«Մասնակից:Betty Kilerjian/Ավազարկղ»–ի խմբագրումների տարբերություն

Content deleted Content added
Փոխվում է էջը 'Կատեգորուա:Ուիքիփետիա:«Հայ-հորդանանյան համագործակցություն» նախագծի հոդվածներ Երեւանի...'-ով
Պիտակ՝ Փոխարինում
No edit summary
Տող 36.
 
Գիտածիքի եւ դպրության օր
 
 
Երկրի օր
Տող 43 ⟶ 42՝
 
Խաղաղության միջազգային օր
 
Հայ Ժորովուրդը ապրած եւ իր բազմադարեան պատմութիւնը կերտած է գլխաւորաբար այն հողամասին վրայ, որ ծանօթ է Հայկական Լեռնաշխարհ կամ Բարձրաւանդակ անունով։
 
Անոր սահմանները կը հասնէին [[Հիւսիս |հիւսիսէն]] [[Փոքր Կովկաս (արեւմտահայերէն)|Փոքր Կովկասի]] լեռնաշղթաները, [[Հարաւ|հարաւէն]]՝ [[Կորդուաց Լեռներ|Կորդուաց]] (Քիւրտիստանի) եւ Մասիուս լեռները, [[Արեւելք|արեւելքէն]]՝ [[Ուրմիոյ Լիճ|Ուրմիոյ լիճի]] մօտերը, [[Արեւմուտք|արեւմուտքէն]]՝ Անտիտաւրոս ([[Եփրատ գետ (արեւմտահայերէն)|Եփրատէն]] արեւմտուտք) ։ Աւելի քան 300.000 քառ. քմ. ։
 
Մարդկային հասարակութեան կազմաւորումն ու զարգացումը հարիւր հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունի։
 
Ըստ հնագիտական եւ երկրաբանական տուեալներու, մարդը երեւան եկած է մեր երկրագունդի պատմութեան չորրորդական ժամանակաշրջանի սկիզբները, այն տեղերուն մէջ, ուր անոր համար գոյութիւն ունեցած են բնական նպաստաւոր պայմաններ, աշխարհագրական միջավայր։
 
Նախնադարեան պատմութիւնը ըստ աշխատանքային գործիքներու կը բաժնուի.-
 
*Քարէ դարի, պղինձէ – քարէ դարի (Էնիոլիթ), պրոնզէ դարի, երկաթէ դարի։ Քարէ դարն ալ իր կարգին կը բաժնուի երկու գլխաւոր շրջանի.- Հին Քարի դար (Պալիոլիթ) եւ նոր քարէ դար (Նէոլիթ)։
 
Պալիոլիթը կամ հին քարէ դարը տեւած է քանի մը հարիւր հազար տարի։
 
Չորրորդական ժամանակաշրջանի սկիզբը, այն շրջաններուն երբ մարդը կը սկսի յայտնուիլ, [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանը]] ոչ թէ սառցագաշտերով ծածկուած էր, այլ եղած է մերձարեւադարձային խիտ անտառներով շրջան մը, անոր կլիման եղած է շատ մեղմ եւ խոնաւ, այսինքն՝ կեանքի զարգացման ձեռնտու։
 
[[Արագած (արեւմտահայերէն)|Արագածէն]] դէպի հարաւ-արեւմուտք շրջանին մէջ գտնուած են բազմաթիւ քարէ գործիքներ՝ հին քարի շրջանէն (Արզնի, Ճաթղըռան, Տաճարաբակ, Ջրաբեր եւ այլ գիւղեր)։ Այսպիսի գործիքներ գտնուած են նաեւ [[Արեւմտեան Հայաստան|Արեւմտեան Հայաստանի]] [[Կարս (արեւմտահայերէն)|Կարս]], [[Արճէշ]], [[Մալաթիա (Արեւմտահայերէն)|Մալաթիա]] եւ այլ շրջաններու մէջ։
 
Այս շրջանէն կենդանիներու կմախքներ եւ ոսկորներ հանուած են Լենինականի, [[Ախուրեան (գետ)|Ախուրեան գետի]] ափին, [[Երեւան|Երեւանի]], [[Լոռի (մարզ, արեւմտահայերէն)|Լոռիի]], [[Խնուս (Արեւմտահայերէն)|Խնուսի]] շրջաններէն եւ պահուած են Հայաստանի երկրաբանական, բրիտանական եւ այլ թանգարաններու մէջ։
 
Նոր քարի շրջանը տեւած է մօտ 8 հազար տարի, մարդը այլ երկիրներու կարգին նաեւ Հայաստանի մէջ, հնարած է նետն ու աղեղը։ Հայաստանի մէջ այս շրջանէն գտնուած են մշակուած ու յղկուած, մասնագիտական դարձած գործիքներ եւ զէնքեր, կացիններ, մուրճեր, նետի սլաքներ, նիզակի ծայրեր։ Այս շրջանին մէջ կը սկսի նաեւ [[Երկրագործութիւն|երկրագործութիւնը]] եւ [[Անասնապահութիւն|անասնապահութիւնը]]։ Պեղումները եւ հնագիտական տուեալները ցոյց կու տան, որ երկրագործութիւնը սկսած է Ք.Ա. Դ. Հազարամեակի կէսին։ Երկրագործութեան առաջին կեդրոնները եղած են [[Արարատեան Դաշտ|Արարատեան դաշտը]], [[Արածանի (արեւմտահայերէն)|Արածանի]] գետին ստորին հովիտը,Վասպուրականի Հայոց Ձորը։
 
