Մասնակից:Areni stepanian/Ավազարկղ

Արիս Յովհաննէսեան 1812-1878 Տիրացու Արիս Յովհաննէսեան ծնածէ 1812ին, ընտանեկան մականունն էր Շալճեան Հօրը անունը Յովհաննէս որ կը բնակէր ՊոլսոյՎլանկա Թալը: կարճ միջոց մը աշակերտած է Մայր Եկեղեցիի մէջ պապա Համբարձումին եւ յետոյ Տիրացու Եղիսէի եւ Գարթալցի Յարութիւնի: Հակառակութեան պատճառով պապա Համբարձումի հրաժարելէն ետքը՝ իր երեք ընկերներէն միայն ինքը Մայր եկեղեցի մնացած էր առանց սակայն ձայնալրութեամբ զբաղելու: Այս միջոցներուն տպագրիչ Յովհաննէս Միւհենտիսեան պաշտպան կը կանգնի անոր եւ մեծամեծներու դիմում ընելով կը յաջոլի զինքը Մայր-Վարժարանի աշակերտներուն դասախօս կարգել տալ: