«Կան»–ի խմբագրումների տարբերություն

Content deleted Content added
Յաւելում
Տող 1.
Կանեցիներու փրկուած ժառանգներն ապաստանած էն Շիրակ եւ Ջաւախք, անոնց շառաւիղներու որոշ մասը Կիւմրի է ապաստանած, բայց կանեցիներու ժառանգները գրեթէ ամբողջութեամբ ապաստանած էն Շիրակի մարզի Արթիկ քաղաքին մէջ, պատահական չէ, որ Արթիկի բնակչութեան կէսէն շատը կանեցիներ էն, կամ ինչպէս տեղւոյն լեզուով կ՛ըսուի՝ կանցի էն, կը խօսին Կարնոյ  արեւմտահայ բարբառով (ինչպէս Շիրակը եւ Ջաւախքը), միայն՝ փոքր այլ շեշտադրութեամբ, իրենց կը կոչեն՝ «կանցի, ան ալ՝ վերին մայլէցի», պատճառն այն է, որ Արթիկ քաղաքէն ներս կանցոնց տուները շինուած էն աւելի բարձրադիր վայրերու վրայ եւ վերեւէն իշխող դիրք կը գրաւեն ամբողջ քաղքին վրայ: Կանցիք շատ հմուտ արհեստաւորներ էն, քարի եւ պատաշարութեան հմուտ ու մեծ վարպետներ էն, կանցի կիները յայտնի էն իրենց հմուտ արհեստավարժ տնայնավարութեամբ, մաքրասիրութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ եւ միշտ իրենց կրցածի չափով աջակցած էն իրենց ամուսիններուն՝ փորձելով թեթեւցնել անոնց հոգսը: Կանցի իւրաքանչիւր էրիկ մարդ պէտք է առնուազն մէկէն շատ արհեստ տիրապետէ, նոյն աւանդոյթը կը շարունակուի նաեւ Արթիկին մէջ՝ մինչ օրս: Կը խօսին Կարնոյ արեւմտահայերէնի շատ գեղեցիկ ու իւրայատուկ խօսուածքով, սակայն ցաւօք՝ վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին արդէն միջին եւ երիտասարդ սերունդը ենթարկուեցաւ Կարնոյ արեւմտահայերէնի Կարսի խօսուածքի ազդեցութեանը (Արթիկի գրեթէ կէսը նաեւ կարսեցիներ էն) ուստի կամաց-կամաց կորստուեան կը մատնուի Կարնոյ բարբառի Կանի խօսուածքը: Կարնոյ բարբառի Կանի խօսուածքով բերենք քանի մը շատ տարածուած բառերու եւ արտայայտութիւններու նմոյշներ, զորօրինակ՝ նա՛նը քընէ- անդի՛ն գնա, կամ մէկդի՛ քաշուիր, թաթման-ձեռնոց, ամպհովանի-հովանոց, այսման, այդման, կամ՝ ըսանկ, ըտանկ- այսպէս այդպէս, ասանկ-ատանկ, վէ՞րանվե՞րման -ինչպէ՞սինչպիսի՞, օր՝ աս վէ՞րանվե՞րման բան կ՛էնէս օղուլ- ինչպիսի՞ բան կ՛ընես, որդեակ, վերան-վերեւ, բարձր, օր՝ ըտորէն վերան բան չ՛կայ, ատորմէ բարձր բան չ՛կայ, ատորմէ անդին բան չ՛կայ, ի՞նճըխ կամ՝ ինչըխ- ինչպէ՞ս, վէ՞վ- վո՞վ, ո՞վ, վերիտի- գոտղատեղէն վերեւի հագուստ՝ շապիկ, կամ՝ այլ վերնազգեստ, մանչ-տղայ երեխայ, ղուզէյ (թրք. հիւսիս)-ծմակ, ստուերոտ տեղ, ոչ արեւկող- օր՝ տունս ղուզէյ է, թօփ էնել կամ ժողուել-հաւաքել, ժողուել, սէյր էնել-նայել մտիկ ընել, քալէ՛-քալէ՛ եւ այլն: Կանցիք Շիրակ ու Ջաւախք, յատկապէս՝ Շիրակի Արթիկ բնակավայր գաղթեցան երեք ալիքով, առաջինը 1830 –ականներուն, սակայն կանցիներու՝ դէպի Շիրակ ( յատկապէս՝ Արթիկ) ու Ջաւախք գաղթի այս ալիքը շատ քիչ էր, եւ չնչին թիւ կը կազմէին Կարինէն եւ յատկապէս՝ Կանէն հոն գաղթածները, բայց երկորրդ եւ ամէնայ խոշոր ալիքը կատարուեցաւ 1894-95 ականներուն՝ Ապտուլ Համիտի կազմակերպած մեծ ջարդերու ժամանակ եւ, եւ երրորդը՝ Մեծ Եղեռնի ժամանակ հրաշքով փրկուած քանի մը ընտանիքներու տեսքով, բայց մեծ մասը կը կազմեն համիտեան ջարդերւ ժամանակ գաղթածները: Այժմեան Կանը Էրզրում քաղաքի լքուած ծայրամասի մը կարգավիճակ ունի , գրեթէ անբնակելի, եւ կարգ մը այցելուներու վկայութիւններու համաձայն՝ հոն  մինչ այժմ դեռ կանգուն կը մնան հայ արհեստաւորներու խանութներու, գործատեղիներու եւ կրպակներու որոշ մասը{{Այլ կիրառումներ|Կան (այլ կիրառումներ)}}
{{Արևմտյան Հայաստանի բնակավայրեր
|հայերեն անվանում =
Ստացված է «https://hy.wikipedia.org/wiki/Կան» էջից