Այս շրջանին կը սկսի եւս բրուտագործութիւնը, Հայաստանի մէջ, նոր քարէ դարէն, գտնուած են սեւ եւ բաց կարմրաւուն ամաններ՝ ձեռքով պատրաստուած։
 
Մետաղի մշակման իրականացման առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ պղինձի – քարի դարը։ Այս շրջանը Հայաստանի մէջ տեւած է Գ. համազարմեակի կէսէն մինչեւ Բ. հազարամեակի կէսը։ Հայաստան հանդիսացած է մետաղաշինութեան հնագոյն վայրերէն մէկը, շնորհիւ [[Գուգարք (արեւմտահայերէն)|Գուգրաքի]], [[Սիւնիք|Սիւնիքի]], Վասպուարականի եւ այլ շրջաններու բազմաթիւ պղինձի, կապարի, երկաթի, անագի հարուստ հանքերուն։ Այս շրջանի բնակատեղիներէն բացառիկ նշանակութիւն ունեցած են [[Երեւան|Երեւանի]], Էջմիածնի, [[Վան (արեւմտահայերէն)|Վանի]] մօտ եղածները։
 
Պղինձի դարու Հայաստանի բնակավայրէն եւ դամբարաններէն գտնուած են պղինձէ կացիններ, ուրագներ, դանակներ, դաշոյններ, ասեղներ, նիզակի ծայրեր, եւ այլն։ Գառնիի մօտերը գտնուած է նոյնիսկ պղինձէ կացին ձուլելու քարէ կաղապարը, որ ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի պղինձէ իրերը ձուլուած ու պատրաստուած են հոն եւ ոչ թէ դուրսէն բերուած։ Այս շրջանին մէջ զգալիօրէն կը զարգանան անասնապահութիւնը եւ բրուտագործութիւնը։ Այս շրջանէն գտնուած սեւ եւ բաց կարմաւուն կաւեղէնները զարդարուած են երկրաչափական, բուսական եւ կենդանական զարդանկարներով։ Շինուած են նոյնիսկ արձանիկներ։
 
Էնիոլիթին կը յաջորդէ պրոնզի դարը, որ կը տեւէ Բ. համազարմեակի կէսէն մինչեւ Ժ. դարը։ Զուտ պղինձը փափուկ ըլլալուն մէկ կողմ նետուեցաւ եւ սկսաւ պրոնզի գործածութիւնը։ Այսպիսի իրերու առատութիւնով յայտնի են [[Ալլավերտի|Ալլավերտիի]], [[Նոյեմբերեան|Նոյեմբերեանի]], [[Կիրովական (Արեւմտահայերէն)|Կիրովականի]], Ղափանի, Գորիսի, Վանի, Խարբերդի շրջանները։ Կան կացիններ, դանակներ, մարգաղներ, սանձեր, ասեղներ եւ այլն։
 
Պրոնզեդարեան մարդը բազմաթիւ լեռներու մէջ, մասնաւորաբար [[Արագած (արեւմտահայերէն)|Արագածի]] եւ [[Գեղամայ Լեռներ|Գեղամայ լեռներու]] լանջին կը շինէ ջրանցքներու եւ առուներու լրիւ ցանցեր, լեռնային աղբիւրներէ սկսեալ, խմելու, անասունները ջրելու եւ արօտավայրերը ոռոջելու համար։ Այս շրջանին կը սկսին նաեւ խողողի եւ պտղատու ծառերու մշակութիւնները։ Հայաստանի մէջ եղած պեղումները ցոյց կու տան նաեւ, թէ այս շրջանին Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ ապրող մարդը ունեցած է նաեւ արօր եւ կամ։
 
Պրոնզէ դարու մէջ է դարձեալ, որ տեղի կ՛ունենայ առշատանքի առաջին կարեւոր հասարակական բաժանումը՝ երկրագործութեան եւ անասնապահութեան բաժանումը։ Նաեւ, աւելի եւս կը զարգանան բրուտագործութիւնն ու մետաղաշինութիւնը։ Երկրագործական մարզի մէջ կը սկսին եւ արագօրէն կը զարգանան փայտամշակութիւնը, քարակոփութիւնը, կաշեգործութիւնը, ջուլհակալագործութիւնը, եւ այլն։
 
Երկաթէ դարը Հայաստանի մէջ սկսած է Ժ. դարուն, շնորհիւ [[Հայկական Տաւրոս|Հայկական Տաւրոսի]], [[Վասպուրական (Արեւմտահայերէն)|Վասպուրականի]], Չորրորդ Հայքի, [[Սասուն (արեւմտահայերէն)|Սասունի]], [[Գողթն (արեւմտահայերէն)|Գողթնի]], Լոռիի եւ Գեղարքունիքի երկաթի հանքերուն։
 
