին եւ ժամը եկաւ ցտեսութիւն ըսելու , բայց մեզի համար պիտի ըլլայ անմոռանալի ճամբար մը , որովհետեւ այս 10 օրուայ ընթացքին մենք սորվեցանք ինչպէս արեւմտահայերէնով խմբագրել Ուիքիփետիայի մէջ:

Իւրաքանչիւրս սկիզբը ունեցանք դժուարութիւններ որովհետեւ մեզի համար խմբագրելու առաջին փորձարութիւնն էր , մեր կողքին կային օգնականներ եկած Հայաստանէն , որ իրենց գիտելիքներով եւ տեղեկութիւններով մենք կարողացանք դիւրութեամբ աշխատիլ եւ ամէն օր նորանոր յօդուածներով զարգացուցինք մենք մեզի եւ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան օրէ օր մէջտեղ բերելով կարենանք օրինակ դառնալ մեր շուրջը գտնուող երիտասարդ սերունդին , որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին կարենան մեր օժանդակութեամբ խմբագրեն եւ մեր լէզուն չմոռանանք:

Վերջապէս յատուկէն շնորհակալութիւններսՀայերէն Ուիքիփետիայի նախագահ՝ Տիկ. Սուզաննա Մկրտչեան-ին , Լիբանանի Ուիքիետիան ներկայացնող Պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան-ին, եւ Արեւմտահայերէն Ուիքիփէտիայ ծրագրի համակարգող՝ Տիկ. Ազնիւ Յովհաննէսիան-ին եւ մասնաւորապէս Գալուստ Կիւլպէնքիան հաստատութեան որուն շնորհիւ այս ճամբարը յաջողութեամբ աւարտեցինք:

մէրի մադոսեան խմբագրել

Այժմ կ'ուզեմ շնորհակալութիւններս յայտնել պրն. Րաֆֆի Տեմիրճեանին այսքան հաճելի Ուիքի Ճամբար կազմակերպելուն համար: Շատ հաճելի նախագիծ մըն է Ուիքի Ճմբարը:Հաճելի ժամեր կ'անցնենք այստեղ, հաճելի է նաեւ խմբագրելը ,ինչպէս նաեւ նոր գիտելիքներ ստանալը: Շատ ուրախ են որ այս նախագիծին մաս կազմեցի,հաճելի պահեր անցուցի այստեղ:Եւ իմ տպաւորութիւններս կ'ուզեմ փակել շնորհակալութիւններս յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ճամբարին եւ Ուիքիփետիայի կառուցման եւ զարգացման համար:

Շահէն Արապօղլեան խմբագրել

  • --Shahen books 19:00, 11 Օգոստոսի 2015 (UTC) Շահէն Արապօղլեան
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ

Մարտ ամիսն էր, երբ Տիկ. Սուսաննա անունով մեզի անծանօթ տիկին մը ներկայացաւ մեր դպրոցը, խօսելու համար Հայկական Ուիքիփետիա-ին մասին: Բոլորս ալ գիտէինք Ուիքիբէտիա-ին ինչ ըլլալը, սակայն ոչ մէկ գաղափար ունէինք անոր քուլիսներէն ներս տարած մեծ աշխատանքին մասին, մանաւանդ հայկական ուիքիբէտիա-ի պարագային: Եւ երբ մի քանի ամիս առաջ մեր տնօրէնը մեզի փոխանցեց, թէ Ուիքի Ճամբար մը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ՝ արեւմտահայերէն ուիքի յօդուածները աւելցնելու նպատակով, որոշ հետաքրքրութիւն մը ունեցայ: Մտածեցի, թէ որքա՜ն ալ ձանձրոյթ պատճառէ թարգմանութեան ու խմբագրման աշխատանքը, օրը մի քանի ժամը հանդուրժելի պիտի ըլլար, մանաւանդ, որ անոր հետ մէկտեղ պիտի ունենայինք ընկերական հաճելի պահեր ու պիտի ծանօթանայինք նոր ընկերներու: Ըսեմ ձեզի, թէ սխալած էի: Խմբագրելու յատկացուած ժամերը ո՛չ թէ շատ, այլ՝ նոյնիսկ անբաւարար էին, որովհետեւ երբ խմբագրած ատենդ մտածես, թէ այդ յօդուածը կրնայ ապագային օգտակար դառնալ, այդ խանդավառ մթնոլորտը 45 պատանիներով խմբագրելու՝ կը բազմապատկուի: Երբ բոլորս ալ լաւ ու օգտակար գործի մը ծառայելու համար կ'աշխատինք, միաժամանակ արեւմտահայերէնը վտանքուած լեզու մը ըլլալէ փրկելով, անշուշտ շատ աշխուժ ու խանդավառ էինք:

Հանգստօրէն կրնամ ըսել, թէ բոլոր պատասխանատուները զարմացած էին մեր արտայայտած հետաքրքրութեամբ նիւթին հանդէպ, եւ փաստերէն մէկն է այն որ, մտադրուած էր միայն 4 հոգի ղրկել Հայաստան՝ մասնակցելու Ուիքի Ճամբարին, իսկոյն այժմ մեր թիւը 7ն է:

Շնորհակալութիւն կ'ուզեմ յայտնել Գալուստ Կիւլպէնկեանի հիմնադրամին, Տիկ. Սուզաննային եւ բոլոր մեր կազմակերպիչ հանձնախումբին, որոնք մեր ձեռքը ուժով բռնած մեզի ուղղեցին դէպի արեւմտահայերէն արուեստագիտութեան: Կը տեսնուինք:

௫௫௰௲ խմբագրել

  • Բարեւ ձեզ, նախ սկսենք նրանից, որ ես արեւմտահայրեն եմ խոսում եւ գրում, սակայն ցանկացա տարբերւելուն համար արեւելահայերենոս էլ գայ ծւ գրել։ Ես մտել չեմ իմ ուսեռնեյմու, ցանկանալու գաղտնի մնայ։ Շատ սիրեցի ճամբարը, կը ցանկանայի որ ես ալ գայի ծմեռային ուիքիճամբարեն։ Սիրեցի ձեզ շատ իմ բարի մարդիկ։ շնորհակալութեուն քեզ արոն Րաֆֆի, դուք հրաշք եք իմ դեսած կյանքեն մեջ։ Շնորհաւորում եմ բոլոր մասնակիցներեն, ուքեր գնալու են իմ երազանքներեն Հայաստան, շնորհաւոր բոլորին։ Ես ձեզ հետ եմ հաւատացեք։ Տ․ Սուսսանա, դու ամենաբարին եք, շնորհակալ եմ ձեզի։

Կասիա Գազանճեան խմբագրել

Ահաւասիկ Ճամբարը հասաւ իր աւարտին...Այս 10 օրերը շատ առաք անցան: Շատ ուրախ եմ որ մասնակցեցայ այս ճամբարին, սկիզբը չէի ուզէր որ մասնակցիմ որովհետեւ բան մը չէի գիտէր բայց հիմա ուրախ եմ որ եկայ: Շատ ուրախ ժամանակ անցուցինք, խնդացինք, խաղցանք, զուարճացանք: Այս օրերը անմոռանալի օրեր են: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան, եւ մանաւանդ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տիկ. Ազնիւին որ մեզ օգնեց եւ սորվեցուց ամէն բաները: Շատ նոր բաներ սորվեցայ սկիզբը դժուարութիւններ ունեցայ բայց վերջը հասկցայ: Ուիքի Ճամբարը անմոռանալի ճամբար է: Նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ դպրոցիս տնօրէնութեան որ մեզ առիթը տուաւ որ մասնակցինք այս ճամբարին:

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

  • Ստորագրէ այստեղ
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

  • Ստորագրէ այստեղ
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ

Անանուն խմբագրել

Ես կը սիրեմ այս Ուիքի ճամբարը։ Արդեն «Ուիքի ճամբարը» հասաւ իր աւարտին: ... կ՛տխրեմ

Բալիկ Ծատուրեան խմբագրել

  • Բալիկ Ծատուրեան

Շատ հաճելի եւ խանդաւար էր այս ճամբարը, նորեն կը փափաքիմ մասնակցիլ եւ խմբագրել նորանոր յոդուածներ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Գալուս Կիւլպէնկեանին որ հիմնադրութեան:

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

  • Ստորագրէ այստեղ
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

  • Ստորագրէ այստեղ
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

  • Ստորագրէ այստեղ
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

  • Ստորագրէ այստեղ
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

  • Ստորագրէ այստեղ
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

  • Ստորագրէ այստեղ
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

  • Ստորագրէ այստեղ
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

  • Ստորագրէ այստեղ
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

  • Ստորագրէ այստեղ
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ

Գրէ անունդ այստեղ խմբագրել

  • Ստորագրէ այստեղ
Այստեղ գրէ տպաւորութիւններդ