Մշակ, հասարակական-քաղաքական, գրական թերթ։ Հրատարակուած է 1872-1921 թուականներուն, Թիֆլիս։ Թերթին հիմնադիրն ու առաջին խմբագիրը եղած է՝ Գրիգոր Արծրունի։ Հետագային, «Մշակ»ի խմբագիրները եղած են Ալեքսանդր Քալանթարը, Ա. Առաքելեանը եւ Լէոն։ «Մշակ»-ը եղած է «Հիււսիսափայլ» ամսագրի ժառանգորդն ու շարունակողը, որ ի տարբերութիւն «Հիւսիսափայլ»-ի, կը հրատարակուի Թիֆլիսի մէջ։ Հիմնադիրը եղած է հրապարակախօս ու քննադատ՝ Գրիգոր Արծրունին։ Արծրունի Կրթութիւն ստանալէ ետք Գերմանիոյ մէջ, կը վերադառնայ Հայաստան :Ան կ՝ երազէ անձնական լրագիր ունենալ ։ Հարուստ ռազմական գործիչ մը ըլլալով՝ Երեմիա Արծրունիի որդի՝ Գրիգոր, կը բախի նիւթական մեծ դժուարութիւններու, որովհետեւ հայրը թերթի մը խմբագրութիւնը կը համարէր ոչ պատուաբեր՝ իր զաւկին համար։ Օր մը, Թիֆլիսի մէջ, «Եւրոպա» սրճարանին մէջ, Արծրունի կը հանդիպի երկու երիտասարդներու՝ Միհրդատ Ամերիկեանի և Գէորգ Չմշկեանի , ուր կը պարզուի, թէ անոնք կ՝ երազէին հայկական թատրոն մը ստեղծել։ Այդ օրն իսկ ընդունուած է «Մշակ» թերթի հիմնադրման օրը։

Թերթը  նախ սկսած է լոյս տեսնել շաբաթական  մէկ անգամ, այնուհետև՝  երկու, երեք ու հինգ անգամ։

«Մշակ»-ի հրատարակման տարիները կը համընկնին Արևելեան ճգնաժամի, ճնշուած ազգերու ազատագրական շարժման, ռուս-թրքական պատերազմի, Պերլինեան Քոնկրէսի ու Հայկական հարցը վերացնելու հետ։ Ժամանակաշրջանը հարուստ էր պատմական իրադարձութիւններով։ Թերթը հանդէս կու գար ազատական - պուրժուական դիրքերուն վրայ գտնուող հոգևորականութեան եւ պահպանողականներու կարծրամտութեան դէմ: Կը գրէր Թուրքիոյ հայերու ծանր կացութեան մասին, բարձրացնում էր ժողովուրդի լուսաւորութեան, կանանց իրաւունքներու, հայ գրականութեան ու արուեստի զարգացման հարցերը։ Գիւղացիներու եւ բանուորներու ճնշուած իրավիճակը նոյնպէս իր արտացոլումը կը գտնէր «Մշակ»-ի էջերուն մէջ։ Թերթն ունէր նաև օտարերկրեայ թղթակիցներ, որոնք տեղեկութիւններ կը հաղորդէին արտասահմանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին։ Գրիգոր Արծրունի եղած է բարեփոխումներու կողմնակից ։ Թերթին մէջ կը տպագրուէին Րաֆֆիի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի, Ալեքսանտր Շիրվանզադէի և այլոց ստեղծագործութիւնները։ «Մշակ»-ի հետ նաև կը համագործակցէր Անդրէաս Արծրունին՝ Գրիգոր Արծրունիի եղբայրը, որ տնտեսագիտական կրթութիւն ունենալով, թերթին մէջ մեծ տեղ կը յատկացնէր տնտեսագիտական հարցերուն։

«Մշակ» թերթը 1893-1913թթ. 1892 թ. Դեկտեմբերի 19-ին, կը մահանայ «Մշակի» տաղանդաւոր խմբագիր՝ Գր. Արծրունին և թերթը կը դադրի լոյս տեսնելէ։ 1893 թ. Հոկտեմբերի 14-էն՝ Ալ. Քալանթարի խմբագրութեամբ։ Թերթի առաջին թիւին մէջ նոր խմբագիրը կը հաւաստիացնէ իր հաւատարմութիւնը թերթին նախկին ուղղութեան եւ սկզբունքներուն։ «Մշակը» 1893-1913 թուականներուն, նոյնպէս պարբերաբար արծարծած է հայ ժողովուրդի կրթութեան ու լուսաւորութեան հետ կապուած հարցերը, քննարկած է գրականութեան և արուեստի օրուան հարցերը, հայ ժողովուրդին հրամցուցած է ռուս և համաշխարհային գրականութեան գոհարները։ «Մշակ»-ը, հակառակ ցարական գրաքննութեան յարուցած դժուարութիւններուն, ընդարձակ տեղ կը յատկացնէր արևմտահայութեան հարցին՝ հանգամանօրէն անդրադառնալով 1894 - 1896 թուականներու Սուլթան Համիտի կողմէ կազմակերպուած արևմտահայութեան կոտորածին, 1904 թուականի Սասնոյ ապստամբութեան,եւայլն։ Թերթը կը մատնանշէր եւս Զուիցերիոյ մէջ նոր ստեղծուած երիտթուրքերու կազմակերպութեան նենգ քաղաքականութիւնը: «Մշակը» եկեղեցւոյ վերակառուցումը առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը կը համարէր,ըստ որուն, եկեղեցին հարկ էր հրաժարէր աւանդական շարք մը սկզբունքներէն։ Եկեղեցին իսկապէս ժողովուրդին ծառայեցնելու նպատակով, կ՝առաջարկէր բոլոր եկեղեցական գիրքերը թարգմանել աշխարհաբարի։

1913 թ. Հոկտեմբերի 20-ին, Րաֆֆիի մահուան տարելիցին օրը կը մահանայ «Մշակ»ի խմբագիր՝ Ալ. Քալանթարը,որուն կը փոխարինէ՝ Համբարձում Առաքելեանը։