Լեւոն Աճեմեան (1886, Վան1951, Երեւան), հայ մանկավարժ, ուսուցիչ, հասարակական ու կրթական գործիչ։

Կենսագրութիւն խմբագրել

Աճեմեան ծնած էր Վան, 1886-ին։ Հայրը գերդաստանական կապով հեռաւոր զարմիկն էր Արմենական հիմնադիր կազմի յայտնի անդամ Գրիգոր Աճեմեանի (հայրը հայրենի ծանօթ արձակագիր Գուրգէն Մահարիի)։ Իսկ մայրը, Վանի ծանօթ ընտանիքներէն Բաղէշճեան ընտանիքէն էր։ Լեւոնը իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Յանկոյսներու ազգային վարժարանէն ու ապա բարձրագոյն կրթութեան համար կը յաճախէ Վանի Կեդրոնական վարժարանը։

Պատանի տարիքին ան արդէն մօտէն կը հետեւէր Վանի մէջ զարգացող ազգայինազատագրական շարժումներուն, ու իր գերդաստանի Արմենական պատկանելիութիւնը զինք կը մղէ յեղափոխաշունչ դաստիարակութեան։

1902-ին այլ վանեցիներու հետ իր ընտանիքն ալ կը տեղափոխուի Ուրմիա, ուր Պարսկահայքի վանեցիներու ապաստարանը դարձած էր ու 16 տարեկանին կը դառնայ ուսուցիչ Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ նախակրթարաններուն մէջ։

Շատ չանցած, այլ վանեցի երիտասարդներու հետ, Խրիմեան Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ, կ՛անցնի Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, կատարելագործելու համար իր բարձրագոյն ուսումը։

Իսկ աւելի ուշ՝ 1908-ին, երիտթուրքերու Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կ՛որոշէ այս անգամ մեկնիլ Պոլիս ու հոն կերտել իր հանրային գործի ապագան, 22 տարեկան հասակին։

Ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ Գում Գաբուի ազգային վարժարանէն ներս, ու ապա մանկավարժական բարձրագոյն ուսման վկայականով կ՛աւարտէ Ղալաթիոյ Ազգային Կեդրոնական վարժարանը 1912-ին։

Ինչպէս նշած էինք նախապէս, Վանի մէջ իր գերդաստանին Արմենական Կուսակցութեան հակումին շնորհիւ, պատանին ինքզինք կը նկատէր շարքային ժառանգորդը այդ գաղափարախօսութեան. ու անոր Պոլիս գտնուած շրջանին, ուր նորակազմ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը կը գործէր (որուն բաղկացնող տարրերէն մէկն էր Արմենական Կուսակցութիւնը) ան ունեցաւ իր շրջանակը։

Ուսանող երիտասարդ Աճեմեանը իր խանդավառ մասնակցութիւնը կը բերէր գործօն ներդրումով: Կը կազմակերպէր Պոլսոյ Ռամկավար Ուսանողական Միութիւնը եւ հիմնադիրներէն կը դառնար Միութեան «Վերածնունդ» ամսագրին, որ շուրջ 3 տարի լոյս կը տեսնէ մինչեւ 1911 տարուան աւարտը։ Այդ շրջանին Լեւոն Աճեմեան նաեւ կ՛աշխատակցէր իր ծննդավայր Վանի մէջ լոյս տեսնող «Լոյս» ամսագրին, որուն հրատարակիչն էր Վանի Միացեալ Ընկերութեան Վարժապետանոցի տնօրէն՝ Միքայէլ Մինասեանը։

1912-ի աւարտէն առաջ, որպէս ուսուցիչ կ՛ուղարկուի ՉորքՄարզպան, Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովին կողմէ հիմնուած Քէլէկեան որբանոցէն ներս դասաւանդելու համար շուրջ երկու տարի (1912-14)։

Աճեմեան արդէն դարձած էր խանդավառ գործիչ մը հասարակական ու կրթական իր գործով, մանաւանդ Չորք Մարզպան գտնուած շրջանին, ուր կը գործէր Ռամկավար տեղական կառոյցը, կուսակցութեան Կիլիկիոյ շրջանակէն ներս։

Համաշխարհային Ա. Պատերազմը վրայ կը հասնի 1914-ի Յուլիսին, ու որպէս սպայ կը զինուորագրուի բանակ (1914-18)։ Բայց իրեն սահմանուած պարտաւորութիւնը զինք Պաղեստինի ճակատ պիտի առաջնորդէր, ուր գերի կ՛իյնայ Լեւոնը անգլիացիներու կողմէ ու կը տարուի Եգիպտոս կարճ ժամանակի մը համար։ Ազգային ականաւոր գործիչներու միջամտութեամբ ազատ կ՛արձակուի ու շրջան մը կը մնայ Գահիրէ՝ վարելով ազգային պաշտօններ։ 1920-ի սկզբնաւորութեան կուսակցական պաշտօնով կ՛ուղարկուի մասնաւոր առաքելութեամբ դէպի Կիլիկիա ու Ատանայի մէջ կը դառնայ խմբագիրը «Հայ Ձայն» թերթին, որ նախաձեռնութիւնն էր ռամկավար յայտնի առաջնորդ՝ Սեդրակ Կէպէնլեանի։ Թերթի խմբագրութեան շրջանին Լեւոն Աճեմեան երախտաւորը երիտասարդական կորովով կը տոգորէ Կիլիկիոյ բնակչութիւնը ներքին կազմակերպչական աշխատանքներու կարեւորութեամբ, որովհետեւ արդէն խմորում մը գոյութիւն ունէր Կիլիկիոյ անկախ պետութեան հռչակման համար, որ գահավիժման ենթարկուեցաւ ֆրանքօթուրք գաղտնի համաձայնութեան որպէս արդիւնք։ Լեւոն Աճեմեան իր ֆիզիքական տոկուն կազմուածքով, հակառակ պատերազմական տարիներուն մալարիայէ վարակուած ըլլալուն, միշտ ալ պարտաւոր եղած էր նոյնիսկ լեգէոնականներու հետ մասնակցիլ հակաթուրք բախումներու: Ան իր առաքելութիւնը կը շարունակէ Կիլիկիոյ մէջ մինչեւ անոր պարպումը։

1923-ին զինք կը գտնենք Կիպրոս, ուր կեանքի ընկեր պիտի ընտրէր Ատանայէն ատենին ճանչցած Ռաքէլը, որ վկայեալ վարժուհի էր Պոլիսէն։

Լեւոնին ու Ռաքէլին յետագային կազմած ընտանեկան բոյնը, իրենց օրինակով վարակեց իրենց զաւակները, որոնք յետագային պիտի դառնային գրասէր ու ծանօթ գրողներ։

1924-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Աղեքսանդրիա ու Ռաքէլին հետ կը հիմնէ եգիպտահայութեան առաջին մանկական «Փունջ» թերթը, որպէս կիսամեայ։

Տարի մը ետք, կը հրաւիրուի Գահիրէ ուսուցչական պաշտօն ստանձնելու։

Գահիրէի մէջ իր հասարակական բեղուն գործունէութիւնը կը հիմնաւորուի ՌԱԿի շրջանակի գործունէութեամբ: Կը ստանձնէ գաղութային կարեւոր պաշտօններ, երկար տարիներ կը դառնայ մնայուն եւ լաւագոյն աշխատակիցներէն «Արեւ» օրաթերթին։

Իր պաշտօններուն առընթեր ու նուիրեալ ուսուցչական ասպարէզին կողքին, ան կը դառնայ նաեւ հեղինակը դասագիրքերու՝ հայոց լեզուի ուսուցման տարրական Ա. եւ Բ. դասարաններու համար, ինչպէս նաեւ «Հայոց Պատմութիւն» նախակրթարանի վեց դասարաններուն համար, որոնք Եգիպտոսի ազգային վարժարաններէն ներս օգտագործուեցան այդ շրջանին:

Երախտաւոր Աճեմեանի ազգայինհասարակական գործունէութիւնը Եգիպտոսի մէջ կը հիմնաւորուի յատկապէս ՌԱԿի շրջանակէն ներս, ուր մաս պիտի կազմէր Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան, հետզհետէ հասարակական այլ պաշտօններ ալ վարելով եգիպտահայ գաղութէն ներս։ Իրեն կը վստահուի կազմել «Եգիպտահայ Տարեցոյց»ի հրատարակութիւնը 1925 են 1926 տարիներուն, «Փունջ»ի անսայթաք հրատարակութեան կողքին: Կը դառնայ հեղինակը փոքր պատմուածքի մը՝ «Սիհունի ջուրը պղտոր է» խորագրով։

1934-ին որպէս կուսակցական առաջնորդ, ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գահիրէի մէջ գումարուած ՌԱԿ Զ. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին։ Իսկ աւելի ուշ ՌԱԿ Է. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին (1937) կ՛ընտրուի ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ատենապետութեամբ Էօժէն Բաբազեանի։

1942-ին Աճեմեան մաս կը կազմէ Գահիրէի «Հայ Ազգային Հիմնադրամ»ի հիմնադիր կազմին: Իրեն կը վստահուի հիմնադրամի միջոցաւ հրատարակել ու խմբագրել Վանի հերոսամարտի անզուգական առաջնորդ՝ Արմենակ Եկարեանի յուշերը՝ «Յուշեր Արմենակ Եկարեանի»։ Այս ուսանելի հատորը սպառած ըլլալով, Պէյրութի մէջ վերահրատարակուեցաւ 80ական թուականներուն։

Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք, որպէս ջատագով հայրենիքէն ներս ազգահաւաքի ծրագրին, երախտաւորը առաջիններէն կ՛ըլլայ ընտանիքով հայրենիք ներգաղթելու 1947ին. իրեն կը միանայ «Արեւ»ի խմբագիր՝ Յակոբ Արամեանը։

Հակառակ իր ունեցած անհանգստութեան, որ յետագային շաքարախտով ալ զինք ընկճած էր, հայրենիքի մէջ որոշ չափով Աճեմեան կը վերագտնէ իր առողջութիւնը։ Իրեն վստահուած գրական աշխատանքներով կարճ ժամանակի մէջ հայրենիքի մէջ նոյնպէս արժանաւորապէս կը գնահատուի, բայց շատ երկար չի տեւեր հայրենադարձ երախտաւորին խանդավառութիւնը եւ ներգաղթէն չորս տարիներ ետք ան իր աչքերը կը փակէ 1951ին, 65 տարեկան հասակին։


Ծանօթագրութիւններ խմբագրել


Կատեգորիա:1886 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Վան ծնածներ Կատեգորիա:1951 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:Երեւան մահացածներ Կատեգորիա:Հայ մանկավարժներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայ ուսուցիչներ (արւմտ․)