«Մասնակից:Aliiique/Ավազարկղ»–ի խմբագրումների տարբերություն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
 
Տող 1.
Կիպրոսի օրինակին նման, որուն պատճառաւ անուանած են զինքը Պասմաճի եւ ոչ թէ Պոյանի ինչպես որ անուանած են Մուրատ Վարժապետի կենսագիրներէն ոմանք: Հոն երեք զաւակ կ՛ունենայ Աբրահամ, Մուրատ եւ Գրիգոր: Մուրատ, որ գրասէր էր եւ հեզահոգի բնաւորութեամբ, ժանտախտէ կը մեռնի Բիրիոյ մէջ, նոյնպէս Գրիգոր,իսկ Աբրահամ կ՛ամուսնանայ Ագուլեցի Յարութիւն Պայրնի աղջկան Աննաի հետ, ուրկէ կ՛ունենայ երեք զաւակ, առաջինը Յարութիւն՝ Մուրատ մանկութեամբ ծանօթ, Գրիգոր եւ Եղիսաբէթ: Մուրատ Յարութիւն կը ծնի 1801ին Բիրիոյ մէջ, քիչ ժամանակ ետք իր մայրը մեռնելով, Բիրիոյ մէջ ունեցած տունը կը նուիրէ Բիրիոյ եկեղեցւոյն եւ իր Մուրատ զաւակին հետկը պանդխտի, ինք մեղմ բնութեամբը իր ամէն ազգի բարեկամներուն սիրելին էր: 1828ին, երբ Այնթապ կը գտնուէր իր զաւակին հետ, օր մը իր սիրած մէկ կերակուրը կ՛ուզէ ուտել, ուտելէն ետք կ՛օրհնէ իր Մուրատ զաւակը, կը կտակէ թէ աւանդոււի որդւոց որդի իրեն Օձնեցի Յովհաննէս իմաստասէրի ցեղէն ըլլալնին. (Թէեւ ապացոյցներ կը պակսին) եւ կը մեռնի: Իր զաւակը Մուրատ, որուն մէկ աչքը մանկութեան ատեն ծաղկի հիւանդութենէն խաթարուած էր, շատ կը փափաքէր նկարչութիւն սորվիլ՝ երբ դերատի մանուկ մըն էր տակաւին, եւ ահա գիշեր մը երազին մէջ կը տեսնէ որ Կեսարիոյ Ս. Կարապետի վանքը գացերէ եւ հոն նկարիչ մը Ս. Կարապետի պատկերը կը նկարէր եւ նկարին աջակողմի անկիւնը Աստուծոյ ձեռքը կ՛երեւէր: Այս երազը իր Հօրը պատմելով, հայր ու տղայ կ՛ուխտեն երթալ Ս. Կարապետ եւ քիչ օրէն կ՛երթան կեսարիա եւ հոն իրենց ուխտը կատարելէն ետք, կը մտնեն նկարիչին գործատունը, ուր պատանին Յարութիւն հիացումով կ՛ըսէ թէ իր երազին մէջ տեսած նկարնէ եւ նկարիչնալ նոյն պատկերը կը նկարէր, այդ օրը հայրը իր զաւակը կ՛անուանէ Մուրատ քանի որ իր փափաքին (մուրատ) հասածէր եւ անկէ ետք անոր անունը կը մնայ Մուրատ եւ ապա Մուրատ վարժապետ, հոն Ս. Կարապետի վանքին մէջ կ՛աշակերտի ժամանակ մը այդ նկարիչին քո, եւ կ՛առաջդիմէ արուեստին մէջ եւ ետքը կը կատարելագործէ Մարսիլիոյ մէջ քանի մը ամիսներ աշակերտելով ճարտար նկարիչիմը քով, որուն պատահած էր հետեւեալ կերպով: Մուրատ լսելով որ իր մօրեղբայրը որ Զմիւռնացի էր, Կիպրոսի մէջ կը բնակի եւ մատակարարնէ տեղւոյն Ֆրանսիական հիւպատոսին, մինակը կը մեկնի կեսարիոյ վանքէն եւ կւ փափաքի տեսնել զանիկայ իրաւ ալ կը գտնէ զայն հիւպատոսին տան մէջ, ուր բացի մատակարարութենէ կը զբաղէր նաեւ տեղական եւ Ֆրանսիական ապրանքներու ներմուծումով եւ արտածումով: Հիւպատոսը տեսնելով կայտառ եւ խելացի պատանին, անոր սիրալիր ընդունելութիւն մը կ՛ընէ եւ կը փափաքի սորվիլ Օսմանեան ձեւով նարտ խաղալ ուստի կ՛առաջարկէ Մուրատի իր պարապ ժամերուն սորվեցնել իրեն: Մուրատ տեսնելով Կիպրոսի եւ Մարսիլիոյ մէջ երթեւեկող վաճառաբարձ նաւերը, փափաք մը կ՛ունենայ Եւրոպայի ու լեւորիլ ու կը խնդրէ հիւպատսէն որպես զի զինքը Մարսիլիա ղրկէ՝ Կիպրոսէն մեկնելիք նաւերէն մէկուն միջոցաւ , հիւպատոսը ընդհունելով անոր խնգիրքը կը հոգայ ճամբու ծախքերը եւ կը ղրկէ զինքը Մարսիլիա: Մուրատ Մարսիլիա հանելով, հոն կը գտնէ պանդուխտ հայազգի վաճարականներ, որոնք կրօնական մխիթարութենէ զրկուած ըլլալնուն.-որովհետեւ ոչ եկեղեցի ունէինեւ ոչ ալ հոգեւրական- կը փափաքէին գէթ լսել եկեղեցւոյ արարողութիւնները, եւ որովհետեւ Մուրատ վարժէր եկեղեցական երգերու, անուշ ձայնով կ՛երգէ արի՛,լոյս զուարթ խորհուրթ խորին եւ ուրիշ շարականներ եւ անոնք յուզումով եւ զմայլանքով մտիկ կ՛ընեն զինքը :Այսպես գիշերները անոնց հետ կ՛անցունէր գիշերները եւ ցերեկներնալ քաղաքը կը պտտէր:Օր մը կը յայտնէ թէ կը փափաքի նկարչութիւն սորվիլ եւ կ՛ուզէ նկարիչ վարպետ մը ունենալ ինչ որ անկարելի կ՛ըլլայ գտնել:
{{Մասնակցի ավազարկղ}}
<!-- ԽՄԲԱԳՐԵՔ ԱՅՍ ՏՈՂԻՑ ՆԵՐՔԵՎ -->
Մուրատ վարժապետ կը սերի Օձնեցի Յովհաննէս իմաստասերէն, ինչպէս որ կ՛աւանդուի որդուց որդի այս ազգատոհմին մէջ եւ ինչպես որ ալ Մուրատ վարժապետ իր կենսագրութիւնը կը սկսի իր մեծ հօրմէն Պօղոս, Ա նկից առաջ ծանօթ արձանագրութիւն չկար այլ աւանդութիւններ: Այս Պօղոս անուն անձը, Ակնայ գիւղերեն մէկուն մէջ ծնած, կ՛երթայ եւ կը բնակի Բերիա իր կնոջ Մարիամ խաթունին հետ, եւ հօն կը սորվի կտաւներու վրայ տպել՝ Կիպրոսի օրինակին նման, որուն պատճառաւ անուանած են զինքը Պասմաճի եւ ոչ թէ Պոյանի ինչպես որ անուանած են Մուրատ Վարժապետի կենսագիրներէն ոմանք: Հոն երեք զաւակ կ՛ունենայ Աբրահամ, Մուրատ եւ Գրիգոր:
Մուրատ, որ գրասէր էր եւ հեզահոգի բնաւորութեամբ, ժանտախտէ կը մեռնի Բիրիոյ մէջ, նոյնպէս Գրիգոր,իսկ Աբրահամ կ՛ամուսնանայ Ագուլեցի Յարութիւն Պայրնի աղջկան Աննաի հետ, ուրկէ կ՛ունենայ երեք զաւակ, առաջինը Յարութիւն՝ Մուրատ մանկութեամբ ծանօթ, Գրիգոր եւ Եղիսաբէթ:
Մուրատ Յարութիւն կը ծնի 1801ին Բիրիոյ մէջ, քիչ ժամանակ ետք իր մայրը մեռնելով, Բիրիոյ մէջ ունեցած տունը կը նուիրէ Բիրիոյ եկեղեցւոյն եւ իր Մուրատ զաւակին հետկը պանդխտի, ինք մեղմ բնութեամբը իր ամէն ազգի բարեկամներուն սիրելին էր: 1828ին, երբ Այնթապ կը գտնուէր իր զաւակին հետ, օր մը իր սիրած մէկ կերակուրը կ՛ուզէ ուտել, ուտելէն ետք կ՛օրհնէ իր Մուրատ զաւակը, կը կտակէ թէ աւանդոււի որդւոց որդի իրեն Օձնեցի Յովհաննէս իմաստասէրի ցեղէն ըլլալնին. (Թէեւ ապացոյցներ կը պակսին) եւ կը մեռնի:
Իր զաւակը Մուրատ, որուն մէկ աչքը մանկութեան ատեն ծաղկի հիւանդութենէն խաթարուած էր, շատ կը փափաքէր նկարչութիւն սորվիլ՝ երբ դերատի մանուկ մըն էր տակաւին, եւ ահա գիշեր մը երազին մէջ կը տեսնէ որ Կեսարիոյ Ս. Կարապետի վանքը գացերէ եւ հոն նկարիչ մը Ս. Կարապետի պատկերը կը նկարէր եւ նկարին աջակողմի անկիւնը Աստուծոյ ձեռքը կ՛երեւէր:
Այս երազը իր Հօրը պատմելով, հայր ու տղայ կ՛ուխտեն երթալ Ս. Կարապետ եւ քիչ օրէն կ՛երթան կեսարիա եւ հոն իրենց ուխտը կատարելէն ետք, կը մտնեն նկարիչին գործատունը, ուր պատանին Յարութիւն հիացումով կ՛ըսէ թէ իր երազին մէջ տեսած նկարնէ եւ նկարիչնալ նոյն պատկերը կը նկարէր, այդ օրը հայրը իր զաւակը կ՛անուանէ Մուրատ քանի որ իր փափաքին (մուրատ) հասածէր եւ անկէ ետք անոր անունը կը մնայ Մուրատ եւ ապա Մուրատ վարժապետ, հոն Ս. Կարապետի վանքին մէջ կ՛աշակերտի ժամանակ մը այդ նկարիչին քո, եւ կ՛առաջդիմէ արուեստին մէջ եւ ետքը կը կատարելագործէ Մարսիլիոյ մէջ քանի մը ամիսներ աշակերտելով ճարտար նկարիչիմը քով, որուն պատահած էր հետեւեալ կերպով:
Մուրատ լսելով որ իր մօրեղբայրը որ Զմիւռնացի էր, Կիպրոսի մէջ կը բնակի եւ մատակարարնէ տեղւոյն Ֆրանսիական հիւպատոսին, մինակը կը մեկնի կեսարիոյ վանքէն եւ կւ փափաքի տեսնել զանիկայ իրաւ ալ կը գտնէ զայն հիւպատոսին տան մէջ, ուր բացի մատակարարութենէ կը զբաղէր նաեւ տեղական եւ Ֆրանսիական ապրանքներու ներմուծումով եւ արտածումով:
Հիւպատոսը տեսնելով կայտառ եւ խելացի պատանին, անոր սիրալիր ընդունելութիւն մը կ՛ընէ եւ կը փափաքի սորվիլ Օսմանեան ձեւով նարտ խաղալ ուստի կ՛առաջարկէ Մուրատի իր պարապ ժամերուն սորվեցնել իրեն:
Մուրատ տեսնելով Կիպրոսի եւ Մարսիլիոյ մէջ երթեւեկող վաճառաբարձ նաւերը, փափաք մը կ՛ունենայ Եւրոպայի ու լեւորիլ ու կը խնդրէ հիւպատսէն որպես զի զինքը Մարսիլիա ղրկէ՝ Կիպրոսէն մեկնելիք նաւերէն մէկուն միջոցաւ , հիւպատոսը ընդհունելով անոր խնգիրքը կը հոգայ ճամբու ծախքերը եւ կը ղրկէ զինքը Մարսիլիա:
Մուրատ Մարսիլիա հանելով, հոն կը գտնէ պանդուխտ հայազգի վաճարականներ, որոնք կրօնական մխիթարութենէ զրկուած ըլլալնուն.-որովհետեւ ոչ եկեղեցի ունէինեւ ոչ ալ հոգեւրական- կը փափաքէին գէթ լսել եկեղեցւոյ արարողութիւնները, եւ որովհետեւ Մուրատ վարժէր եկեղեցական երգերու, անուշ ձայնով կ՛երգէ արի՛,լոյս զուարթ խորհուրթ խորին եւ ուրիշ շարականներ եւ անոնք յուզումով եւ զմայլանքով մտիկ կ