Պորտալ:Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

խմբ. 

Ժամանակակից Արեւմտահայերէն

Արեւմտահայերէնը, ժամանակակից հայերէնի երկու ճիւղերէն մէկն է։ Արեւմտահայերէն կը խօսի սփիւռքահայութեան մեծ մասը, գլխաւորաբար Հիւսիսային Եւ Հարաւային Ամերիկաներու, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Պարսկաստանի հայութիւնը կը խօսի արեւելահայերէն իր ուղղագրական տարբերակով։ Ձեւաւորուած է 19-րդ դարու սկիզբներուն՝ Թրքահայաստանի հայութեան (Պոլսոյ եւ Իզմիրի) բարբառի հիման վրայ։ Վենետիկի Մխիթարեաններն ալ մեծ աշխատանք տարին Արեւմտահայերէնի դասագրքեր պատրաստելով եւ թարգմանելով յունական եւ լատինական գրականութեան գլուխ գործոցները։

Արեւմտահայերէնի հնչիւնական համակարգը զգալիօրէն տարբեր է արեւելահայերէնէն։ Գրութեան մէջ պահելով աւանդական համակարգը՝ արեւմտահայերէնը տարբերութիւն չի ներկայացներ արեւելահայերէնէն եւ կը պահպանէ բոլոր գրանիշները. Սակայն արտասանութեան մէջ կան շարք մը տարբերութիւններ։

Հայերէնի բառապաշարին մեծ մասը թէ՛ ձեւով, եւ թէ՛ բովանդակութեամբ նոյնն է երկու տարբերակներուն համար։ Սակայն կան ձեւիմաստային տարբերութիւններ, որոնք արդիւնք են լեզուական եւ արտալեզուական շատ մը գործօններու։ (մանրամասն...)

խմբ. 

Օրուան լաւագոյն յօդուածներէն օրինակներ

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն երկրորդական գիշերօթիկ վարժարան, Նիկոսիա, Կիպրոս։


Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը սփիւռքահայ կեանքէն ներս մեծ աւանդ ունեցած երկրորդական երկսեռ վարժարան էր մինչեւ 2005 թուականը։ Հիմնուած ազգային անմահ բարերարներ՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու կողմէ, 78 տարիներու ընթացքին բարձր մակարդակի ուսում պարգեւած ու դաստիարակած է մօտ 40 երկիրներէ ժամանած հայ պատանիներ։

Ժամանակագրութիւն

15 Փետրուար 1924-ին հիմնաքարը կը դրուի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան, Նիկոսիայէն 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բլրակի մը վրայ։ Աշխատանքները կը սկսին եգիպտահայ ճարտարապետ՝ Կարօ Պալեանի նախագիծին հիմամբ։

Համալիրը կը համախմբէ զոյգ եռայարկ դպրոցական շէնքեր, բարերարին մենատունը, հիւանդանոց, ուսուցիչներու բնակարաններ, 35 մեթր բարձրութեամբ ջրամբար, խոհանոց,

(շարունակութիւն...)

խմբ. 

Ուիքի Համագործակցութիւն

  • Ուիքիփետիա Արեւմտահայերէն նախագիծը, սփիւռքահայութեան մտահոգութիւնները փարատելու առումով , ձեռնարկեց սոյն նախագիծը` մեր մշակութային արժէքները հանրութեան տրամադրելու արեւմտահայերէնով: Այս նախագիծը առիթ կ'ընծայէ մօտէն ծանօթանալու Հայաստանին, հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին: Մեր նպատակն է սերտօրէն գործակցելով յառաջ տանիլ ազգանուէր ու ազգօգուտ սոյն գաղափարը՝ յառաջիկայ սերունդները կապելու իր ժողովուրդի մշակոյթին հետ:
  • Համագործակցութեան նպատակն է ստեղծել/բարելաւել որեւէ յօդուած՝ թարգմանելով անգլերէն Ուիքիփետիայէն։ Ընտրելով այն բաժինը, զոր կը ցանկաք թարգմանել, ստորագրեցէ՛ք ձեր անունը թարգմանիչի ցանկին մէջ, իսկ աշխատանքը աւարտելէ ետք դրէ՛ք զայն {{արված է}} կաղապարի մէջ։

Կանխայայտ շնորհակալութիւն։

խմբ. 

Օրուան լաւագոյն նկարներէն օրինակներ

Ծաղկող Թոմազինի զաֆրան (Crocus tommasinianus)
խմբ. 

Բնաբանական Գրացանկ

«Արեւմտահայերէն» կատեգորիան չի գտնվել
խմբ. 

Ուղեցոյց

Վիքիբետիայի յօդուածներու խմբագրութիւնը կարելի է այստեղէն սկսիլ։



Քննարկումներու համար մտէ՛ք
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի քննարկումներու մայր-հարթակ

խմբ. 

Նմանօրինակ Նախագիծեր

խմբ. 

Ուիքի Նորութիւններ

Ուիքիփետիան Փետրուարին

  • Փետրուար 2-ին - Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրէն ներս աշակերտներու համար տեղի ունեցաւ Ուիքիի վարժութեան աշխատանքային դասընթացք։
  • Փետրուար 4 եւ 7-ին - Ուիքիմետիա Հայաստանի գրասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ Ուիքիի վարժութեան աշխատանքային դասընթացք` Երեւանի թիւ 20 դպրոցի աշակերտներուն համար։

Ուիքիփետիան Մարտին

  • Մարտ 7-ին - Լիբանան ժամանեց Վիքիմետիա Հայաստանի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան, որ հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանահայ գաղութի կրթական, մշակութային եւ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ՝ ծանօթացնելու Արեմտահայերէն Ուիքիփետիան։

Ուիքիփետիան Ապրիլին

  • Ապրիլ 3-էն 10-ի միջեւ տեղի ունենցաւ Ուիքի դասընթացք՝ Լիբանանի հայ համայնքի կրթական հաստատութիւններու եւ մամլոյ աշխատակիցներուն համար։