Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն[1]

խմբագրել

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն: Հ.Բ.Ը.Մ. -ի Հիմնադիր Նախագահ Պօղոս Նուպար, ինը գաղափարակից անդամներու ընկերակցութեամբ, 1906 Ապրիլի 15-ին, նախաձեռնեց կազմակերպութեան մը ստեղծումին, որ պիտի ծառայէր համայն հայութեան եւ պահպանէր հայ ինքնութիւնը: Կազմակերպութեան անբասիր համբաւը շուտով արձագանգ գտաւ հայ ժողովուրդին մօտ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը 20-րդ դարու ընթացքին եղաւ ու մնաց հայ ժողովուրդին նուիրուած կազմակերպութիւնը: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գործունէութիւնը, որ ինքնին հայ ժողովուրդի վերջին հարիւրամեայ պատմութեան ժամանակագրութիւնն է, հաւատարմօրէն սատար հանդիսացաւ հայութեան՝ Ցեղասպանութեան, բնական աղէտներու, ներգաղթի, գաղթավայրերու հաստատման, վերածնունդի եւ անկախ պետականութեան վերիվայրումներով հարուստ իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին: Մեր անդամներու եւ բարերարներու հաւատաւոր օժանդակութեան շնորհիւ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ը աճելով դարձաւ համաշխարհային ճանաչում եւ վստահութիւն վայելող կազմակերպութիւն մը, որ իր միջոցներով կը ծառայէ հայ ժողովուրդին` Սփիւռքի ամբողջ տարածքին եւ Մայր Հայրենիքի մէջ: Գիտակից եւ հաւատարիմ մեր նախնիներու եւ նախորդող սերունդներու նախաձեռնութեանց եւ նուիրումին, մեր կազմակերպութեան աւելի քան հարիւրամեայ ծառայութիւնը, կարեւոր դեր կատարած է եւ խոր ազդեցութիւն ձգած է ի նպաստ հայ ժողովուրդի գոյապահպանումի պայքարին: Հ.Բ.Ը.Մ.-ը համաշխարհային գործունէութիւն կը ծաւալէ յատկապես կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական բնագաւառներու մէջ, իր աւելի քան 69 Մասնաժողովներով եւ մասնաճիւղերով, 47 համայնքային կեդրոններով ու գրասենեակներով, 27 Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբերով, 25 ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցներով, նաեւ զանազան ծրագիրներու տրուած օժանդակութեամբ, որոնց շարքին՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը, Տարէցներու Ճաշարաններ, Հայորդեայց Տուներ, Համալսարանական կրթաթոշակներ, ամառնային ճամբարներ, մարզական եւ սկաուտական խումբեր, ասպարէզային փորձառութեան ծրագիրներ, կատարողական արուեստներ եւ վեց տարբեր լեզուներով լոյս ընծայուող հրատարակութիւններ: Թեւակոխելով 21րդ դարը, Հ.Բ.Ը.Մ-ը յանձնառու կը մնայ հայ ժողովուրդին ծառայելու իր կոչումին, կրթական եւ մշակութային պատեհութիւններ ընձեռելով մերօրեայ հայ երիտասարդութեան, յօգուտ աշխարհասփիւռ համայնքներուն:

Ծանօթագրութիւններ

խմբագրել
  1. «Մեր պատմութիւնը». AGBU | Armenian non-profit organization (ամերիկյան անգլերեն). Վերցված է 2018-08-30-ին.