Տոքթ.Ստեփան Միսաքեան

1852-ի Պոլիս ծնած Ստեփան Միսաքեանը կը հանդիսանայ այն վաղեմի բժիշկը ,որ վկայուած է Կայսերական Բժշկանոցէն:Եղած է մանկաբարձ եւ վիրաբոյժ:Շրջան մը Եէտիգուլէի հիւանդանոցը պաշտօնավարած է տոքթ Գազազեանի հիտ :

Բնակիչն ըլլալով Օրթաքիօյ շրջանին ,կ'անդամակցի միեւնոյն շրջանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ թաղականութեան խորհուրդին :

Գրիգոր Միսաքեան դեղագործը ՝ իր եղբայրը,իրեն պէս կ'ենթարկուի 1915-ի ցեղասպանութեան աքսորին, ուր երկու եղբայրներ եւս կ'ունենան բոլոր հայ մտաւորականներու վախճանը՝նահատակութիւնը:

Որպէս Աստուածային նախախնամութիւն՝ Ստեփան Միսաքեանի պաշտօնակիցներէն կը փրկուի տոքթ.Գազազեան :