Նավասարդեան խաղեր, Հին Հայաստանի տարեմուտի՝ Նաւասարդի տօնակատարութեան ժամանակ կազմակերպուող մարզական մրցումներ էին։ Նաւասարդը հին հայկական տոմարի առաջին ամիսն է և կը յաջորդէ տարուայ վերջին՝ Աւելեաց կոչուած տօնական 5 օրերուն։ Անոր առաջին օրը կը համապատասխանէ օգոստոսի 11-ին[1]։

Նաւասարդի առաջին օրերուն կը կազմակերպուէին ամենաբազմամարդ՝ «համաշխարհական» տօնահանդէսներ։ Ուխտաւորները, ժողովուրդը, զորքը, արքունիքը, իշխանական տուները, հոգեւորականութեանը հանդիսաւոր երթերով կը խմբուէին Տարօն և Բագեւանդ գաւառներու սահմանագլխին՝ սրբազան Արածանի գետի և Նպատ լերան շուրջը, ինչպէս նաեւ վերջինիս ստորոտին գտնուող Բագաւան հեթանոսական տաճարին մէջ՝ տօնելու Նոյ նախահօր և Ջրհեղեղի, Արամազդ աստուածահօր, Անահիտ դիցամօր նուիրական յիշատակները։ Տօնահանդէսներուն ժամանակ տեղի կ'ունենային զոհաբերութիւններ, խրախճանքներ, որսորդական զուարճութիւններ։ Այդ օրերուն կը կազմակերպուէին նաեւ Նաւասարդեան խաղերը, որոնք սովորաբար կը տեւէին մէկ շաբաթ. մարզիկները վազքի, հեռացատկի, սուսերամարտի, ըմբշամարտի, կռփամարտի, նիզականետումի, գնդակախաղի, ձիարշավի և այլ մարզաձեւերու մրցումներ կը կատարուէին , որոնց կ'ընկերանային երգեր ու պարեր։ Սփիւռքահայ բարեգործական և հայրենակցական կազմակերպութիւններն արդէն աւելի քան հինգ տասնամեակ է, որ կը կազմակերպեն նոր Նաւասարդեան խաղեր, որոնց նպատակն է ազգայինի զարթոնքն ու աւանդոյթներու պահպանումը, երիտասարդութեան ռազմահայրենասիրական դաստիարակութիւնը և ազգային միասնութեան գաղափարախոսութեան արմատաւորումը։ Այդ նպատակին կը ծառայեն նաեւ 1999 թուականէն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Համահայկական խաղերը։

Գրականություն Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան, գիրք 1, հատոր 2, էջ 223-224 Ծանոթագրություններ

Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան, գիրք 1, հատոր 2, էջ 223-224