Երկաթէ գործիքները մինչ այդ չտեսնուած չափով կը բարձրացնեն աշխատանքի արտադրողականութիւնը եւ կ՛ընդլայնեն արտադրութեան բոլոր ճիւղերը։ Կը սկսի Սեւանի աւազանի եւ Հայաստանի այլ վայրերուն մէջ գտնուող անտառներու ոչնչացումը՝ մշակելի տարածութիւններ ստեղծելու համար։ Ցորենի, գարիի ու հաճարի մշակումներու կողքին կը սկսուին մշակուիլ նաեւ կորեկ, ոսպ, սիսեռ, իւղատու հատիկներ։ Շատ մեծ չափով կը զարգանան բրուտագործութիւնը, այգեգործութիւնը, պտղամշակութիւնը։ Գինիի, գարեջուրի եւ ձէթի պատրաստութիւնը ծանօթ էր ոչ միայն ուրարտացիներուն, այլ նաեւ Հայաստանի մէջ ապրող այլ ցեղերու։
 
Երկաթէ դարուն մէջ արհեստները այն աստիճան կը զարգանան, որ կը սկսին ենթարկուիլ մասնագիտացման, եւ յառաջ կու գայ աշխատանքի հասարակական Բ. կարեւոր բաժանումը՝ արհեստներու բաժանումը երկրագործութենէն։
 
[[Յիսուս Քրիստոս|Քրիստոսէ]] քանի մը դար առաջ իսկ մեր երկիրը Հայաստան կը կոչուէր, եւ այդ երկրի բուն պատմական շատ դարեր առաջ հոն հաստատուած են այլ ժողովուրդներ։
 
ԺԴ – ԺԳ (Ք.Ա.) դարերուն Վանայ լճի շրջանի եւ անկէ հարաւ եւ արեւմուտք ինկած ընդարձակ տարածութեան վրայ կ՛ապրէին բազմաթիւ ցեղեր, որոնց գրաւած հողամասը կը կոչուէին Նայիրի երկիր։ Այս կոչումը առաջին անգամ յիշատակուած է [[Ասորեստան (Արեւմտահայերէն)|Ասորեստանի]] Սալմանասար Ա. թագաւորի (1280-1261) արձանագրութիւններէն մէկուն մէջ։ Այս շրջանին ցեղապետ – թագաւորի պաշտօնը ժառանգական էր։
 
Նոյն հողամասը աւելի ետք կը կոչուի Ուրարտու։
 
Թ. դարու (Ք.Ա.) կէսերուն դարձեալ [[Վանայ լիճ (արեւմտահայերէն)|Վանայ լճի]] շրջանին մէջ կը կազմաւորուի եւ պատմութեան թատերաբեմ կ՛իջնէ Հայկական Լեռնաշխարհի ամենահին պետութիւնը, որ ասորեստանեան արձանագրուծեանց մէջ կը կոչուի Ուրարտու։ Այս անունը շատ տարածուած եղեր է Արեւմտեան [[Ասիա (արեւմտահայերէն)|Ասիոյ]] մէջ եւ Աստուածաշունչի մէջ փոխուած է Արարատի, իսկ Հերոդոտոսի մէջ՝ Ալարոդի։
 
Յիշեալ հողամասերուն վրայ բնակող ժողովուրդները, Նայիրացիք կամ Ուրարտացիք, միեւնոյն ազգին պատկանող բազմաթիւ ցեղերէ կը բաղկանային, բայց թագաւորները Վանեան կամ Տոսպեան արձանագրութեանց մէջ իրենց բնագաւառը «Խալտիս» եւ ժողովուրդները «Խալտի» կը կոչէին։ Ասոնք ազգական էին Վրացիներուն եւ Հիթիթներուն։
 
Ժամանակի ընթացքին այս երկիրը գաղթած են բազմաթիւ ցեղեր, որոնցմէ կարելի է յիշել.
 
# Ասորեստանեան ցեղերը, որոնք եկան ծաւալողական նպատակներով, բայց ձուլուեցան Ուրարտացիներուն մէջ։ Ասոնց նախահայրերն էին Սանասար եւ Ադրամելիք, իսը գաւառը՝ Սասուն։
 
# Հրեաներ, որոնք Ուրարտու գաղթեցին Նինուէի եւ [[Բաբելոնի Աշտարակ (արեւմտահայերէն)|Բաբելոնի]] կործանումէն ետք։
 
# Հիթիթներ՝ Կապադովկիայէն (արձանագրուած է, որպէս օրինակ, թէ 22274 Հիթիթներ Ուրարտու փոխադրուած են պարտադրաբար, Արգիստիս Ա. Թագաւորին կողմէ)։
 
Այս բոլորը սակայն տակաւ ձուլուած եւ հայացած են։
 
Հայաստան, Նայիրի-Ուրարտու, պետութիւն մը չէր կազմեր, երբեք ազգայնական միութիւն մը գոյութիւն չէ ունեցած Արարատեան հողին վրայ, այլ դաշնակցային պետութիւն մը, բաղկացած եօթ թագաւորութիւններէ, տարածուած Ալաշկերտի հովիտէն մինչեւ [[Ճորոխ գետ|Ճորոխ գետը]].-
 
ա- Ուրարտուի (Արարատ) թագաւորութիւնը.
 
