Մասնակից:Մեղրի Ապրիլեան/Հեռատեսիլ եւ Լուսանկար

Հեռատեսիլ խմբագրել

Հեռատեսիլը կը փոխանցէ շարժուն պատկերներ եւ անոնց ձայները: Հեռատեսիլի յայտագիրները մեզ կը զուարճացնեն եւ առիթ կու տան որ հետեւինք աշխարհի անցուդարձներուն:

Հեռատեսիլի Սթիւտիօ խմբագրել

Հեռատեսիլի սթիւտիոյի մը մէջ, նկարներն ու ձայները կը վերածուին ալիքներու որոնք մթնոլորտի մէջ կրնան ճառագայթել: Այդ ալիքները կ'ընդունին ալեհաւաքին կողմէ եւ կը փոխանցուին հեռատեսիլի գործիքին որ զանոնք վերստին նկարներու եւ ձայներու կը վերածէ:

Հեռատեսիլի Նկարներ խմբագրել

Նկարային նշանները կը լուսաւորեն ապակիէ պաստառիկին ետեւը գտնուող գունաւոր մանր կէտեր (կարմիր, կանաչ եւ կապոյտ): Այս լուսաւոր կէտերն են որ կը կազմեն նկարը: Իսկ նկարները իրարու կը յաջորդեն շատ արագ կերպով՝ երկվայրկեանը 25 հատ: Իւրաքանչիւրը քիչ մը կը տարբերի նախորդէն: Այդ պատճառով, շարունակական շարժումի տպաւորութիւնը կու տան:

Հեռատեսիլի Camera խմբագրել

Հեռատեսիլի camera մը իր ստացած նկարն ու ձայնը կը վերածէ ելեկտրական նշաններու: Նկարի (վիտէոյի) եւ ձայնի այդ նշանները իր փոխանցուին հաղորդիչի մը որ զանոնք ալիքի կը վերածէ եւ բոլոր ուղութիւններով կը սփռէ:

Տեսագրութեան Գործիք խմբագրել

Տեսագրութեան գործիք մը գլխաւորապէս կ'ընդգրկէ արձանագրութեան, ընթերցումի եւ ջնջումի գլուխներ եւ մագնիսական երիզը դարձնող սարք մը: Արձանագրութեան գլուխը երիզին վրայ կը թողու շէղակի հետքեր՝ իւրաքանչիւր նկարի համար մէկ հատ: Ընթերցումի գլուխը այդ հետքերը վերստին կը վերածէ նկարներու եւ ձայներու, ձայնագիր գործիքի սկզբունքին նման:

Արբանեակ խմբագրել

Երկրագունդին շուրջ ծիրի մը վրայ թաւալող արբանեակները երկրի մը հեռատեսիլի կայանէն յայտագիրներ կը ստանան եւ զանոնք կը սփռեն ուրիշ երկիրներու վրայ: Այդ ալիքները ընդունելու համար զուգորդաձեւ (parabolique) ալեհաւաք մը անհրաժեշտ է: Երբեմն ալ վերծանիչ մը՝ եթէ ալիքները ծածկագրուած են:

Լուսանկարչութիւն խմբագրել

Լուսանկարչական ժապաւէն մը ձգանիւթէ (plastique) երիզ մըն է քիմիական նիւթերով ծածկուած որոնք փոփոխութեան կ'ենթարկուին երբ լոյս տեսնեն: Լուսանկարչական գործիք մը լոյսը կ'ուղղէ դէպի այդ ժապաւէնը հոն նկար մը արձանագրելու համար: Ոսպնեակի մը շնորհիւ, ան ժապաւէնին կը փոխանցէ անհրաժեշտ լոյսի քանակը:

Աղբիւրներ խմբագրել

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ 2001-2002 ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ'ԱՇԽԱՏԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM