Կաղապար:Արևելահայերեն

«Ալլահ» (Աստուած)
Իսլամի տարածուածութիւնը

Իսլամը (արաբ.` الإسلام), համաշխարհային կրօն, որու հիմքը Քուրանն է: Մահﬔտականութիւնը Իսլամի հայերէն անուանումն է: Իսլամ բառն ունի մի քանի իմաստ, բառացիօրէն կը թարգմանուի որպէս «հնազանդութիւն»: Այլ իմաստներով իսլամը բացարձակ միաստուածութիւն է,Ալլահին (Աստծոյ) ենթարկուիլը: Մարդիկ, ոորնք կ'ենթարկուին Ալլահին (Աստծոյ) կը կոչուին մուսուլմաններ: Քուրանի տեսանկիւնէն, իսլամը միակ ճշմարիտ կրօնն է, անոր հետեւորդներն են բոլոր մարգարեները: Իսլամը վերջնական ձեւով ներկայացուած է Մուհամմատ Մարգարէյի քարոզներու ժամանակ, ով ստացած է տեղեկութիւններ նոր կրօնի մասին Քուրանի տեսքով:

Ալլահ արաբերէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ Աստուած, արարիչ, ամէն ինչի ստեղծող եւ կազմակերպիչ։ Բացի անոնցմէ, ոչ ոք ունի այդ յատկանիշները։ Ալլահը միակն է ու ամենակարողը, չէ ծնած, եւ ոչ ոք անոր կրնայ հաւասարիլ։ Ալլահի առկայութիւնը անհրաժեշտ է, իսկ ատոր բացակայութիւնը՝ անհնար։ Ըստ մուսուլմաններու՝ ան չունի իրեն հաւասարը, եւ ատորմով կ'արտայայտուի իր եզակի ըլլալը ։

Քուրան խմբագրել

 
Քուրանի առաջին սուրահը

Քուրանը իսլամի սուրբ գիրքն է։ Ըստ իսլամի ուսմունքի, Քուրանը ուղիղ, յաւերժական եւ իրական Աստուծոյ խոսքն է։ Քուրանը ուղարկուած է Աստուծոյ կողմէն եօթներորդ երկինք, եւ ապա՝ հրեշտակ Գաբրիելը (Ջաբրաիլը) մաս-մաս փոխանցեց այն Մուհամմատ մարգարէին աւելի քան 23 տարիներու ընթացքին։

Քուրան բառը կու գայ արաբական qurʼān բառէն (բարձրաձայն ընթերցանութիւն)։ Քուրանը բաղկացած է 114 սուրաներէն (գլուխներ) եւ 6600 այաներէն։ Ժամանակագրական կարգով կ'առանձնանան մեքքենական եւ մադինայական սուրահներ։ Մուսուլմանները կը կարծեն, որ Քուրանը կը պարունակէ Աստուծոյ նոր օրէնքը, որ ունի աննշան տարբերութիւններ նախորդող օրէնքներէն։

Մուհամմատը (մօտ 570 թ - Յունիս 8, 632 թ) - Իսլամի մարգարէն է, որ ուղարկուած է Աստուծոյ կողմէն ամբողջ մարդկութեան։ Մուսուլմանները կը հաւատան, որ Մուհամմատի միջոցով, Աստուած ուղարկած է նոր կրօնը - իսլամը - աւարտուն տեսքով, ինչպէս նաեւ Քուրանը - վերջին Աստուածային Յայտնութիւնը։ Ըստ Իսլամի դրոյթներու, Մուհամմատը – Աստուծոյ վերջին առաքյալն է անոնցմէ ետք, առաքեալներ չեն ըլլար մինչեւ դատաստանի օրը։ Մուհամմատը Մեքքենական Կուրէյշ ցեղէն էր։ Անոր նախնիներէն է մարգարէ Աբրահամը ու անոր որդի Իսմայիլը։ Ռազմաքաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ այլ ձեռքբերումները մուսուլմաններու կողմէն հանգեցուցած է անոր, որ իսլամը դարձաւ համաշխարհային կրօն։ Մուսուլմաններու տեսանկիւնէն, Իսլամի ծագումը եւ զարգացումը առաջին հերթին կապուած է Աստուածային յայտնութենէն եւ ճակատագրէն։ Իսլամը դարձաւ նոր քաղաքակրթության, նոր տիպի մտածողության, ապրելակերպի հիմքը, որոնք ազդել են մարդկութեան պատմութեան ընթացքին։

Մուսուլմանական համայնքներ գոյութիւն ունին աւելի քան 120 երկիրներու մէջ եւ համակցուած են, ըստ տարբեր տուեալներով 1,3 մինչեւ 1,9 միլիար մարդ։ 35 երկիրներու մէջ Մուսուլմանները կը կազմեն բնակչութեան մեծ մասը, իսկ 29 երկիրներու մէջ, Իսլամի հետեւորդները կը կազմեն հզոր փոքրամասնութիւն։ 28 երկիրներու մէջ, իսլամը ճանչցուած է պետական կամ պաշտօնական կրօն։ Մուսուլմաններու միայն 18% կ'ապրի արաբական երկիրներու մէջ։ Իսլամը երկրորդ ամենամեծ կրօնն է աշխարհին մէջ, քրիստոնէութենէն ետք, ինչպէս նաեւ մոլորակի ամենաարագ աճող կրօնը։

Արտաքին Յղումներ խմբագրել