Կաղապար:Օրվա հոդված/Նոյեմբերի 25, 2017 թ.
Զբօսաշրջութիւնը Ֆինլանտայի Մէջ (ֆին.՝ Matkailu Suomessa), Ֆինլանտայի Հանրապետութեան տնտեսութեան գլխաւոր եկամուտներէն մէկն է։
Ֆինլանտա կը գտնուի Հիւսիսային Եւրոպայի Սքանտինաւեան թերակղզիի արեւելքը։ Տեղակայուած է Պալթեան վահանի սահմաններուն մէջ։
Ֆինլանտայի զբօսաշրջութեան պատմութեան բարձրակէտը կը համարուի 1996 թուականը, երբ այս երկիրը կը դառնայ Շենկենեան համաձայնութեան անդամ (Նախորդ տարի Ֆինլանտա միացած էր Եւրոպական Միութեան)։ 2011-ին Ֆինլանտա այցելած են 7,3 միլիոն զբօսաշրջիկներ, ինչ որ 17 %-ով կը գերազանցէր 2010-ի ցուցանիշները։ 2013-ի տուեալներով զբօսաշրջիկներու համար Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ Ֆինլանտա այցելելու համար տրուած է աւելի քան 1,5 միլիոն վիզա։ 2014-էն սկսեալ Ֆինլանտա կը սկսի հետաքրքրել ասիական երկիրներու զբօսաշրջիկները, մասնաւորապէս Ճափոնէն, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութենէն եւ Հարաւային Քորեայէն:
Որպէս զբօսաշրջային երկիր՝ Ֆինլանտա ունի իր բնորոշումները... Ավելին⇒