«Վիքիպեդիա:Նախագիծ:Արեւմտահայերէն նախագիծ/Խմբագրաթոն Փետրուար 22, 23, 24, 2019»–ի խմբագրումների տարբերություն

Content deleted Content added
Նոր էջ «Շատ սիրելի խմբագիրներ, Կարճատեւ դադարէ ետք կը վերսկսինք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբագրաթոն...»:
(Տարբերություն չկա)

13:25, 20 փետրվարի 2019-ի տարբերակ

Շատ սիրելի խմբագիրներ, Կարճատեւ դադարէ ետք կը վերսկսինք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբագրաթոներուն։ Յոյս ունինք, որ մեծ աշխուժութեամբ բոլորդ կը միանաք այս տարուան առաջին խմբագրաթոնին, որ տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին (Ուրբաթ, 22 Փետրուար, Շաբաթ, 23 Փետրուար եւ Կիրակի, 24 Փետրուար)։

Այս տարուան ամբողջ ընթացքին կը ծրագրենք կազմակերպել պարբերական խմբագրաթոններ, երկու ամիսը մէկ յաճախականութեամբ։ Խմբագրաթոնները առիթ են, որ տարբեր երկիրներէ մեր խմբագիրները խմբուին ու միասին հարստացնեն Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի նիւթերու այս կամ այն ուղղութիւնը։

Առաջիկա խմբագրաթոններուն համար մեր խմբագիրները առիթ պիտի ունենան ներկայացնելու հետաքրքրական թեմաներ, որոնք նկատի պիտի առնուին նիւթերու ցուցակները կազմելու ժամանակ։ Սակայն, մինչ այդ, այս խմբագրաթոնին համար ընտրած ենք հետեւեալները. Նոր խմբագրուելիք յօդուածներ՝ Պատմական Հայաստանի Վասպուրական-Վան եւ Տարօն-Տուրուբերան նահանգներու վանքերը Բարելաւման կարիք ունեցող տարբեր թեմաներով յօդուածներ Ստորեւ կը ներկայացնենքէ տրամադրուած նիւթերուն ցանկը՝ համապատասխան աղբիւրներով։