բ- Բիանայ (Վան) համանուն լճակին արեւելեան շրջանը.
 
գ- Միննի (կամ Մանա) Ուրմիոյ լիճին հարաւը.
 
դ- Մուսասիր Վանայ եւ Ուրմիոյ լիճերուն միջեւ.
 
ե- Միլտիս՝ Բարձ Հայքի համազօր.
 
զ- Նայիրի՝ Վանայ լճին հարաւակողմը.
 
է- Մելիտ Եփրատի Վերին հոսանքներու աջ ափը։
 
Սակայն պատերազմներու եւ յեղափոխութիւններու պատճառով ասոնմէ ոմանք երբեմն կը բաժնուէին միւսներէն։ Բաց աստի, ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքնին բաժնուած էր բազմաթիւ անկախ ցեղերու եւ իշխանութեանց։
 
Ք.Ա. 1410-էն սկսեալ այս երկիրները (Հայաստանը) թիրախ եղան Ասորեստանի յարձակումներուն (թիւով մօտ 10 գլխաւոր յարձակումներ), երբ հիմնուեցաւ Արամէական կամ [[Արամեան Հարստութիւն|Արամեան հարստութիւնը]], որ տեւեց մինչեւ 590 թ., նախ (մինչեւ 719 թ. երբ Ռուսաս Ա. մեռաւ) ուժեղ եւ ազգային միութեան գաղափարներով, ապա տկար եւ լոկ անուանական թագաւորներով։
 
Ապա եկան Սկիւթացիները եւ Կիմմերները, որոնք ջախջախեցին եւ աւերեցին ոչ միայն Նայիր-Ուրարտուն, այլ նաեւ ասոնց տիրող երկիրը՝ Ասորեստանը։
 
Մօտ 640-ին արիական կամ Հնդեւրոպական մեծ եւ ազնուական ընտանիքին մէկ ճիւղը՝ Արմէնները, [[Հայկ Նահապետ (արեւմտահայերէն)|Հայկ Նահապետի]] առաջնորդութեամբ մտան Խալտիս կամ Ուրարտու, ժամանակի ընթացքին զօրացան եւ աճեցան ու երկրին տուին իրենց առաջնորդին անունը, լեզուն, կրօնքը եւ աւանդութիւնները՝ բնականաբար շատ յաճախ ուժի զօրութեամբ։ Բնիկ, տեղացի ժողովուրդէն խոշոր խումբ մը ձուլուեցաւ նոր, եկուոր ժողովուրդին մէջ, բայց այլ մաս մը չկարենալով հանդուրժել, գաղթեց դէպի հիւսիս, Կովկասեան լեռնաշղթային եւ [[Սեւ Ծով (արեւմտահայերէն)|Սեւ ծովու]] միջեւ գտնուող հողամասը, այսօրուան [[Տրապիզոն (արեւմտահայերէն)|Տրապիզոնի]] եւ Պաթումի շրջանները։
 
Ուրարտուի կործանումէն (590) ետք Է-Զ (Ք.Ա.) դարերուն է, որ երեւան եկած է Հայ ժողովուրդը։
 
Նինուէի անկումով, Մարական կայսութիւնը, ունեցաւ գեղիշխան դիրք Առաջաւոր Ասիոյ մէջ։ Ան իր ազդեցութիւնը եւ տիրապետութիւնը տարածեց Ասորեստանի, [[Կապադովկիա (Արեւմտահայերէն)|Կապադովկիոյ]] եւ Հին Ուրարտուի վրայ, որ վերածուած էր Հայաստանի։
 
Սակայն Մարաստանի տիրապետութիւնը Հայաստանի վրայ լոկ թեւարկութիւն մըն էր, որովհետեւ Հայերը Մարերուն հետ աւելի զինակից էին քան իսկական հպատակ, ունէին ազգային անկախութիւն, ինչպէս կը վկայէ [[Քսենոփոն (Արեւմտահայերէն)|Քսենոփոն]]։
 
Առաջին հայ թագաւորը եղաւ Պարոյր Հայկազն, որ շատ աւելի ենթակայ էր Մարերուն, քան Երուանդ Ա., զոր պէտք է նկատել առաջին հայ իսկական թագաւորը։
 
*1280 – 1261 Առաջին գրաւոր տեղեկութիւնները՝ Նայիրի երկրի եւ Ուրարտու ցեղային միութեան մասին։
 
*Թ. դարու կէսերուն կը կազմաւորուի Ուրարտական պետութիւնը, որ կը պայքարի Ասորեստանի դէմ։
 
*835 – 825 Ուրարտուի մայրաքաղաք Վանի (Տոսպ, Տուշպա) կառուցումը։
 
*825 – 810 Մուսասիրի միացումը Ուրարտուի։ Ուրարտական գրի եւ գրականութեան ստեղծումը։
 
*810 – 781 Արարատեան դաշտի, [[Տարօն|Տարօնի]],[[Արածանի (արեւմտահայերէն)|Արածանիի Հովիտի]] եւ Ծոփքի միացումը Ուրարտուին։
 
*782 Էրեբունի (Երեւան) քաղաքին հիմնադրութիւնը։
 
*685 – 645 Ուրարտուի հզօրութեան մասնակի վերականգնումը, մօտ երկու դար տեւող տկարացումէ եւ անկումէ ետք։ Թէյշեբանի (Կարմիր բլուր) քաղաքի հիմնադրութիւնը։
 
*Է. դարու վերջերը Սկիւթական ցեղերու ներխուժումը Անդրկովկաս եւ անոնց գրաւումները։
 
*Է. դարու վերջերը Մարական պետութեան յառաջացումն ու զօրացումը։
 
*605 Ասորեստանի վերջնական կործանումը։
 
*590 ուրարտական պետութեան կործանումը։
 
*580 – 535 Հայաստանի կ՛իշխէ առաջին հայ թագաւորը՝ Երուանդ Ա.։
 
*535 – 525 Տիգրան Ա. կը զինակցի Կիւրոսի (Աքամենեան) եւ կը գրաւեն բազմաթիւ երկիրներ։
 
*519 – 518 Վահագն, Տիգրանի որդին, կ՛ապստամբի Դարեհ Վշտասպեանի դէմ, որ յեղափոխութեամբ մը թագաւոր եղած էր։ Այս պատերազմները յիշատակուած են Պիսիտոնի հռչակաւոր յաղթութեան կոթողին վրայ։
 
*518 – 330 Հայաստան կը մնայ պարսկական (քամենեան հարստութեան) իշխանութեան տակ։ Այս շրջանին Հայաստան բաժնուած էր երկու սատրապութիւններու եւ կային քանի մը ազատ ցեղեր, որոնք կը կառավարուէին բնիկ իշխաններու կողմէ։ Արքայից Արքան իր ընդարձակ կայսրութեան ժողովուրդներուն արգիլած էր իրարու դէմ պատերազմիլ եւ այդ պատճառաւ Հայաստան մօտ երկու դար ապրեցաւ խաղաղութեան մէջ։ Երկու դարերու այս տիրապետութիւնը մեծապէս կերպարանափոխեց Հայաստանը, որովհետեւ հայերը կրցան օգտուիլ խաղաղութեան բարիքներէն, բացին առեւտրական մեծ եւ կարեւոր ճամբաներ, հիմնեցին քաղաքներ եւ աւաններ, զարգացուցին ճարտարարուեստը եւ երկրագործութիւնը (մետաղներ, գինիներ, անուշահոտ իւղեր, գարեջուր, որդան կարմիր ներկը, դրամաշինութիւնը, եւ այլն), զարգացուցին վաճառականութիւնը։ 401 -400 թուականներուն տեղի կ՛ունենայ 10.000 յոյն զօրքերու նահանջը՝ Հայաստանի ճամբով, Նահանջ Բիւրոց։
 
*330 Հայաստան կ՛իյնայ Մեծն Աղեքսանդրի իշխանութեան տակ։
 
*312 Ասորիքի եւ [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստանի]] հետ Հայաստան մաս կը կազմէ Սելեւեկեան հարստութեան։
 
*305 Աղեքսանդրի մահէն ետք (323) անոր զօրավարներուն անհամաձայնութիւններէն օգտուելով, հայերը կը վռնտեն մակեդոնիացիներուն կողմէ նշանակուած փոխարքան եւ կուսակալ կը նշանակեն հայ իշխան մը՝ Արդուարդ (305-280), որ շուտով կը զօրանայ եւ շատերու կողմէ կ՛ընդունուի որպէս թագաւոր։
 
*190 կը հիմնուի Արտաշէսեան հարստութիւնը՝ Արտաշէս Ա.ի կողմէ, որ իր պատերազմները կը մղէ միայն անկախ եւ ազատ Հայաստան մը ստեղծելու համար։
 
*187 Աննիբալի առաջարկով, Արտաշէս Ա. կը շինէ [[Արտաշատ (արեւմտահայերէն)|Արտաշատ]] քաղաքը [[Արաքս (արեւմտահայերէն)|Երասխի ափին]], եւ զայն կ՛ընէ իր մայրաքաղաքը։
 
*95 Հայաստանի թագաւոր կ՛ըլլայ Տիգրան Գ., որ կոչուած է «[[Մեծն Տիգրան |Մեծն Տիգրան]]»։ Պայծառ իմացականութեամբ եւ վճռակամութեամբ օժտուած էր։ Ան յաղթականօրէն պարզեց հայկական դրօշը Արեւմտեան Ասիոյ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։ Կ՛երազէր Հայաստանի փառքը հռչակել [[Միջերկրական Ծով (արեւմտահայերէն)|Միջերկրականի]] ափերուն վրայ։
 
Մինչեւ 70 թուականը Մեծն Տիգրան կը մղէ 8 յաղթական պատերազմներ կը եւ գրաւէ [[Կապադովկիա (Արեւմտահայերէն)|Կապադովկիան]], [[Կիլիկիա (արեւմտահայերէն)|Կիլիկիան]], [[Ասորիք (արեւմտահայերէն)|Ասորիքը]], [[Փիւնիկէ|Փիւնիկէն]], [[Միջագետք (արեւմտահայերէն)|Միջագետքը]], Մարաստանը եւ Ծոփաց Աշխարհը։ այս շրջանին շինել կու տայ եւ մայրաքաղաք կ՛ընէ Տիգրանակերտը՝ վաճառականական, քաղաքակրթական եւ ռազմական շատ կարեւոր եւ բարգաւաճման ձեռնտու դիրքի մը վրայ։
 
*70 թուին կը սկսի Տիգրան Մեծի տկարացման եւ անկման շրջանը, մինչեւ որ 69-ին Լուկուլլոս կը գրաւէ Տիգրանակերտը եւ բազմաթիւ այլ քաղաքներ։ Յաջորդ տարի Տիգրան կը յաջողի հակադարձել ե բազմաթիւ յաղթանակներ ունենալ հռոմէական բանակներուն դէմ (գլխաւորաբար [[Արածանիի Ճակատամարտ (արեւմտահայերէն)|Արծանիի ճակատամարտը]])։ Ներքին պայքարներ կը ծագին եւ կը զարգանան Հայաստանի մէջ յաջորդ երկու տարիներուն եւ Տիգրան կը ստիպուի դաշնագիր կնքել Պոմպէոսի հետ, երկիրը անտեղի արիւնայեղութենէ ազատելու համար, երբ արդէն մօտ 80 տարեկան էր, եւ մղած 15-ի չափ պատերազմներ, զսպած քանի մը դաւաճանութիւններ եւ ապստամբութիւններ։
 
*66 թուին կնքուած Պոմպէոս – Տիգրան յիշեալ դաշնագրով Տիգրան կը մնայ «Հայոց Արքայ»։
 
*55 թուին Տիգրան Մեծ կը մեռնի 85 տարեկանին։ Իր ժառանգին կը ձգէր աւելի մեծ եւ զօրաւոր Հայաստան մը, քան իր գահակալութեան նախօրեակին։ Իր շնորհիւ Հայաստան [[Հռոմ (արեւմտահայերէն)|Հռոմի]] բարեկամ եղաւ եւ այս պատճառով ալ անկախ մնաց երկար տարիներ։
 
*53 թուին կը կնքուի Հայ – Պարթեւական բարեկամական եւ զինակցական դաշինքը։
 
*51 – 40 Հայ – Պարթեւական բանակներու յաջող արշաւանքները [[Ասորիք (արեւմտահայերէն)|Ասորիք]], [[Փիւնիկէ]], [[Պաղեստին (արեւմտահայերէն)|Պաղեստին]]։
 
*20 Հռոմա-Պարթեւական դաշնագրի կնքումը։ Հռոմի գերիշխանութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ։
 
* Ք.Ե. 14 Արտաշէսեան հարստութեան անկումը։ Վերջին գահակալն էր [[Երատօ թագուհի|Երատօ թագուհին]]։
 
*16 - 60 Հայաստան կը կառավարուի օտար արքաներով։
 
*61 Տրդատ Ա. իր եղբօր՝ պարթեւներու Վաղարշ Ա. թագաւորի օգնութեամբ կը տիրէ Հայաստանին, հիմը դնելով Հայ Արշակունեաց հարստութեան։
 
*66 Տրդատ Ա. կ՛երթայ Հռոմ, ուր Հայաստանի թագաւոր կ՛օծուի։
 
*140 կը շինուի [[Վաղարշապատ (արեւմտահայերէն)|Վաղարշապատ]] քաղաքը, որ 164-ին մայրաքաղաք կ՛ըլլայ։
 
*287 Հայաստանի գահը կը բարձրանայ Տրդատ Գ., որ Տիգրան Մեծէն ետք մեր երկրին պիտի բերէր ամէնէն խոր եւ կարեւոր յեղաշրջումը, բոլոր հայկական գաւառները ենթարկելով թագաւորի կեդրոնական իշխանութեան։
 
*305 Հայաստանի պետական կրօնք կ՛ընդունուի [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութիւնը]]։ հայերը կրնան արդարօրէն հպարտանալ այս իրողութեամբ, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք եղաւ հայոցմէ 87 տարի ետք Հռոմի մէջ, 191 տարի ետք [[Ֆրանսա|Ֆրանսայի]] մէջ, 300 տարի ետք՝ Անգլիոյ եւ 500 տարի ետք՝ Գերմանիոյ մէջ։
 
*337 Հայաստանի արքայ Տրդատ Գ. կը մեռնի։ Իր օրերուն հայաստան 40 տարի պատերազմ չունեցաւ ու ժողովուրդը խաղաղ ապրեցաւ։ Տրդատ իր զաւակին՝ Խոսրով Կոտակի կը ձգէր կազմակերպուած, զօրաւոր եւ քրիստոնեայ երկրի մը գահը։
 
*340-ի մօտերը Դուին մայրաքաղաքի հիմնումը։
 
*342 – 350 Իշխանութիւն Խոսրով Կոտակի զաւկին՝ Տիրանի, զոր պարսիկները կը կուրցնեն։
 
*350 [[Արշակ Բ. (արեւմտահայերէն)|Արշակ Բ.]] կը ստանայ հայոց թագը, իր հօրմէն։ Ան անմիջապէս կը ձեռնարկէ երկրի վերակազմութեան եւ թագաւորական հեղինակութեան վերականգնումին, որոնցմէ ոչինչ մնացած էր իր հօր իշխանութեան օրով։ Արշակ Բ. ծաղկեցուց երկիրը, վերջ տուաւ քինախնդրութեան եւ ոխին, պատասխանատու պաշտօնները յանձնեց ձեռնհաս մարդոց։ Շինեց [[Արշակաւան]] քաղաքը՝ իր, կամ առհասարակ թագաւորին իշխանութիւնը ապահովելու համար։ Նախարարները բողոքեցին այս քայլին դէմ եւ ի վերջոյ 358-ին քանդեցին քաղաքը։ Պասիկ Արքայից Արքայ Շապուհ իր աչքերը կուրցնելով բանտարկեց Անյուշ բերդին մէջ, 367-ին։
 
*355 – 385 «Երեսնամեայ Պատերազմիկներ»ը, պարսիկներու եւ բիւզանդացիներու միջեւ։
 
Աշխարհակալական թաքուն իղձերը պատերազմի փոխուեցան գլխաւորաբար Հայաստանի պատճառաւ։
 
Շատ կարճ դադարներով իրարմէ բաժնուած այս պատերազմները մղուած են չորս հայ թագաւորներու.- Արշակ Բ.ի, [[Պապ Թագաւոր|Պապի]], Վարազդատի, Մանուէլի շրջաններուն։
 
*367 – 369 Հայոց թագը Պապի գլխուն, իսկ բուն իշխանութիւնը արքայամայր Փառանձեմի ձեռքին կը մնան։ Հայաստան կ՛ենթարկուի պարսկական վայրագ ջարդերու եւ յարձակումներու։
 
*370 Պապ թագաւոր իր մօր նահատակումէն ետք կը ստանձնէ նաեւ գործնական իշխանութիւնը։ Կը յաջողի վտարել պարսիկները։ Ընթրիքի մը ընթացքին դաւադրաբար կը սպաննուի բիւզանդացիներէն։
 
*385 Հայաստան կը բաժնուի երկու մասերու.-
 
ա) Յունական կամ Բիւզանդական Հայաստան, փոքր բայց ծաղկեալ, բարգաւաճ եւ ռազմագիտական կարեւոր դիրքով։
 
բ) Արեւելեան կամ Պարսկական Հայաստան։
 
Իւրաքանչիւրը ունէր թագաւոր մը, որ անշուշտ աւելի ձեւական էր, քան գործօն։
 
*391 Յունական Հայաստանէն քանի մը նախարարներ կ՛անցնին Պարսկական Հայաստան, որուն թագաւորը Խոսրով ուզեց միացնել բաժնուած երկիրը, բայց յոյն կայսրը մերժեց օգնել իրեն, իսկ պարսիկ շահը զայն բանտարկեց Անյուշ բերդին մէջ։
 
*404 Վռամշապուհ ուսումնատենչ, բարի, արդար եւ հայրենասէր արքան մեկենաս կ՛ըլլայ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին եւ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետին, որ կ՛ընէ գիրերու սրբազան գիւտը։ Կը ջնջուին հեթանոսութեան վերջին կայծերը եւ հիմը կը դրուի հայ դպրութեան։
 
*415 Պարսիկ Յազկերտ Շահը իր Շապուհ որդին Հայաստանի թագաւոր կը կարգէ։
 
*419 – 422 Հայաստան կ՛ապրի բացարձակ անիշխանութեան տակ, որովհետեւ Շապուհ Պարսկաստան կ՛երթայ իր մեռած հօր գահին տիրանալու համար։
 
*422 -428 Պարսկական բաժնին վրայ կ՛իշխէ Արտաշէս Գ., զոր Վռամ Ե. շահը գահընկէց կ՛ընէ, հայ նախարարներու պահանջին վրայ։
 
*428-ին վերջ կը գտնէ Արշակունեաց հայակական հարստութիւնը, որ 580 տարուան մէջ Հայաստանի գահին տուաւ 21 արքաներ։
 
*429 Հայաստան կը սկսի կառավարուիլ կուսակալներով, ծանօթ՝ «մարզպան» անունով։ Մարզպանները Հայոց Աշխարհը կը կառավարէին ապակեդրոնացման դրութեամբ։ Այս շրջանին Դուին եղաւ մայրաքաղաք։
 
Մարզպանութեան շրջանին տեղի ունեցան ապստամբական երեք շարժումներ։
 
*451 Ա. ապստամբութիւն, գլխաւորութեամբ սպարապետ [[Վարդան Մամիկոնեան|Վարդան Մամիկոնեանի]]։ Հայերը 66 հազարով կը ճակատին 300 հազարի դէմ, Տղմուտ գետի ափին, Աւարայրի դաշտին մէջ։ Ապստամբութիւնը կը յաջողի իր էութեան եւ նպատակին մէջ, որովհետեւ պարսիկները կ՛արտօնեն կրօնական պաշտամունքը։
 
*481 – 483 Բ. Ապստամբութիւն, ղեկավարութեամբ սպարապետ Վահան Մամիկոնեանի։ Հայերը բազմաթիւ մանր ճակատամարտերով կը ստիպեն կնքել Նուարսակի դաշնագիրը (483), որ վերստին ազատութիւն կու տար կրօնական ազատ պաշտամունքի եւ ազգային այլ հարցերու կարգադրման համար։
 
*536 Հայերու առաջին կարեւոր ապստամբութիւնը [[Բիւզանդական Կայսրութիւն|Բիւզանդական Կայսրութեան]] դէմ, Առաջին Հայքի (Սեբաստիա եւ շրջանները) մէջ։
 
*553 Հայկական թուականի սկիզբը։
 
*571 Գ. Ապստամբութիւն, ղեկավարութեամբ Վարդան Գ. Մամիկոնեանի, դարձեալ կրօնական պատճառով։
 
*618 Հռիփսիմէ տաճառի կառուցումը։
 
*630 Հայաստան կը ձերբազատուի պասրկական գերիշխանութենէն եւ կ՛անցնի բիւզանդական գերիշխանութեան։ Մարզպանը կը փոխարինուի «Կիրապաղատ»ով։
 
*640 - 642 Արաբները կը գրաւեն Հայաստանը։ Հայ նախարարները կը յաջողին կրօնական պաշտամունքի եւ ներքին ինքնավարութեան կարգ մը հարցերու ազատութիւն ապահովել։ Հայաստան կը կառավարուի «ոստիկան»ներով, երբեմն հայ, երբեմն արաբ։
 
*850 - 852 [[Սասունի Ապստամբութիւն|Սասունցիներու ապստամբութիւնը]] արաբներու դէմ՝ [[Խութեցի Յովնան |Խութեցի Յովնանի]] ղեկավարութեամբ։
 
*861 Արաբները որոշ իշխանութիւններ եւ իրաւունքներ կու տան Հայոց եւ Հայաստանի։ Ոստիկան-կառավարիչ Աշոտ Բագրատունի Սմբատեանի կը տրուի «իշխանաց իշխան» կոչումը։
 
*885 Հայաստանի մէջ կը ստեղծուի հայկական պետութիւն՝ արաբներուն ենթակայ։ 861-ին նոր պետութեան մայրաքաղաք կ՛ըլլայ Անին, որ շուտով ոչ միայն կը գեղազարդուի եւ կը ծաղկի, այլեւ կ՛ամրանայ։ Աշոտ թագաւոր կ՛օծուի, Աշոտ Ա. անունով։ Այնքան դիւանագէտ էր, որ «Հայաստանի մէջ բան մը չէր ըրած որ հաճելի չըլլար իրեններուն եւ օտարներուն», ըստ պատմագրի մը։ Կը մեռնի 890-ին։
 
*885 - 895 [[Թոնդրակեան Շարժում|Թոնդրակեան շարժման]] սկզբնաւորութիւնը։
 
*908 Արծրունեաց թագաւորութիւնը կը հիմնուի Վասպուրականի մէջ, Գագիկ Արծրունիի կողմէ, ազգավնաս փառասիրութեամբ եւ ի վնաս [[Բագրատունիներու Թագաւորութիւն|Բագրատունիներու]] միացեալ Հայաստանին։
 
*924 Հայկական պետութիւնը կ՛ըլլայ ամբողջովին անկախ եւ ոչ մէկ արաբ զինուոր կը մնայ։ Այս բոլորը [[Աշոտ Բ․ Երկաթ (արեւմտահայերէն)|Աշոտ Բ.]]ի (Երկաթ) օրով։
 
*962 Կը հիմնուի Կարսի թագաւորութիւնը, Մուշեղ Բագրատունիի կողմէ, որ Աշոտ Երկաթի եղբայր Աբբաս թագաւորի զաւակը եւ Աշոտ Գ.ի եղբայրն էր։
 
*968 - 970 [[Սեւանայ Լիճ|Սեւանայ լիճի]] շրջանին, [[Սիւնիք]], մէջ կը կազմուի հայկական նոր թագաւորութիւն մը՝ իշխան Սմբատի կողմէ։ Երկրին լեռնային լաւ դիրքին շնորհիւ այս պետութիւնը իր անկախութիւնը պահեց մինչեւ 1169։
 
*989 [[Գուգարք (արեւմտահայերէն)|Գուգարքի]] կամ [[Լոռի (մարզ, արեւմտահայերէն)|Լոռիի]] թագաւորութեան ստեղծումը։