Պետրոս Գալֆայեան, (1896- Խարբերդ, 1915), 12 տարեկանին որբացած կ'անցնի Պոլիս ու կ'որդեգրուի Պալաթու Արիստակէս քհն. Գալֆայանին կողմէ, որմէ կը ստանայ իր մականունը: Ուսումը խորէնեան դպրոցը ստանալէն ետք կը մտնէ առեւտրական ասպարէզ: Իր ջանքերով կը բացուի թաղին մանկապարտէզ: Կանուխնէ մտած է Հնչակեան կուսակցութեան: Կը մասնակցի Գում Գաբուի ցոյցին, ապա քարոզչական գործով կը մեկնի Ա. Փազար: 1894-ին կը փախչի Աթենք, ուրկէ Ռումանիա եւ պուլկարիա: Քէօսթէնճէի օսմանեան հիւպատոսը տեղւոյն կառավարութեան զինք ու Մ. Տամատեանը ձերբակալելով Պոլիս կ'ուղարկէ՛ բայց նաւը մայաքաղաք հասնելուն պէս անգլիացի նաւապետին շնորհիւ երկուքն ալ գիշրով իտալական նաւով Մարսիլիոյ ճամբով կը տեղափոխուին Լոնտոն, ապա Պետրոս կ'անցնի Ռուսճուք, ուր բացի առեւտրական գործէն քանի մը ընկերներով կը հրատարակեն «»Վերածնւթիւն շաբաթաթերթը, որ յետագային լոնտոն շարունակուած է լոյս տեսնել «Ապագայ» անունին տակ: