«ՎիքիմեդիաՈւիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն առաջնահերթ նպատակներէն է աջակցիլ եւ խթանել, համացանցէն ներս, հայերէն բովանդակութեան եւ Հայաստանի մասին օտար լեզուներով բովանդակութեան զարգացումը՝ յատկապէս Ուիքիփետիայի եւ քոյր Ուիքի նախագիծերու օգնութեամբ, ««Արեւմտահայերէն ՈւիքիփետիայիՈւիքիփետիա»յի ստեղծում եւ զարգացում» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս, Յուլիս 10-17, «Գալոիստ Կիւլպէնկեան» Հիմնադրամի աջակցութեամբ կը կազմակերպուի «Ուիքի դասընթացք-հաւաք՝ սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու, մամուլի աշխատակիցներու եւ հետաքրքրուած անհատներու համար:
Դասընթացքը նպատակ ունի «Ուիքիփետիա»-իյի համակարգողներ պատրաստել սփիւռքի տարածքին՝ զարգացնելու «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ն եւ տարածելու «Ուիքիփետիա»-իյի մասնակցութեան գաղափարները եւ գործիքներու տիրապետումը։ Մէկ շաբթուան տեւողութեան մասնակիցները պիտի ծանօթանան «Ուիքիփետիա»-իյի գաղափարախօսութեան եւ խմբագրութեան գործիքներուն ու եղանակներուն։