Մասնակից:Apo the king/Ավազարկղ

Lեռ Կամսար 1888-1965, ուսուցիչ, երգիծաբան:Ծնած է Վան, քահանայի ընտանիքի մէջ :Վանի Երեմեանի վարժարանին և ապա Էջմիախծնի Ճեմարանին մէջ եղած է փայլուն ուսանող: Ճեմարանաւարտ՝ վերադարձած է Վան 1909-ին. ուսուցչութիւն ըրած է հայոց լեզուի և գրականութեան՝ տեղւոյն Կենդրոնական վարժարանին մէջ, և աշխատակցած է <<Աշխատանք՚ >> թերթին՝ երգիծական առաջին գրութիւններով: 1915-ին գործօն մասնակցութիւն բերած է վանի ինքնապաշտպանութեան յաղթական կռիւներուն: Ռուսական բանակի նահանջին հետ՝ հակադրուած է ընտանեօք գաղթել երեւան: Հոն կրկին ուսուցիչ է , միւս կողմէ՝ Երեւանի ,Թիֆլիսի ,Պաքուի թերթերուն մէջ կը շարունակէ հրատարակել երգիծական գրութիւնեեր, որոնք ուշադրութիւն կը գրաւեն: 1920-ին, խոհրդայնացումէն ետք, կ՛անցնի Պարսկաստան, բայց յաջորդ տարին կը վերադանայ, ուր կը հրաւիրուի աշխատելու <<Խորհրդային Հայաստանի >> թերթին մէջ. արդէն ճանչցուած էր իբր առաջին գիծի երգիծաբան, նոյնիսկ եթէ իրեն տրուած արտահայտութեան սահմանները շատ հասմանափակ են 1924-ին լոյս կը տեսնեն իր առաջին հատորները: 1935-ի հալածանքներուն, Երեւանի մէջ կը բանտարկուի տարի մը , ապա երկուքկէս տարի կ'աքսորուի Սիպերիա: Վերադարձին ներքին աքսորով կը ղրկուի Սեւանի լեռնային շրջաններ, ուր կը զբաղուի մեղուաբուծութեամբ մինչեւ [[1953].. Կեանքի վերջին տասնամեակին՝ կը վերահաստատուի իր անմեղութեան մէջ: կը վերատառնայ երեւան,, աշխատակցութիւն կը բերէ