Մասնակից:Arpi hairabedian/Ավազարկղ

Գրիգոր Պայեան 1823 Պալեան գերդաստանը շատ հին ծագում ունի եւ միշտ նշանաւոր դիրք մը գրաւած, կարելի չէ եղած կատարեալ տոհմագրութիւն մը ընել բայց 17րդ դարէն ասդին քիչ շատ վաւերական տեղեկութիւններ մնացած են:

Այն տաենները Մարաշի եւ Սիսի մէջատեղ Պալի անունով գիւղ մը կար (արդի Պէլէն Քէօյը), որուն իբր նահապետ կ'իչխէին Պալեանները:

Սէն-Մարդէն իր Հայոց պատմութիեան մէջ կը հաստատէ թէ 15րդ դարու կիսուն Պալեանները իրենց անունը տուին այդ գիւղին, զոր ապահովաբար իրենք հիմնած էին:

Այս թուականէն մինչեւ 1683 Պալեան անւունը չէ յիշուած Պոլսոյ մէջ ճիշդ այդ թուականին երբ մեծ-Եպարքա Գարա-Մուսթաֆա փաշա իր յաղթական բանակով Վիեննա կը հասնէր, Պալի Պալեան Պէլէն քէօյի մխթարը, կը մտեր տարապետուրեան պաշտօնը կը վիճակի Պալի որ բազմաշխատ կեանք մը կ'անցունէ, եւ կը կառուցանէ շատ մը շէնքեր ու եկեղեցիներ: 46 տարի ծառայելէ վերջ կը մեռնի եւ իրեն կը յաջորդէ իր Մինաս զաւակը որ իբր տչքունի ճարտարապետ կը ծառայէ Սուլթան Ահմէտ Գ.Ի եւ Մահուատ Ա.Ի ու կը մեռնի 1703ին արքունի ճարտարապետութիւնը փոխանցելով իր զաւակի Մակարի որ Պալեաններուն մէջ առաջին նշանաւոր հանդիսացողն է:

Յանդուգն, գործունեայ եւ խելացի ելլալով: Մակար քիչ ատենուան մէջ արտակարգ փայլ կուտայ արքունի ճարտարապետութեան պաշտօնին եւ երկրին ամենէն նախանձելի պաշտօնեան կը դառնայ: Բաւական ատեն այդ դիրքը կը պահէ մեծ ծառայութիւններ մատուցանելով, բայց իր թշնամիները քսութիւններ եւ ղրպարութիւններ ընելով կը յաջողին Սուլթան Մահուատ Ա.Ի վստահութիւնը խախտել եւ տքսորման հրամանագիր մը ձեռք բերելով Մտկարը կը քշեն Բարերդ:

Արքունի ճարտարապետութիւնը կ'անցնի իրենց ազգականներէն մէկուն, մինչեւ որ սուլթանին անկեղծ խորհուրդատուները կը յաջողին աքսորը հրամանը ետ առնել տալ: Երբ Սուլթանին նոր իրատէն կը հասնէր, Մակար հաստատուած էր Բաբերդի լուսաք գիւղը ուր իր զաւկին Գրիգորի կը սորվեցնէր ճարտարապետական արուեստը, Մակար մեծ պատիւներով կ'առաջնորդվի Պոլիս եւ անմիջապէս կը հաստատուի իր նախորդ պաշտօնին մէջ: Կը հաւատան թէ