Կաղապար:Օրվա հոդված/Նոյեմբերի 12, 2017 թ.
Հրաչ Եդուարդ Տասնապետեան (28 Յուլիս 1928, Հալէպ - 16 Մարտ 2001, Պէյրութ), հայ կրթական մշակ, մտաւորական, հրապարակախօս եւ ազգային-քաղաքական գործիչ։
Տասնապետեան յաճախած է ծննդավայր Հալէպի Ազգային Հայկազեան մանկապարտէզը, ապա նախակրթարանը։ Տարի մը Մխիթարեան վարժարան յաճախելէ ետք, անցած է Հալէպի Ֆրանսական Լիսէն, որու փակումէն ետք՝ երկրորդական ուսման վերջին երկու տարիները՝ 1945-էն սկսեալ, ամբողջացուցած է Պէյրութի Ֆրանսական Լիսէին մէջ։ Տարի մը հետեւած է Պէյրութի Ուսողութեան եւ Բնագիտութեան Ուսմանց ու Հետազօտութիւններու Կեդրոնի դասընթացքներուն, ապա 1947-ին մեկնած է Լիոն (Ֆրանսա)։ Ստանալէ ետք բնագիտութեան տիտղոսը, երկու տարի աշակերտած է Ճարտարարուեստական Քիմիագիտութեան Բարձրագոյն դպրոցին, ուրկէ վկայուած է իբրեւ քիմիագէտ-ճարտարագէտ։ Թեկնածու դառնալով տոքթորական աւարտաճառի, տարի մը փորձագիտական աշխատանքի ընդունուած է... Ավելին⇒