Մասնակից:Alicia baboghelian/Ավազարկղ

Կարապետ Վրդ․ Շահնազարեանց, Կարապետ վրդպ․ Շահնազարեանց այն բացառութիւններէն է որ ունեցած է Հայ Կղերը իր դասակարգին մէջ, որով առանց սեղմուելու կրօնամոլ մտայնութեան աւանդական սահմաններուն մէջ, ջանացած է իր ամէն մէկ գործը իբր լուսաւորութեան եւ արդիւնաւորութեան մէկ մէկ փունջ նուիրել ազգին։

Ծնած է Պարսկաստանի Համատան քաղաքին մէջ 1814 Մայիս 14ին, պատանեկան հասակին հօրը հետ կուգայ Էջմիածին ուր աւարտել է յետոյ իր տարրական ուսումը կը մտնէ Ժառանգաւորաց վարժարանը, իր իմացական բարձր կարողութիւններով մեծաւորներուն ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ, այսպէս որ իր պաշտպանը եւ բարերաիը Երեւանցի Յովսէփ Ա․ Ե․ Պ․ Մարուքեանցի առաջարկութեամբ Սինօղը 1835ին իր ծախքով Թիֆլիզ Արզանովներու գիշերօթիկ վարժարանը կ'ուղարկէ զինքը ուսումը կատարելագործելու համար։