«Մասնակից:Aliiique/Ավազարկղ»–ի խմբագրումների տարբերություն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 9.
Հիւպատոսը տեսնելով կայտառ եւ խելացի պատանին, անոր սիրալիր ընդունելութիւն մը կ՛ընէ եւ կը փափաքի սորվիլ Օսմանեան ձեւով նարտ խաղալ ուստի կ՛առաջարկէ Մուրատի իր պարապ ժամերուն սորվեցնել իրեն:
Մուրատ տեսնելով Կիպրոսի եւ Մարսիլիոյ մէջ երթեւեկող վաճառաբարձ նաւերը, փափաք մը կ՛ունենայ Եւրոպայի ու լեւորիլ ու կը խնդրէ հիւպատսէն որպես զի զինքը Մարսիլիա ղրկէ՝ Կիպրոսէն մեկնելիք նաւերէն մէկուն միջոցաւ , հիւպատոսը ընդհունելով անոր խնգիրքը կը հոգայ ճամբու ծախքերը եւ կը ղրկէ զինքը Մարսիլիա:
Մուրատ Մարսիլիա հանելով, հոն կը գտնէ պանդուխտ հայազգի վաճարականներ, որոնք կրօնական մխիթարութենէ զրկուած ըլլալնուն.-որովհետեւ ոչ եկեղեցի ունէինեւ ոչ ալ հոգեւրական- կը փափաքէին գէթ լսել եկեղեցւոյ արարողութիւնները, եւ որովհետեւ Մուրատ վարժէր եկեղեցական երգերու, անուշ ձայնով կ՛երգէ արի՛,լոյս զուարթ խորհուրթ խորին եւ ուրիշ շարականներ եւ անոնք յուզումով եւ զմայլանքով մտիկ կ